ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Լուսանկարչութեան անմոռանալի հանճարներէն, մեծանուն վարպետ երջանկայիշատակ Արա Կիւլէր երէկ ոգեկոչուեցաւ իր մահուան վեցերորդ տարելիցին առթիւ։ Արա Կիւլէրի գործերը ժամանակի մէջ որքան որ կ՚արժեւորուին՝ իրեն նկատմամբ կարօտն ալ այնքան բազմապատիկ կը մեծնայ եւ յետ պահու իրեն նկատմամբ յարգանքն ալ այնքան կ՚աւելնայ։

Մահուան վեցերորդ տարելիցին առթիւ, երէկ, ողբացեալ Արա Կիւլէրի Շիշլիի գերեզմանատան շիրմին վրայ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ։ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնը, որու ընթացքին երգեցողութիւնները կատարեցին՝ Էտվին Կալիպօղլու, Արեմենակ Գազանճեան եւ Մարալ Այվազ։ Իր բոլոր սիրելիները եւ համակիրները Արա Կիւլէրի հողակոյտին շուրջ համախմբուեցան՝ անոր նկատմամբ մեծ կարօտով, անսահման սիրով եւ իր բարոյական ներկայութեան պարագային յարգանքով։ Հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին բոլորը իրենց խոնարհումը բերին Արա Կիւլէրի անմոռանալի յիշատակին առջեւ։

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան, Արա Կիւլէրի մահուան վեցերորդ տարելիցին առթիւ գեղարուեստական ձեռնարկ մըն ալ տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի «Աթլաս» շարժանկարի դահլիճի երդիքին տակ։ «Մերհապա» խորագրեալ այս ձեռնարկը համախմբեց հոծ թիւով գեղարուեստասէրներ, որոնք եկած էին Արա Կիւլէրը հերթական անգամ ոգեկոչելու համար։ Երեկոյթի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Արա Կիւլէրի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ փաստավաւերագրական ժապաւէն մը, որու հեղինակն էր Էրտալ Պուլտում։ Ժապաւէնի ցուցադրութեան յաջորդեց ասուլիս մը՝ մասնակցութեամբ Ճոշքուն Արալի եւ Օքան Պայիւլկէնի։ Այս հաւաքոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Ֆաթիհ Արսլան, որ կեանքի վերջին տարիներուն Արա Կիւլէրի անմիջական գործակիցն ու լծակիցը եղած էր եւ կը համարուէր անոր հոգեզաւակը։

Բոլոր ներկաները դահլիճին մէջ զգացին Արա Կիւլէրի բարոյական ներկայութիւնը, մինչ մուտքասրահին մէջ ալ մեծ պաստառնելու վրայ անոր կեանքէն խօսուն դրուագներ կը ցուցադրուէին, ինչ որ բոլորի յիշողութեան մէջ հերթական անգամ կը թարմացնէր մեծանուն վարպետը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2024