ՄԱՐԴԱԳՐԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները պատճառ դարձան մարդագրական փոփոխութիւններու։ Լիբանանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ պատերազմները տեղի տուին ահռելի երանգներով գրուած գործընթացներու։ Այսպէս, բազմաթիւ վերլուծաբաններ անդրադարձան այդ պատերազմներուն։ Ըստ վերլուծաբաններուն՝ այդ պատերազմները միայն շահերու բախումներէ չէին յառաջացած, այլ անոնց արմատներուն մէջ կար տարածաշրջանէն ներս դիմագիծի փոփոխութեան հարցը, որ մինչեւ մեր ժամանակները կը շարունակուի անվրդով կերպով։ Անշուշտ, այս բոլորէն տուժեցին քրիստոնեայ համայնքները, որոնք Մերձաւոր Արեւելքի ակունքներուն մէջ ունէին իրենց յարգուած դերն ու տեղը։

Սկսեալ Իրաքէն, որ ատենօք կը համարուէր քրիստոնեաներու իսկական երանգապնակ մը, անցնելով Սուրիոյ ամենահեռաւոր կէտերն ու շրջանները եւ յանգելով Լիբանանի ներկայ վիճակին՝ նկատելի է, որ այդ շրջաններէն ամենէն աւելի հեռացան քրիստոնեայ տարրերը։ Այդ տեղաշարժերէն, անշուշտ, իրենց բաժինը ունեցան նաեւ այդ երկիրներուն մէջ ապրող ոչ-քրիստոնեայ տարրերը։ Հարկ է նշել, որ քրիստոնեաներուն չափ մահմետականներն ալ լքեցին իրեց բնօրրանները՝ Իրաքը, Սուրիան եւ Լիբանանը։ Խնդիրը սակայն միայն թուաքանակի հարց մը չէր, որովհետեւ ի տարբերութիւն մահմետական քաղաքացիներուն, քրիստոնեաներու իրենց բնօրրանէն հեռացումը շատ աւելի ծանր ազդեցութիւն ունեցաւ նշեալ երկիրներու մարդագրական ընդհանուր պատկերին վրայ։

Մերձաւոր Արեւելքէն քրիստոնեայ տարրերու հեռացումը վերջ չունի՝ պայմանաւորուած առկայ քաոսով։ Արիւնահոսումը այսօր ալ կը շարունակուի, որովհետեւ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի վիճակը այնքան բարդ ու մոխրագոյն է, որ մարդիկ չեն կրնար յստակ պատկերացում մը կազմել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ վաղուան օրը։

Հայութիւնը նոյնպէս նօսրացած է եւ տարածաշրջանի երկիրներէն գաղթը կը շարունակուի նկատելի չափով։ Սոյն գաղթերը մեծ հարուած են՝ ի մասնաւորի այն գաղութներուն համար, որոնք տակաւին կը շարունակեն համարուիլ մայր գաղութ։ Այս բոլորին զուգահեռ տխուրը այն է, որ հայութիւնը եւ յատկապէս՝ Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան ղեկավարութիւնը ո՛չ միայն չունի յստակ պատկերացումներ, այլեւ յաճախ հասկնալի հանգամանքներով դարձած է լուռ վկայ մը։

Մինչ այդ, կը հայաթափուին նաեւ Լիբանանի հարաւի արուարձանները, որոնք մօտիկ անցեալին կը համարուէին հայութեան բաբախող սրտին երակներէն։ Յետ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին՝ շատ բան փոխուեցաւ այդ երկրէն ներս։ Լիբանանը ապրեցաւ բաժանումի մը հոլովոյթը, որ խորքին մէջ շինծու էր։ Մութ ուժեր, որոնք մահուան ու արեան որոգայթին մէջ նետեցին գողտրիկ Լիբանանը, կերպով մըն ալ յաջողեցան իրենց նպատակներուն մէջ։ Հայութիւնը նոյնպէս նօսրացաւ. աւելի՛ն, բացի Պէյրութի, լեռնալիբանանի եւ Պեքաայի Այնճար հայաւանէն, երկրի հարաւային եւ նոյնիսկ հիւսիսային շրջաններուն մէջ կայք հաստատած հայերը կա՛մ հեռացան կամ ալ ստիպուած եղան լքելու իրենց ծննդավայրը։ Այդ հայութեան կարեւոր մէկ հատուածը կ՚ապրէր Լիբանանի հարաւային շրջաններուն՝ ի մասնաւորի Սայտա եւ Սուր քաղաքներուն մէջ, իսկ այդ բոլորին վկան, անշուշտ, Սայտայի պաղեստինեան Ռաշիտիէ շրջանին մէջ կանգնեցուած հայկական եկեղեցին էր։ Եկեղեցի մը, որ հաւանաբար ունեցած էր իր գողտրիկ համայնքն ու աշխուժութիւնը, որն այսօր համարեա վերածուած է աւերակի։ Ինչ խօսք, որ կեանքի մեծ բովին ու հոլովոյթներուն մէջ հայութիւնը դանդաղօրէն ի սպառ կը կորսնցնէ իր հետքերը Մերձաւոր Արեւելքի այնքան եռուն եւ ազդեցիկ ափերուն մէջ։

Միւս կողմէ, Սերոբ Սամուէլ Գիզիրեանի յօդուածը, որ հրատարակուած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, լոյսին կը բերէ հայութեան երբեմնի ներկայութիւնը տարածաշրջանէն ներս։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Գիզիրեանի յօդուածը.

