Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
«ԱՄՆ ՏԱԿԱՒԻՆ ԱՄԻՍՆԵՐ ԱՌԱՋ ԿԸ ՓԱՓԱՔԷՐ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ԿՆՔՈՒՄԸ»
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտնեց, որ Ուաշինկթըն երբեք չէ կապած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի հաւանական ստորագրումը՝ Պաքուի մէջ ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան համաժողովի՝ COP29-ի կազմակերպման հետ։ «ԱՄՆ տակաւին ամիսներ առաջ կը փափաքէր խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը երկու երկիրներուն միջեւ», ըսաւ ան։ Բաց աստի, բանբերը յոյս յայտնեց այս ուղղութեամբ վերջնագծին հասնելու համար։ «Սակայն սա պէտք է որոշեն երկու կողմերը, այլ ոչ թէ ԱՄՆ-ը», աւելցուց ան։
Պաքուի մէջ COP29-ը նախատեսուած է 11-22 նոյեմբերին։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2024