ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶԻՆԱՆՈՑԻ ՀԻՆ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՍԱՐՔԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐԸ Կ՚ԱՐԴԻԱԿԱՆԱՑՈՒԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՈՂՄԷ
Ատրպէյճան կը շարունակէ պաշտօնական բնագաւառէն ներս սերտօրէն համագործակցիլ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ։ «Forbes»ի հաղորդումներով, Թուրքիան ու Իսրայէլը կ՚արդիականացնեն Ատրպէյճանի զինանոցի՝ Ռուսաստանի կողմէ արտադրուած հին ռազմական սարքաւորումները։ Անցեալ ամիս Պաքուի մէջ կազմակերպուած ADEX ռազմարդիւնաբերութեան տօնավաճառի արդիւնքներուն հիման վրայ ի յայտ կու գայ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Իսրայէլ առանցքի համագործակցութիւնը։ Արդարեւ, եռօրեայ այդ հաւաքի ընթացքին Ատրպէյճան ի ցոյց դրած էր՝ տակաւին 1950-60-ական թուականներուն արտադրուած, սակայն, այժմ արդիականացուած ռազմաօդանաւեր, հրասայլեր եւ այլ ռազմական սարքաւորումներ, որոնք խորհրդային ժամանակաշրջանին արտադրուած են, իսկ ներկայիս արդիականացուած են վերոյիշեալ եռակողմանի համագործակցութեան շրջանակներէն ներս։
«Այդ բոլորին արդիականացումը թոյլ կու տայ, որ Ատրպէյճան կ՚ուզէ պահել իր հին զինանոցը՝ նոյնիսկ այն պարագային, երբ կը համալրէ իր բանակը Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ժամանակակից, յառաջատար անօդաչուներով ու Փաքիստանի կործանիչներով», կը մատնանշէ «Forbes»ը։