«Ամիսներ առաջ Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած մտերմիկ հանդիպումի մը ընթացքին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան յայտնեց, թէ հարաւային Լիբանանի Սուր քաղաքին կից գտնուող Ռաշիտիէ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ գոյութիւն ունի հայկական եկեղեցի մը, որուն մասին համարեա ոչինչ գիտենք:

Հակառակ այն իրողութեան որ հայրս ու ես Հարաւային Լիբանանի մէջ ծնած ու մեծցած ենք, մինչեւ օրս լսած չէինք այս յուշարձանին մասին: Ուստի, առաջնորդ սրբազան հօր փոխանցած հակիրճ նշմարները պատճառ հանդիսացան, որ մեր մէջ արթննայ մեր գաղթական անցեալէն մնացած այս մասունքը փնտռելու եւ յայտնաբերելու կամքը:

Արդարեւ, հակառակ Հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայիս տիրող պատերազմական անապահով պայմաններուն, երեքշաբթի, 25 յունիս 2024-ին, հօրս` Սամուէլ Գիզիրեանին հետ ուղղուեցանք դէպի Ռաշիտիէ գաղթակայան: Նախօրօք կապ հաստատած էինք լիբանանեան բանակի ապահովական պատասխանատուներուն հետ, որոնք, իմանալէ ետք մեր բարի դիտաւորութիւնը, պատրաստակամութիւն յայտնած էին ոչ միայն ապահովել մեր երթեւեկը, այլ նաեւ գաղթակայանի ներքին ապահովութեան հսկող պաղեստինեան ուժերուն հետ համադրել գաղթակայան մեր ապահով մուտքն ու ելքը։

Եւ այսպէս, լիբանանեան բանակի ապահովական ուժերուն ընկերակցութեամբ հասանք գաղթակայան, ուր մեզ սիրով ու յարգանքով դիմաւորեցին պաղեստինեան ապահովական ուժերու ներկայացուցիչները:

Ռաշիտիէ գաղթակայանի հին բաժինը, որ հայ գաղթականներուն յատկացուած էր ֆրանսական հոգատար կառավարութեան կողմէ՝ 1930-ական թուականներուն, եւ ուր կը գտնուի եկեղեցին, մօտաւորապէս մէկ քիլօմեթր հեռու էր մեր հանդիպման կէտէն: Հետեւաբար, մեր ճամբան շարունակեցինք պաղեստինեան ապահովական ուժերու ընկերակցութեամբ եւ ի վերջոյ հասանք եկեղեցի, որուն մուտքին մեզի կը սպասէին գաղթակայանի ապահովական մարմնի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները:

Սիրալիր ու ջերմ էր ընդունելութիւնը եւ հայութեան նկատմամբ յարգալից ու եղբայրական էին անոնց արտայայտութիւնները: Անոնք ծանօթ էին մեր ժողովուրդի պատմութեան ու գիտէին, թէ իրենցմէ առաջ հալածուած հայ ժողովուրդի բեկորներն ալ անցած էին այստեղէն ու իրենց քրտինքով այս ճախճախուտ տարածութիւնը վերածած էին բնակավայրի:

Անոնք գոհունակութեամբ յիշեցին, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ շրջանին մէջ ներկայիս հայեր չկան, անցնող տասնամեակներուն, կողքին գտնուող նորակառոյց մզկիթին նման, յարգանքով պահած ու պաշտպանած են եկեղեցւոյ կառոյցը, որովհետեւ կը հաւատան իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան:

Եկեղեցւոյ հիւսիսային կողմէն կ՚անցնի գաղթակայան տանող մայրուղին, իսկ շուրջբոլորը գտնուող տարածքը ենթակայ է գաղթակայանի ապահովութեան հսկող ուժերու հակակշիռին:

Պահը յուզիչ է: Կը դիտեմ շուրջս:

Հակառակ ժամանակին պատճառած մաշումին, հակառակ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին գաղթակայանին մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն ու հակառակ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուած մեծ վնասներուն, ճահճային այս հողին վրայ հայ բանուորներու ու ճարտարապետներու հնարքներով շինուած քարապատ եկեղեցւոյ կառոյցը տակաւին կանգուն է:

Եկեղեցի մտանք համարեա ծունկի` ետեւի պատին վրայ գոյացած ճեղքէ մը, որովհետեւ եկեղեցւոյ գլխաւոր մուտքը փակուած էր երկաթեայ դուռով: Հասկնալի պատճառներով, բոլոր պատուհանները անպաճոյճ ձեւով փակուած են աղիւսով կամ փայտէ փեղկերով: Ներքին պատերուն մեծ մասը, ներառեալ խորանի բաժինը, ծեփուած են, սակայն այնտեղ չեն երեւիր սրբապատկերներ կամ այլ քրիստոնէական խորհրդանշաններ:

Ապահովական պատճառներով, չկրցանք եկեղեցւոյ ներքնամասը նկարել ու նաեւ կարելի չեղաւ տանիք բարձրանալ:

Այցելութիւնը աւարտած էր: Պաղեստինեան ապահովական պատասխանատուներուն մեր շնորհակալութիւնները յայտնելով, հրաժեշտ տուինք գաղթակայանին եւ միացանք գաղթակայանի մուտքին մեզի սպասող լիբանանեան բանակի պատասխանատուներուն:

Գացինք, քալեցինք մեր գաղթական ժողովուրդին անցած ուղիներէն ու մեզի ժառանգ մնացած կիսաւեր եկեղեցւոյ մէջ մեր նախնիներուն յիշատակով օրհնուեցանք»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2024