ՄՈՎՍԷՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԽՈՐԵՆԱՑԻ (410-490)
Պատմաբան, թարգմանիչ, բանասէր եւ գրող Մովսէս Վարդապետ Խորենացի ծնած է մօտաւորապէս 410 թուականին եւ մահացած՝ 490-ին։
Խորենացիի մասին կենսագրական տեղեկութիւններ քիչ են։ Անոնց մեծ մասը կը հաղորդէ ինք՝ իր «Պատմութիւն հայոց» գլուխգործոցին մէջ։ Պատմահայր Խորենացի կը գրէ, որ 432-437 թուականներու ընթացքին ուրիշ ընկերներու հետ Աղեքսանդրիա կ՚ուղարկուի։ Արդարեւ, Աղեքսանդրիա կը ղրկուէին ուսանողներ՝ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու համար։
Խորենացի երբեմն կը կոչուի նաեւ՝ «Տարօնացի»։ Ըստ Կորիւնի վկայութեան՝ Մովսէս Խորենացին մանկութեան տարիներուն սկզբնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրը՝ Այունիք, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հիմնած դպրոցը։ Հոնկէ, ան մօտաւորապէս 427 թուականին՝ երբ 15-16 տարեկան էր, կ՚ուղարկուի Վաղարշապատ, ուր եղած է Սուրբ Սահակ Պարթեւի եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի կրտսեր աշակերտներէն։
Հայոց պատմութիւնը ան եւ միայն ա՛ն անուանած է «Պատմահայր» եւ «Եռամեծն վարդապետ Մովսէս» բնութագրականներու արժանացնելով։ Եւ դարեր նորանոր հաւաստումներ աւելցուցին Պատմահայր Մովսէս Վարդապետ Խորենացիի անունին։ Ուստի, անոր համբաւը տարածուեցաւ ամբողջ Եւրոպա եւ աւելի վերջ համայն աշխարհ։
Մովսէս Վարդապետ Խորենացի ինքնատիպ էր եւ եզակի՛ իր գլուխգործոց «Պատմութիւն հայոց»ով։ Մանաւանդ իր աւարտաբանութեամբ եզակի էր «Պատմութիւն հայոց»ը։ Բոլոր հին եւ նոր պատմիչներ, սովորաբար իրենց պատմութիւնը կ՚աւարտէին «ժամանակագրական աղիւսակ»ներով, եւ կամ ընթերցողներուն ուղղուած զանազան խրատներով, թելադրանքներով։
Մովսէս Խորենացին իր «Պատմութիւն հայոց»ը աւարտած է իւրայատուկ ամփոփումով մը, որ եւս ունի ինքնուրոյն անուն մը՝ «Ողբ…»։ Մովսէս Խորենացիի «Պատմութեան» այս վերջաբանը հոգեկան ծանրագոյն խռովք ապրող ազգասէրի սրտակեղեք պոռթկում, սրտի ցաւագին ճիչ մըն է։ Հայաստանի վրդովուած խաղաղութիւնը, արմատացաւ անկարգութիւնը, խախտուած հաւատի ճշմարտութիւնը, տգիտութեամբ հիմնաւորուած չարափառութիւնը ցաւով կը նկարագրուի «Ողբ»ին մէջ։
Մասնագիտական եւ գրական-մատենագիտական խորանիստ գիտելիքներ պէտք չէ նկատելու համար, որ Մովսէս Վարդապետ Խորենացիի ցաւագին «Ողբ»ը, եւ դժբախտաբար, ներկայիս ալ թարմ եւ առօրէական կը մնայ, այսօր ալ կը շարունակէ ժամանակի հետ համահնչութիւնը կորսնցնել։ Կը շարուակեն ցաւեր եւ վիշտեր ծնող հասարակական-քաղաքական շարժառիթներ գրեթէ նոյնը…
Մովսէս Վարդապետ Խորենացիի «Ողբ»ի մէջ ներկայացուած ասոյթներէն եւ իր լիակատար հիմնաւորուածութեամբ չի հնչեր ներկայ իրականութեան մէջ։
Արդարեւ, «Պատմութիւն հայոց» երկին աւարտաբանութիւնը հանդիսացող «Ողբ»ը իր մէջ իրաւաբանօրէն խտացուցած է Հայաստանի այն ժամանակներու դէպքերը եւ հասարակական-քաղաքական-ազգային իրադարձութիւնները։ Ուստի, հետաքրքրական են «Ողբ»ի հետեւեալ տողերը. «Որովհետեւ մեզ տիրեցին խստասիրտ եւ չար թագաւորներ, որոնք մեզ վրայ դժուարակիր, ծանր բեռներ կը բեռնաւորէին եւ անտանելի հրամաններ կու տային։ Կառավարիչները կարգապահ չեն, անողորմ են, սիրելիները դաւաճանուած են, թշնամիները զօրացած… կարեւոր մարդիկ կը կալանաւորուին, յայտնի անձեր կը բանտարկուին, կ՚աքսորուին, ազնուականներ անհամար նեղութիւններ կու տան ռամիկներու…»։
Պատմութիւնը կրկնութիւն կ՚ըլլայ, երբ պատմութենէն դաս չառնուի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 18, 2024, Իսթանպուլ