ՀԱՆՔԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՏԸ

Հայաստանի մէջ հանքարդիւնաբերութեան դաշտէն ներս արդիական լուծումներ գտնելը այսօր կը համարուի առաջնահերթութիւն։

Հայաստանի նոյն ոլորտի յառաջատարը՝ Զանգեզուրի պղնձամոլիւպտենային գործարանը ո՛չ միայն այդ ոլորտի յառաջատարն է, այլեւ կը շարունակէ արդիական լուծումներ ապահովել եւ նորաձեւ մօտեցումներով խթանել հանքարդիւնաբերութիւնը։

Հայաստանի պարագային առաջնահերթութիւն դարձած է՝ այս հեռանկարային ոլորտի հարցերուն արդի լուծումներ գտնելը։ Կ՚ակնկալուի, որ գործառոյթները կապ ունենան յատուկ կազմակերպութիւններու աշխատանքին հետ՝ արդիւնքի հիման վրայ քաղաքականութեան մշակման համար։

Բաց աստի, Հայաստանի տարածքային կառոյցներու եւ ենթակառոյցներու փոխ-նախարար Յովհաննէս Յարութիւնեանի հետ կատարուած է հարցազրոյց մը, ուր անդրադարձած է հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին զուգահեռ կառավարութեան մշակած ծրագիր-գործելաոճին ու այդ դաշտէն ներս այնքան կենսական հանքագործ-մետաղագործ յարաբերութիւններուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Յովհաննէս Յարութիւնեանի հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Ի՞նչ է վիճակը ներկայիս հանքարդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս։

-Մինչեւ 2023 թուական հանքագործութիւնը յստակ ուղեգիծ չունէր: 2023 թուականի մայիսին կառավարութիւնը հաստատեց հանքագործութեան ոլորտի զարգացման ուղեգիծ եւ անկէ բխած աշխատանքներու ծրագիր՝ շրջակայ միջավայրին վրայ ունեցած ազդեցութեան վտանգներու կանխարգիլում, բանուորներու ընկերային հարցերու լուծում, առողջութեան պահպանում, արդիական արհեստագիտական մեթոտներու կիրառում, որոնք կը միտէին բարելաւել Հայաստանի հանքագործութեան ոլորտը: Այս մէկը աշխատանքի յստակ եւ կարեւոր ծրագիր մըն է, որ կը սահմանէ կառավարութեան եւ անոր բաժանմունքներուն գործելակերպը մինչեւ 2035 թուականը։ Այս մէկը կը նշանակէ՝ նոր չափանիշներ ներառել ու բարելաւել հանքագործութեան ոլորտը:

Հանքագործութիւնը շրջանային ասպարէզ է եւ այս պահուն ամբողջ աշխարհ հետաքրքրուած է ինչպէս պղինձով, նոյնքան ալ տարբեր հանքանիւթերով. ինչպէս՝ լիթիում եւ մակնէզիում, որոնք կարելի է օգտագործել կուտակիչներու եւ ելեկտրական կառքերու մէջ: Այս հանքանիւթերուն նկատմամբ ներկայիս մեծ հետաքրքրութիւն կայ:

Պղինձի եւ մոլիւպտենի գիները կը բարձրանան, անոր զուգահեռ կ՚աւելնայ նաեւ պահանջը այս մետաղներուն նկատմամբ եւ այս բոլորին զուգահեռ նոր հանքավայրերու յայտնաբերման ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին: Բայց, համաշխարհային շուկայի գիներու աճին իբրեւ հետեւանք կը յառաջանան հետեւեալ հարցումները. արդեօք պետութեան ստացած գումարները արդա՞ր կը բաժնուին պետութեան եւ հանքը օգտագործող գործարկուին միջեւ, արդեօք սատարող ընկերութիւնները արդարացի գումարներ կը ստանա՞ն։

-Հանքը օգտագործողներուն համար հաւասար կանոններ սահմանուա՞ծ են:

-Նախագիծի քննարկումներուն ընթացքին հանքագործներուն կողմէ միայն դրական արձագանգներ լսած եմ: Առեւտուրն ալ նոր չափորոշիչներու ներդրումէն ետք նոր կենսագործում ստացած է: Ուղեգիծը կանխատեսելիութիւն կ՚ապահովէ եւ այս ամենակարեւորն է։ Հանքագործութեան ոլորտը երկարաժամկէտ առեւտուր է, պէտք է շուկան ապահով զգայ: Երբ կանխատեսելիութիւնը յստակ է, ապա տնտեսավարողը գիտէ` ինչպէս պէտք է աշխատի, ամէն ամիս օրէնքները փոփոխութեան չեն ենթարկուիր։ Բացի այդ, մետաղի հանքեր օգտագործողները շատ լաւ գիտեն, որ իրենց համար նոյնպէս կարեւոր է չափանիշներու պահպանումը, որովհետեւ գանձատրական կամզակերպութիւնները, որոնց հետ կ՚աշխատին ներդրումներ ներգրաւելու, խտանիւթը վաճառելէն շատ աւելի կարեւոր է: Հանքագործ եւ մետաղագործ կը սահմանեն սկիզբ մը, որուն մեծ մասը արդէն տեղեակ կ՚ըլլայ նոր չափանիշներէն։

