ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիա եւ Գերմանիա կը շարունակեն անմիջական կապի մէջ մնալ՝ միջազգային հրատապ օրակարգի խնդիրներուն շուրջ։ Անգարա-Պերլին առանցքի համագործակցութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ տարածաշրջանային բնոյթով մարտահրաւէրներուն տեսակէտէ։ Այսօր, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Իսթանպուլի մէջ կը հիւրընկալէ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը։ Այսպէսով, վերջին չորս ամսուան ընթացքին երկու ղեկավարները արդէն երրորդ անգամ ի մի կու գան։

Նախագահ Էրտողան Իսթանպուլի մէջ, Տոլմապահչէի գրասենեակի համալիրէն ներս կը հիւրընկալէ վարչապետ Շոլցը։ Քաղաքական մեկնաբաններ կը մատնանշեն, որ այս այցելութիւնը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս տարածաշրջանայի պատերազմի մը ծագելու հաւանականութիւնը բարձրացած է։

Դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով Էրտողան եւ Շոլց մանրամասնօրէն կը քննարկեն Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները։ Անգարա կ՚արտայայտէ իր անհանգստութիւնը՝ Պերլինի կողմէ Իսրայէլին ցուցաբերուած անվերապահ զօրակցութեան համար։

Կը հաղորդուի, որ այսօրուան բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան նաեւ գաղթականներու վերաբերեալ խնդիրներ։ Էրտողան եւ Շոլց կ՚անդրադառնան նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2024