ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։

Թաղականները Պատրիարքարան այցելած էին՝ Պէյքոզի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու։ Զրոյցի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը թարմ տեղեկութիւններ քաղեց թաղային խորհուրդի գործունէութեան շուրջ։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրի պայծառութեան համար ջանքեր կը գործադրուին։

Հարկ է նշել, որ Պէյքոզի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւը նախատեսուած է յառաջիկայ ամսուան վերջը։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2024