ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ ժամանեց քաղաքս։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Իսթանպուլ եկած է՝ մասնակցելու համար Թուրքիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով խորհրդատուական հարթակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ «3+3» ձեւաչափով նախարարաց ժողովը տեղի պիտի ունենայ վաղը։

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի տանտիրութեամբ՝ վաղուան ժողովին պիտի մասնակցին, բացի Արարատ Միրզոյեանէն, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։ Ինչպէս այս ձեւաչափին մէջ կազմակերպուած նախորդ բոլոր հանդիպումները, այս անգամ եւս Վրաստան կը բացակայի սոյն հարթակէն։

Վաղուան ժողովին ընդառաջ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ «3+3» խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակը Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու համար ջանքերու համակարգնման արդիւնաւէտ դրութիւն մըն է։ «Այս ձեւաչափը նաեւ առեւտրատնտեսական, փոխադրութեան-լոժիսթիք, մշակութային եւ մարդասիրական ոլորտներէ ներս փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւն յառաջ մղելու հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ», ըսաւ ռուս բանբերը։

Հարկ է նշել, որ Արարատ Միրզոյեանի Իսթանպուլի կեցութեան կարճ ժամանակաշրջանին նախատեսուած է նաեւ թրքահայ համայնքին հետ շփում մը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2024