ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը։ Անգարա-Պերլին առանցքին վրայ նոր սկիզբ մը կ՚ակնկալուի երկու ղեկավարներու գլխաւորութեամբ առնուած բարձր մակարդակի որոշումներու լոյսին տակ։ Արդարեւ, Թուրքիա եւ Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ Էրտողանի եւ Շոլցի քաղաքական կամքով յառաջիկայ շրջանին որոշ կլիմայի փոփոխութեան մը հորիզոնը ուրուագծուած է։

Տոլմապահչէի պաշտօնական գրասենեակին մէջ նախագահ Էրտողան շաբաթավերջին վարչապետ Շոլցի հետ նախ ունեցաւ առանձնազրոյց մը, որուն յաջորդեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Երկու ղեկավարները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Միջազգային աղբիւրներն ալ լայնօրէն արձագանգ հանդիսացան Թուրքիա-Գերմանիա առանցքի այս կարեւոր իրադարձութեան։ BBC-ի հաղորդումներով, Իսթանպուլի գագաթաժողովը կը խոստանայ նոր մեկնարկ մը բնորոշել երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ։ Հարկ է նշել, որ Էրտողան եւ Շոլց վերջին անգամ անցեալ ամիս Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած էին։ Այսպէսով, վերջին երկու ամսուան ընթացքին անոնք արդէն երկրորդ անգամ տեսակցած եղան։

Թուրքիա եւ Գերմանիա արդէն շօշափելի զարգացումներ արձանագրելու սեմին հասած են՝ մանաւանդ, որ կողմերը որոշած են միջկառավարական խորհրդակցութեան դրութիւնը վերակենդանացնել։ Շոլց համոզուած է, թէ այս ձեւով բազմաթիւ երկկողմանի դրութիւններ պիտի սկսին վերստին բանիլ՝ մասնաւորապէս արտաքին քաղաքականութեան կամ պաշտպանութեան բնագաւառներէն ներս համագործակցութեան շուրջ։ Ան ընդգծեց, որ Պերլին ջանք կը գործադրէ նաեւ Եւրոմիութեան եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ զարգացում ապահովելու առաջադրութեամբ։ Թուրքիա-Գերմանիա միջկառավարական խորհրդակցութեան դրութիւնը ստեղծուած էր 2016 թուականին։ Այդ դրութեան շրջանակէն ներս միակ ժողովը 22 յունուար 2016 թուականին տեղի ունեցած էր Պերլինի մէջ՝ շրջանի վարչապետներուն՝ Անկելա Մերքելի եւ Ահմէտ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ։ Այդ ժողովին ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկած էին անվտանգութեան, գաղթի եւ տնտեսութեան բնագաւառին վերաբերեալ խնդիրներ։ Հարկ է նշել, որ այսօր ալ այդ խնդիրները երկկողմանի յարաբերութիւններուն տեսակէտէ առաջնահերթութիւն կը ներկայացնեն։

Էրտողանի եւ Շոլցի բանակցութիւններուն զուգահեռ՝ միջկառավարական խորհրդակցութեան դրութիւնը պիտի վերակենդանացուի մօտաւոր ապագային։ Այսպէսով երկկողմանի յարաբերութիւններու բոլոր ուղղութիւնները ամրապնդելիք բնոյթով նոր գործընթացներ սկիզբ պիտի առնեն։ Երկու կողմերն ալ կը ծրագրեն սա առաջին հերթին տնտեսական բնագաւառի վրայ ցոլացնել։ Արդարեւ, թէ՛ Էրտողան եւ թէ Շոլց կը ձգտին 60 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին բարձրացնել երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը, որ ներկայիս 50 միլիառ ամերիկեան տոլարի շեմը գերազանցած է։

Անգարայի եւ Պերլինի միջեւ յառաջիկայ շրջանին առանձնապէս կարեւորութիւն պիտի ներկայացնէ պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութիւնը։ Նոր շրջանը կը խոստանայ մանաւանդ ռազմավարական համագործակցութեան ամրապնդումը։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս կարեւոր է՝ Թուրքիոյ կողմէ պահանջուած ռազմարդիւնաբերական արտադրանքներուն Գերմանիայէն մատակարարուիլը։ Ղեկավարներու մամլոյ ասուլիսին ընթացքին տրուած պատգամները եկան ապացուցանել, թէ անոնք կարեւոր համաձայնութիւններու հասած են այս ուղղութեամբ։

