ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ

Թրքահայ ակադեմականներու հարթակը, որ կը գործէ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ, շաբաթավերջին հրապարակեց տեղեկագիր մը, որ պատրաստուած է հարցախոյզի մը հիման վրայ։ «Թուրքիոյ հայ հաւաքականութեան ապագային արտացոլացումը» խորագրեալ այս տեղեկագիրը յիշեալ հարթակի տեղեկատուութեան խմբակի ջանքերով կը մատուցուի համայնքին։ Յիշեալ հարցախոյզը կազմակերպուած է՝ տքթ. Մերի Թաքսի Տեւեճեանի, տքթ. Սելին Էօզքանի, տքթ. Սեւան Կարապետօղլուի եւ տքթ. Արաս Եոլուսեւէրի ջանքերով։ Անոնց թեքնիք հարցերու շուրջ աջակցած է Յովհաննէս Կիւլ։

Տեղեկագրին մէջ մատնանշուած է, որ այս հարցախոյզին նպատակը եղած է կեդրոնանալ զանազան նիւթերու վրայ. օրինակ՝ թրքահայութեան ժողովրդագրական կացութիւնը, աշխատանքի եւ ասպարէզի բաժանումները, խնամքի եւ յատուկ կրթութեան կարօտ անհատներու թիւին յստակացումը, դպրոցահասակ երիտասարդութեան համայնքային վարժարաններուն համարկումը, համայնքի անդամներու հաստատութիւններուն եւ ընկերային գործօններուն նկատմամբ վերաբերմունքը եւ այլն։ Այս բոլորի լոյսին տակ հարթակի ակադեմականները որդեգրած են յարմարագոյն ճանապարհային քարտէսը ձեւաւորել՝ հայ համայնքի տեւականութեան տեսակէտէ։

Տեղեկագրին մէջ թրքահայութեան բնակչութիւնը մօտաւորապէս 40 հազար հոգի ենթադրուած է ու կը մատնանշուի, որ հարցախոյզի արդիւնքները կրնան տարածուիլ համայնքի գրեթէ ամբողջութեան վրայ։ Տեղեկագրին հեղինակները նշած են, որ այս գործը կրնայ ապագային ուղեցոյց մը դառնալ բոլոր անոնց համար, որոնք համայնքի ապագային վերաբերեալ ռազմավարական նիւթերու վրայ պիտի աշխատին։

Տեղեկագրին մէջ մասնաւոր բաժին մը յատկացուած է հայերէնի օգտագործման տուեալներուն։ Եզրակացութիւններու բաժինն ալ կ՚ընդգրկէ հայոց լեզուին վերաբերեալ հայեացք մը։

Հարցախոյզի մասնակիցներու 82 տոկոսը յայտնած է, որ հայերէն գիտէ, իսկ 18 տոկոսը՝ ոչ։ Գիտնականները հայերէնի իմացականութիւնը դասաւորած են չորս առանցքի շուրջ. հասկնալ, խօսիլ, կարդալ ու գրել։ Իւրաքանչիւր դասաւորում արժեւորուած է 3,00 նիշի վրայով։ Ընդհանուր միջինը կը կազմէ 2,30։

Հայոց լեզուի վերաբերեալ հայեացքին մէջ ալ այս տեղեկագիրով մատուցուած է ուշագրաւ տուեալ մը։ Հարցախոյզի մասնակիցներուն 44,3 տոկոսը բացարձակապէս համոզուած է, թէ հայերէնի աշխուժօրէն օգտագործումը անհրաժեշտ է՝ անգլերէնի նման այլ լեզուի մը համազօր։ Հարցախոյզի մասնակիցներուն 29,8 տոկոսն ալ մասամբ համոզուած է այս ուղղութեամբ։

Հարցախոյզի զանազան բաժիններուն մէջ մասնակիցներուն 64 տոկոսը համայնքային հաստատութիւններու հայկական ինքնութեան ի նպաստ ծառայութիւնը նկատած է անբաւարար։ Հարցախոյզի մասնակիցներուն 42 տոկոսը տեղեկացուցած է, թէ չի խրախուսեր խառն ամուսնութիւնները։ Նոյն կապակցութեամբ մասնակիցներուն 31 տոկոսը խառն ամուսնութեան պարագան նկատած է մտահոգիչ։

Հարզախոյզը ունի նաեւ առանձին բաժին մը համայնքէ ներս հաղորդակցութեան մասին։ Մասնակիցներուն 34,4 տոկոսը յայտնած է, որ ընկերային ցանցերու միջոցաւ կը հետեւի համայնքային իրադարձութիւններուն։ Տեղեկագրին մէջ մատնանշուած է, որ հայերէն օրաթերթերու ընթերցողներու թիւը 10 տոկոսի շեմէն նուազ է։ Տեղեկագիրը կ՚եզրափակուի որակի վերաբերեալ ստուգուած տուեալներու լոյսին տակ ենթախորագրերով եւ համապատասխան առաջարկներով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024