ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ
«Քեզի հետ Հայաստան» համերգաշարի ծրագիրը այսօր կը շարունակուի Հռոմի մէջ։ «Osservatore Romano» թերթին հաղորդումներով, այս ելոյթին ընթացքին հանդէս կու գան երիտասարդ, բայց արդէն աշխարհահռչակ երաժիշտներ։
Անցեալ Մարտին Երուսաղէմի մէջ սկսած է այս համերգներուն շարքը եւ իսկոյն լայն արձագանգ գտած՝ երաժշտական աշխարհէ ներս։ Այս շրջագծով ցարդ մօտիկ հետաքրքրութեան արժանացած ձեռնարկներ իրականացուած են Նիւ Եորքի, Լոնտոնի, Սէն Փեթերսպուրկի եւ Պրիւքսէլի մէջ։ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը՝ «Երեւանեան հեռանկարներ» միջազգային երաժշտութեան փառատօնին մասնակցութեամբ կը կազմակերպէ այս համերգներու շարքը, որ յառաջիկայ Նոյեմբերին Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մէջ պիտի հասնի իր աւարտին։
«Քեզի հետ Հայաստան» համերգներու շարքին նպատակն է անցեալի հետ համերաշխութեան կամուրջներու կառուցումը։ Նախագծին միացած են նաեւ շարք մը աշխարհահռչակ երաժիշտներ, որոնք կը փափաքին իրենց արուեստը ծառայեցնել այն նպատակին, որ անցեալի մէջ տեղի ունեցածը չկրկնուի այլ որեւէ ժողովուրդի մը պարագային, երկրագունդի որեւէ վայրին մէջ։
Հարկ է նշել, որ Հռոմի համերգին ընթացքին Լա Սքալա թատրոնի նուագախումբը հանդէս կու գայ համաշխարհային մակարդակի կրտսերագոյն խմբավարներէն մէկուն՝ Տանիէլ Հարտինկի ղեկավարութեամբ։