«Պաշտպանական արդիւնաբերութեան արտադրութիւններու մատակարարման շուրջ անցեալի կարգ մը դժուարութիւնները այլեւս ետին թողլով մեր համագործակցութիւնը զարգացնել կը փափաքինք։ Այս հարցին շուրջ իմ բարեկամ Շոլցի ջանքերը բարձր կը գնահատեմ եւ այս բանը կ՚ուզեմ այսօր կրկնել», ըսաւ Էրտողան, որու խօսքերէն կարելի է հետեւցնել, թէ Շոլց այս խնդիրներուն մէջ անձամբ շրջանառութեան մէջ մտած է։ Իր կարգին, Գերմանիոյ վարչապետն ալ շեշտեց, որ իր երկիրը Թուրքիոյ հետ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից է եւ այս հիման վրայ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ուղղութեամբ աւելի սերտ համագործակցութեան ուղղեալ պատգամները շարունակեց։

Շոլցի Իսթանպուլ այցելութենէն շուրջ շաբաթ մը առաջ Գերմանիա վաւերացուց՝ շուրջ 250 միլիոն եւրօ արժողութեամբ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու եւ այլ զէնք ու զինամթերքի Թուրքիոյ վաճառքը։ Քաղաքական մեկնաբաններու կողմէ սա կ՚ընկալուի Գերմանիոյ կողմէ Թուրքիոյ ուղղեալ կարեւոր շարժոյթ մը եւ յստակ պատգամ մը։

Էրտողան-Շոլց բանակցութիւններու ընթացքին շաբաթավերջին օրակարգի վրայ էին նաեւ գաղթի վերաբերեալ խնդիրները։ Գերմանական կողմը համոզուած է, թէ այս բնագաւառէ ներս Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան շնորհիւ համատեղ աշխատանքը պէտք է շարունակուի՝ գաղթականներու թիւի նուազեցման, կազմակերպուած յանձնախումբերու եւ մարդոց մաքսանենգութեան դէմ պայքարի բնագաւառներէն ներս։

Վերջին բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու վերակենդանացման վերաբերեալ խնդիրներ։ Յամենայնդէպս, երկու ղեկավարներու բերնէն այս ուղղութեամբ դրական պատգամներ չհնչեցին։ Շոլց ընդգծեց, որ Թուրքիա-Յունաստան զարգացող երկխօսութիւնը գոհունակութիւն կը պատճառէ իրենց։ Իր կարգին, Էրտողան կանգ առաւ Մաքսային միութեան այժմէականացման եւ մուտքի արտօնութիւններու ազատականացման խնդիրներուն վրայ։

Ըստ Գերմանիոյ դիրքորոշման՝ մարդու իրաւանց, ժողովրդավարականացման եւ իրաւունքի գերակայութեան բնագաւառներէն ներս բարեփոխումներու գործընթացին վերադառնալը, Կիպրոսի հիմնախնդրին շուրջ ՄԱԿ-ի չափանիշներու ծիրէն ներս նոր գործընթացի մը սկիզբ դրուիլը կրնան նոր կենսունակութիւն մը ապահովել Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ։

Իսթանպուլի բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ էր նաեւ Ռուսաստանի հետ երկխօսութեան որոնումը։ Էրտողան եւ Շոլց արժեւորեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը։ Շոլց շեշտեց, որ Թուրքիա եւ Գերմանիա այս հակամարտութեան կապակցութեամբ նոյն կէտին վրայ կը գտնուին։ «Ուքրայնա մեզի կը վստահի։ Բայց, ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի այս պատերազմը յաւերժ չշարունակուի։ Ռուսաստանի յարձակումը կը վտանգէ ամբողջ Եւրոպայի խաղաղ կարգ ու կանոնը եւ այս պատճառով պէտք է վճռական վարուինք՝ ըլլալով ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներ», ըսաւ ան։

Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններն ալ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուեցան բանակցութիւններու ընթացքին։ Էրտողան եւ Շոլց մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հանրային կարծիքի առջեւ հերթական անգամ արձանագրեցին իրենց տարբեր դիրքորոշումները։ Ըստ Շոլցի՝ Իսրայէլի գոյութեան պահպանման հարցին շուրջ իր երկիրը ունի մասնաւոր դիրք մը։ Ան համոզուած է, թէ Պաղեստինի տարածքէն ներս ապրուածները «ցեղասպանութիւն» անուանելը ճիշդ չի համարուիր։ Իր կարգին, Էրտողան Իսրայէլի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ ցեղասպանութիւն կատարելով մեղադրեց։ Ան յիշեցուց, որ Հարաւային Ափրիկէն Միջազգային արդարատութեան ատեանին մօտ այս ուղղութեամբ դատ մը բացած է եւ Թուրքիան ալ միջամուխ դարձած է այդ դատին։ Նախագահը յիշեցուց, որ 50 հազար մարդ մահացած է եւ աւելի քան 100 հազար հոգի վիրաւոր վիճակի մէջ է։ «Այս Արդարադատութեան ատեանը ինչո՞ւ հիմնուած է», ըսաւ Էրտողան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024