ԵՐԿՈՒ ՆԿԱՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ - 2
Մեր վայրին մէջ կը գտնուէր հազարաւոր դպրոցներէն եւ եկեղեցիներէն մին, որ մանկութեան բացակայութիւնը թաքնօրէն կը բարձրաձայնէր ու տիեզերական ամենամեծ առաքելութեան հետ կը մրցէր։ Ան կարծես գրեթէ վերջնականապէս երկնայինը պիտի հատուցէր երկրայինին: Իսկ եկեղեցիին նկարը՝ «դժոխք-դրախտ-քաւարան» պզտիկցած տիեզերքով ինծի հազարումէկ դող ու թողութիւն, սլացք ու վերացում, կրօնազարդարում ու կրօնազերծում, մարդկայնացած աստուածացում ու հակառակը տուած էր կարծես: Անգամ մը մեր սիրելի հայերէնի ուսուցչուհիներէն մէկը (օրիորդ Անի Յովակիմեան) զիս իր մօտ կանչեց ու ըսաւ․
-Միասին, ես եւ դուն եկեղեցի պիտի երթանք:
Ես այլայլեցայ, բայց, կամակատարօրէն ու հաճոյացած նոյնիսկ չհարցուցի պատճառը մեր առանձին հոն երթալուն, ի միջի այլոց մինչեւ հիմա ալ չեմ հարցուցած օրիորդ Անիին այդ այցելութեան պատճառը։ Եւ քանի որ առջեւի դուռէն մտանք եկեղեցի, դիւրաւ տեսանելի չէր «դժոխք-դրախտ-քաւարան» նկարը, ես անմիջապէս հոն չտեղափոխուեցայ, այլ մնացի եկեղեցիի ընթացիկ ու դասական ազդեցութեան տակ: Ամենայատուկ ու յաւերժական այցելութիւններէս մին էր Քառասուն Մանուկ եկեղեցի եւ այդ կը պարտիմ օրիորդ Անիին։ Վստահաբար, ան ալ գիտէր պատկերի ազդեցութեան մասին եւ հաւանաբար ուզեց անուղղակի յարդել շատ մը բաներ կա՛մ ուրիշ աշակերտներ ալ անհատաբար տարած էր եկեղեցի, չեմ գիտեր: Կը յիշեմ՝ մենք նկարին տակը կամ մօտիկ չնստանք, այլ խորանին քովն էինք: Ինչո՞ւ համար այս այցելութիւնը կապակցեցի նկարին հետ, քանի օրիորդ Անիէն կը սպասէի արտայայտութեան մը նկարին մասին, բայց չեղաւ այդ խօսքը, իսկ իմ չհարցնողի բնաւորութեամբ՝ երբեք չհարցուցի նկարին մասին:
Խորանին ձախակողմը կը գտնուէր «դժոխք-դրախտ-քաւարան»ը, զոր տեսնելու համար պէտք էր ձախ թեքուիլ։ Առաջին հայեացքով նկարին մէջ կ՚երեւէր սատանան, որ բազմած էր ներքեւի մասը եւ ընդհանուր նկարին հիմնական դէմքն էր, հակառակ վերի մասի Աստուծոյ եւ Քրիստոսի ներկայութեան ալ, որոնք առքայութեան մէջ բազմած էին։ Սակայն ամենասպառնալիցը սատանան էր մեզի համար ու Քրիստոսի եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը անվերապահ չէին ամոքեր սատանային շատ մը գիշատիչութիւնները:
Այս կէտին կրնամ ըսել, որ մարդկային ընթացքը իր մէջ ունի այն իւրայատկութիւնը, որ եթէ վաղն ու գալիքը իրենց անյապաղութիւնը չպարզեն եւ անցեալապաշտութիւնը մնայ գերակայ, տեղ մը կեանքը տառապալից կը թուի: Իսկ անհատի ամենամեծ մղումը նոյն իր տարբերակին աւելի լաւ կերտումին հասնելու մէջ կը կայանայ։ Կեանքի ընթացքին կատարուած կամ չկատարուած իրականութեամբ, որ մշտական մխիթարութեան հետք կը թողու հոգիին վրայ այն պատգամով թէ՝ «Ես այսօր աւելի լաւ եմ քան երէկ, ես հիմա աւելի հասուն եմ, աւելի կեանքը հասկցող, աւելի կեանքին հետ հաղորդակից, ու փոխադարձաբար անձս կ՚առաջնորդեմ այն համոզմամբ, թէ ընդհանուր մարդկային ու իմ կեանքս աւելի ընդունած է զիս։ Քանի նախ աւելի ապրեցայ եւ երկրորդ՝ միայն ես չհասկցայ կեանքը, այլ ան զիս տեսակ մը աւելի խորապէս պարուրեց»։ Եթէ անցեալին աւելի լաւն էինք, այդպէս մեր շերտաւորումները, ճեղքերն ալ կը շատնան ու մենք վայրկենապէս պատմականութիւններով կը բանինք, այդ պարագային, այո՛, կեանքի վաւերականութիւնը կերտելու ընթացիկ-տարերային մեծ յանձնառութենէն կ՚ազատինք կամ կը վանենք զայն, բայց այդ մէկը մեզի չի տար պահային ու ապագայապաշտական ապրում ու ապրուածութիւն, լինելութիւն եւ սլացք: Հաւանաբար, միակ ժամանակը՝ երբ այս ընկալումը կ՚անհետի, այն ալ մանկութեան կերտած յաւերժական ժամանակն է: Մանուկ ըլլալը բացի ինքնին յաւերժական ձգտում ըլլալէ, յաւերժական կեցուցակարգ մըն է, ուր մարդ ապագայացումով կը մարմնանայ ամենաջինջ անմեղութեան ու բնականութեան հոգիով, որ կը կոչուի՝ տիւ ու յաւերժ մանկանալ կամ ինքնին մանուկ մնալ: Բոլորս յետահայեացով կը տառապինք մանկամոլութենէ մը, անշուշտ, գիտենք, որ անգիտակից էինք, չհասկցող, խոցելի եւ լիուլի չըմբոշխնող, բայց վստահ էինք, որ հոն էր ամենաարդար ու առաքինի-բացարձակութեան տանող բիւրեղեայ մեր հոգեկերտուածքը: Մանուկ ըլլալը միայն ժամանակի կարօտ չէ, այլ հոգեկերտման սլացք։ Մանկութիւնը յաւերժ անհասանելի թուացող մանուկ մնալու ապրումի կողքին, նոյնպէս յաւերժ ապրեցուող ու ապրեցնող է։ Ան քաղցր է ու փափաքելի եւ մեր կայացման դրժում չի բերեր, այլ մեզ աւելի կը հասունցնէ, հակառակ իր անցեալ խաղ մը կամ անցեալ ըլլալուն: Բոլորս մանուկներ ենք ու կ՚ուզենք մանուկ ըլլալ եւ այն պահը, երբ գիտակցինք, թէ այդպէս չենք, ձեւով մը արդէն տարօրէն մենք մեզ լուծած կը զգանք:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շարունակելի…
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024