ԼՐՋՈՒԹԵԱՄԲ ՈՒ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ
Կազզէի պատերազմը պիտի շարունակէ հրատապ օրակարգ մնալ Ուաշինկթընի վարչամեքենային համար։ Յստակ է, անշուշտ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կերպով մը հաստատակամ կը մնայ այս երկարամեայ հակամարտութեան լուծման համար իր առաջարկներուն գծով։
Բաց աստի, դէտեր, որոնք մօտէն կը հետեւին իրադարձութիւններուն, զանազան առիթներով յայտարարած են, թէ ի հեճուկս ԱՄՆ-ի մօտեցումներուն, այսօր Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութիւնը այլեւս անհնար է լուծել երկու պետութեանց ձեւաչափով։ Ի հարկէ, կան զանազան պատճառներ եւ գետնի վրայ բացայայտ փոփոխութիւններ, սակայն, մինչեւ այս պահը ամերիկեան այդ ծրագրին այլընտրանք առաջարկներ գրեթէ չկան։
Ամբողջ աշխարհ կը կարեկցի պաղեստինցիներուն, որոնք յստակ ու բացայայտ կերպով մեծ նախճիրի մը զոհն են արդէն, բայց եւ այնպէս, նոյն այդ կարեկիցները ոչինչ կրնան ընել՝ վայրկեան առաջ դադրեցնելու համար ջարդերը, որոնք ամէնօրեայ դրութեամբ կը շարունակուին։
Նոյն տրամաբանութեամբ եթէ քննարկենք ԱՄՆ-Իսրայէլ յարաբերութիւնները, որոնց կապակցութեամբ եւս այլընտրանքներու մասին խօսիլը ընդհանրապէս աւելորդ է։ Որովհետեւ, թէեւ ԱՄՆ շատ լաւ ըմբռնած է Նեթանիյահուի այլեւս անպիտան գործիչ մը համարուիլը (այս մէկը համայն աշխարհին տեսակէտէ), սակայն, անոր բոլոր սխալներով եւ սայթաքումներով հանդերձ, Ուաշինկթընին համար անկէ աւելի անփոխարինելի գործիչ մը կամ գործընկեր մը չկայ։
Այս մէկը բարդ նիւթ մըն է ԱՄՆ-ի գործընկերներուն համար, որոնք կը բաժնեն անոր քաղաքակրթական մօտեցումները։ Ուաշինկթըն կը շարունակէ անվրդով համոզմունքով իր բացայայտ եւ ամենակարեւորը՝ գործնական նեցուկը ցուցաբերել Նեթանիյահուին, որուն մասին ի հեճուկս բողոքի ձայներ կը բարձրանան զանազան կողմերէ։
Անշուշտ, կարեւոր հարցը այն է, որ ԱՄՆ-ի մէջ յառաջիկային տեղի ունենալիք գործընթացները ընդհուպ՝ նախագահական ընտրութեան օրակարգը, ձեւով մը պիտի ազդուի Կազզէի պատերազմի ընթացքէն։ Այս կէտին կը շեշտուի ո՛չ միայն ԱՄՆ-ի կողմէ Իսրայէլին կատարուած նեցուկին, այլեւ իր կրած հարուածներուն մասին։
Բաց աստի, երբ համայն աշխարհ ցաւով եւ վիշտով կը հետեւի Կազզէի սպանդներուն, նախճիրին ու ոճիրներուն, ԱՄՆ լուռ հայեացքով պարզապէս հանդարտութեան կա՛մ լաւագոյն պարագային կրակը դադրեցնելու մասին կը յղէ կոչեր, որոնք կ՚ըլլան երկու կողմերուն համար։ Հաւասարութեան նշան դնելը, յանուն հին դաշնակցութեան լսելի դարձող տեսակէտներն ու դիրքորոշումները՝ ԱՄՆ-ը կողմ կը դարձնեն այս իրադարձութիւններուն։ Մինչ այդ, նոյնիսկ ամերիկացիները ունին այն համոզումը, թէ ինչ որ ալ ըլլան յառաջիկայ պայմանները՝ ԱՄՆ պիտի շարունակէ զօրակցիլ Իսրայէլին։
Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի ընտրութեան ընդառաջ թէ՛ Քամալա Հարիսի եւ Տանըլտ Թրամփի տեսակէտէ Նեթանիյահուն կը մնայ «միակ» տարբերակը։ ԱՄՆ-ի յառաջիկայ նախագահը պիտի չփոխէ իր կեցուածքը Իսրայէլի հանդէպ։ Այսինքն, ԱՄՆ պիտի շարունակէ զօրակցիլ Նեթանիյահուին։ Բացայայտ է, թէ ամերիկեան քաղաքական վերնախաւին մօտ կայ այն տեսակէտը, որ Իսրայէլի հասարակութիւնը ներկայ եւ ապագայ փուլերուն չունի իրական ուժ մը՝ Նեթանիյահուն տուն ղրկելու համար։ Անշուշտ, այս մէկը կ՚ազդէ ու դեռ ալ պիտի շարունակէ ազդել ամերիկեան որոշումին վրայ։
Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք ու վերադառնալով ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններուն՝ հարց կը ծագի, թէ արդեօք ո՞ր նախագահի թեկնածուն աւելի լուրջ, աւելի ծրագրուած եւ աւելի հեղինակաւոր տեսակէտներ ունի արդէն իսկ կարմիր գիծերը հատած հակամարտութեան կապակցութեամբ։ Հարի՞ս, թէ Թրամփ։ Արտաքին ճակատի տարրեր կան այդ հարցման մէջ, որ կը զբաղեցնէ նաեւ ամերիկեան հասարակութիւնը։ Ի վերջոյ, յայտնի է, թէ ԱՄՆ պիտի չլքէ իր հաւատարիմ դաշնակից Իսրայէլն ու անոր ձախողած առաջնորդ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Այս բոլորին զուգահեռ, արդեօք կարելի՞ է ամերիկեան կողմին մօտ փոփոխութիւն մը։
Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի մօտեցումներուն կապակցութեամբ կարեւոր է ամերիկեան լրատուական միջոցներուն մէջ հրապարակուած նիւթերը։ Ըստ «Պլումպերկ»ի՝ Հարիս պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը Իսրայէլին։ Գործակալութիւնը այս մասին կատարած է հրապարակում մը, ուր մասնաւորապէս կը շեշտուի, թէ ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ֆիլիփ Կորտըն հաստատած է, որ Հարիս չ՚աջակցիր Իսրայէլին զէնք առաքելու դադրեցման գործընթացին։ «Հարիս չի պաշտպաներ դէպի Իսրայէլ զէնքի հոսքի արգելքը: Ան չ՚աջակցիր Իսրայէլին զէնքի մատակարարումներու դադրեցման, որպէս ճնշումի գործիք դադրեցնելու համար Կազզէի պատերազմը: Ան պիտի շարունակէ աշխատիլ Կազզէի հատուածին մէջ խաղաղ բնակիչները պաշտպանելու եւ միջազգային մարդկանց իրաւունքին աջակցելու։ Յառաջադէմ դեմոկրատականները փորձած են ճնշել Հարիսի վրայ, որպէսզի ան Կազզէի պատերազմի վերաբերեալ աւելի հաստատակամ դիրքորոշում մը որդեգրէ քան նախագահ Ճօ Պայտընը, որ հեռացաւ նախագահական ընտրապայքարէն եւ Հարիս դարձաւ դեմոկրատականներու նոր թեկնածուն: Հակառակ դեմոկրատականներու փորձերուն, Հարիս երբեմն օգտագործած է աւելի ուժեղ հռետորաբանութիւն քան Պայտընը։ Ինչ կը վերաբերի Կազզէի հատուածին մէջ մարդասիրական ճգնաժամին, սակայն ան չէ շեղած Իսրայէլին աջակցելու ջանքերէն», կ՚ըսէ Կորտըն:
Իր կարգին, «Times of Israel» թերթը յայտնած է, որ Հարիս մտադիր չէ յառաջադէմ կողմնակիցներուն հետ քննարկել Իսրայէլի զէնքի սահմանափակումը, այլ ան միշտ պիտի աշխատի ապահովել Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի կեդրոնանայ հրադադարին եւ գերիներու փոխանակման համաձայնութեան վրայ։ «Յատկանշական է, որ Ուաշինկթըն Իսրայէլի ռազմական եւ քաղաքական ամենամեծ աջակիցն է, մասնաւորապէս Կազզէի հատուածի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու բռնկումէն՝ 2023 թուականի հոկտեմբերի 7-էն ի վեր, որու հետեւանքով զոհուած եւ վիրաւորուած են աւելի քան 131 հազար պաղեստինցիներ, որոնց մեծ մասը երեխաներ եւ կանայք են, նաեւ կան աւելի քան 10 հազար անյայտ կորսուածներ, նաեւ զանգուածային աւերներ, սով, հիւանդութիւններ եւ համաճարակներ», գրած է թերթը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024