-Որքա՞ն է հանքագործներու արտադրութեան ծաւալները։

-Ըստ վիճակագրութեան, 2022-ին շուրջ 33 միլիոն թոն մետաղական օգտակար հանքաքարեր հանուած են: 2023-ի ցուցանիշները ամփոփման հանգրուանին մէջ են: 2022-ին տուեալներու աճը դանդաղած է: Այս ունի իր բացատրութիւնը. հանքագործութեան ոլորտին մէջ յայտնի երկու կազմակերպութիւններ՝ Թեղուտի եւ Սոթքի հանքավայրերը, լուրջ խնդիրներ ունէին: Թեղուտը Ռուսաստանի նկատմամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու պատճառով խտանիւթի վաճառքի խնդիրներ ունէր, ընդհատած էր արտահանումը, բայց 2023-ի ամրան աշխատանքները վերսկսան: Սոթքի հանքավայրը բաց եղանակով այլեւս չ՚օգտագործուիր: Այս պահուն ստորգետնեայ հանքավայրի շահագործման նախապատրաստական աշխատանքներ կ՚ընթանան։ Ստորգետնեայ եղանակով օգտագործումը ունի նախապատրաստական հանգրուան: Երբ 24 ժամով սկսի աշխատիլ, պէտք է կարենայ ամբողջ շրջանը ապահովել: Ուստի, նախապատրաստական աշխատանքը կրնայ մէկ-մէկուկէս տարի տեւել: Երբ Սոթքի հանքավայրը սկսի աշխատիլ, զուգահեռաբար կը սկսի աշխատիլ նաեւ Արարատի ոսկիի արտահանման գործարանը:

-Կառավարման այն եղանակը, որ ներկայիս կը գործէ, թոյլ չի տար, որ երկրաբանական ուսումնասիրութեան համար պետութիւնը ձեւով մը աջակցի կամ գանձատրէ զայն։

-Հանքագործութեան ոլորտի զարգացման ուղեցոյցը ու անկէ բխող աշխատանքներու ծրագրով կը նախատեսուի ստեղծել Երկրաբանական ծառայութիւն։ Այդ պարագային կը ստեղծուի կարեւոր հարթակ մը, ուր կը միաւորուին ներկայիս առկայ բոլոր գործառոյթները։ Հարցեր կան երկրաբանական ծառայութեան հետ առընչուած ուսումնասիրութիւններու, զանոնք կանոնաւորելու գործընթացին կապակցութեամբ: Նոր ստեղծուելիք Երկրաբանական ծառայութիւնը այնպիսի կառոյց մը ըլլալու է, որու հիմնական գործառոյթները պէտք է կապ ունենան յատուկ կազմակերպութիւններու աշխատանքին հետ՝ ուսումնասիրութիւններու իրականացման, տարրալուծական կարելիութիւններու վերազինման եւ տուեալներու հիմքերու աշխատանքին։ Նպատակը՝ ստացուած արդիւնքի հիման վրայ քաղաքականութեան մշակման համար նոր ուղղութիւններ ուրուագծելն է: Աւելի պարզ՝ երկրաբանական ծառայութիւն ներառելու է ներկայիս իրականացուող բոլոր գործառոյթները։ Կարելի կը դառնայ ինքնուրոյն՝ սկիզբէն (երբ կը դիմեն որեւէ հանքավայրի օգտագործման եւ ուսումնասիրութեան արտօնութեան համար) պատասխանել բոլոր անոնց հարցերուն՝ արդեօք այդ տարածքին մէջ հնարաւո՞ր է ուսումնասիրութիւն կատարել եւ անհրաժեշտութեան պարագային իրականացնել համապատասխան փորձաքննութիւն։ Այլ երկիրներու կառոյցներու հետ կապերու հաստատումը եւս այս ծառայութեան դաշտին մէջ ըլլալու է: Հանքագործութեան արտադրութեամբ զբաղող յայտնի բոլոր երկիրներուն մէջ երկրաբանական ծառայութիւնը համալիր կը գործէ։ Հայաստանի մէջ նոյնպէս կ՚ուզեն ստեղծել նման կառոյց մը, որ կը միաւորէ այժմ գործող բոլոր կառոյցներու գործառոյթները։

 Հայաստանի մէջ ներկայիս հանքագործութեան տեղեկատուութիւնը, հիմնականին կը պահպանուի թղթային տարբերակով կամ թուարկուած՝ երկրաբանական ֆոնտի կայքին մէջ: Եթէ որեւէ մէկը փափաքի ուսումնասիրութիւն կամ վերլուծութիւն ընել, նման ծաւալի փաստաթուղթերու հնարաւորութիւն չկայ: Ուսումնասիրելն ալ այնքան ժամանակ կը պահանջէ, որ խնդիրը լուծելու համար յարմար չ՚ըլլար։ Եւ այս առումով ալ ներկայ աշխարհը ընտրած է թուայնացումի ճանապարհը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2024