Ուրբաթ 22, Նոյեմբեր 2024
«ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱՂԱՂ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ ԿՐՆԱՅ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԻԼ»
Վրաստանի քաղաքական թետարաբեմի առանցքային դէմքերէն Պիծինա Իվանիշվիլի յայտարարեց, որ երկրի տարածքային ամբողջականութեան խաղաղ ճանապարհով վերականգնման հնարաւորութիւնը կրնայ յառաջանալ որեւէ պահ։
Ամսավերջին նախատեսուած ընտրութեան ընդառաջ Պիծինա Իվանիշվիլի ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պաթումի մէջ։ Ան հիմնադիրն ու պատուոյ նախագահն է «Վրացական երազանք» կուսակցութեան, որ ներկայիս երկրին մէջ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի։
«2008-ին դուրսի ուժերու ցուցումով կոպտօրէն կտրուեցան օսերու եւ աբխազներու միջեւ վսհատութեան տկար թելերը, աւելի հեռացան մեր ժողովուրդները իրարմէ եւ խորացուցին առկայ բացը։ Այդ բացը կարելի է լրացնել միայն փոխըմբռնմամբ, սեփական գործողութիւններու գիտակցութեամբ եւ իրարու ձեռք երկարելով», ըսաւ ան։
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2024