ՓՈՒԹԻՆ-ՓԵԶԵՇՔԻԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՇԽԱՀԱՏԻ ՄԷՋ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան երէկ հանդիպում մը ունեցան Աշխապատի մէջ, ուր կը գտնուէին Թիւրքմենիստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած՝ «Ժամանակներու եւ քաղաքակրթութիւններու փոխկապակցուածութիւնը. խաղաղութեան եւ զարգացման հիմք» խորագրեալ միջազգային ֆորումին։ Երկու ղեկավարները առաջին հերթին պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ քննարկումներ ծաւալեցին, իսկ աւելի վերջ իրենց շփումնը շարունակուեցաւ առանձնազրոյցի ձեւաչափով։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին արձանագրուեցաւ, որ Մոսկուայի եւ Թեհրանի սկզբունքներն ու դիրքորոշումները իրարու մօտ են՝ միջազգային հրատապ օրակարգի խնդիրներուն կապակցութեամբ։ Ուստի, անոնք բազմաթիւ կարեւոր հարցերու շուրջ իրարու շատ մօտ գնահատականներ ունին։ Բաց աստի, Փութին Փեզեշքիանը հրաւիրած է պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Ռուսաստան։
ԱՄՆ-Ի ՎՐԱՅ ՃՆՇՈՒՄ
Միւս կողմէ, «Ռէօյթըրզ» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պարսից ծոցի երկիրները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կը յորդորեն՝ ետ պահել Իսրայէլը Իրանի նաւթի արտադրութեան կառոյցներուն հարուած հասցնելէ։ Ըստ աղբիւրին, Պարսից ծոցի երկիրները Ուաշինկթընի վրայ այս ճնշումը կը գործադրեն՝ քանի մտահոգութիւն ունին, թէ իրենց իսկ քարիւղի արտադրութեան կառոյցներն ալ կրնան յայտնուիլ Թեհրանի աջակիցներու հարուածին տակ, եթէ տարածաշրջանէն ներս հակամարտութիւնը սրուի։