ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ «ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ՀՆԳԵԱԿ»Ի ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի առաջին կոմիտէի նիստերու շրջանակներէն ներս նախատեսուած է «Միջուկային հնգեակ»ի հանդիպումը։ Երբ ներկայիս Արեւմուտք-Ռուսաստան բեւեռացումը կը բնորոշէ միջազգային օրակարգը, այս ձեւաչափով նախատեսուած ժողովը արդէն դարձած է ուշագրաւ։ Կը հաղորդուի, որ այդ հանդիպումը յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին տեղի կրնայ ունենալ։ «Միջուկային հնգեակ»ին մաս կը կազմեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստան, Անգլիա, Չինաստան եւ Ֆրանսա։
«Համապատասխան շփումները տեղի կ՚ունենան Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի առաջին կոմիտէի շրջանակէն ներս։ Յստակ օրերը չեմ գիտեր, բայց սա յառաջիկայ երկու շաբթուան հարցն է», լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սերկէյ Ռիափքով։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան յաջողութիւն մաղթեց Չինաստանին, որ ստանձնած է «Միջուկային հնգեակ»ի համակարգողի պարտականութիւնները։ Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը վստահեցուց, թէ Փեքին կրնայ յոյս դնել Մոսկուայի աջակցութեան վրայ դժուար ժամանակներուն։
Բաց աստի, Ռիափքով յոյս յայտնեց, թէ Արեւմուտքի երեք երկիրները գոնէ քիչ մը աւելի շինիչ դիրքորոշում որդեգրեն։ 2023-2024 թուականներուն «Միջուկային հնգեակ»ի ձեւաչափի համակարգողը Ռուսաստանն էր։