«UNUFAK»Ի ԹԱՐՄ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Գրասէր շրջանակները այս շրջանին անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն՝ «İletişim» հրատարակչութեան կողմէ լոյս տեսած «Unufak» վէպը, որու հեղինակն է խմբագիր, հրապարակագիր եւ հրատարակիչ Ռոպէր Քոփթաշ։ Այս վերջինը արդէն որպէս վիպագիր այժմէն գրասէրներու սիրտը գրաւել յաջողած է՝ իր հեղինակած ուրոյն վէպով, որ լայն արձագանգ ստեղծած է ընթերցասէր շրջանակներէն ներս։

«Unufak»ը թէեւ տակաւին քանի մը շաբաթէ ի վեր գրասէրներու տրամադրութեան տակ է, սակայն անոր հրապարակի վրայ յայտնուիլը արդէն վերածուած է դէպքի մը՝ քանի իրերայաջորդ շնորհանդէսներ կը կազմակերպուին գիրքին համար։ Շաբաթավերջին Ռոպէր Քոփթաշի վէպին համար հերթական շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Բանկալթիի «Nostalji» գրախանութ-սրճարանի երդիքին տակ։ «Nostalji»ն յատկանշական վայր մըն է, որովհետեւ այնտեղ հայ հեղինակներու կամ հայկական նիւթերու վերաբերեալ գրեթէ բոլոր գիրքերը կը տրամադրուին հետաքրքիրներուն եւ անոնցմով պայմանաւորուած խտացեալ մթնոլորտին մէջ Ռոպէր Քոփթաշի անդրանիկ վէպին ծանօթացումը խորհրդանշական իմաստ մը ներկայացուց։ «Nostalji»ի սրահին մէջ կոկիկ թիւով գրասէրներ ողջունեցին հեղինակը, որու հետ զրոյց մը վարեց Էօզլէմ Աքչան։ Գիրքի ծանօթացման հաւաքոյթը իսկական ճամբորդութեան մը վերածուեցաւ՝ «Unufak»ի հետքերով՝ որովհետեւ Էօզլէմ Աքչան այնքան յաջողութեամբ հունաւորեց զրոյցը, որու ընթացքին բացայայտուեցան վէպի նիւթին վերաբերեալ ինչ-ինչ ծալքեր, որոնք գիրքի ընկալումը աւելի կը դիւրացնեն եւ ընդհանրապէս հեղինակի ներաշխարհը աւելի մատչելի կը դառնայ բոլորին համար։

Կենդանի զրոյցի ընթացքին Ռոպէր Քոփթաշ իր գիրքէն օրինակներ մակարգրեց ներկայ գրասէրներուն համար, որոնք ջերմօրէն շրջապատեցին զինքը՝ մաղթելով ապագայ ձեռքբերումներ։ Հաւաքոյթի ընթացքին Ռոպէր Քոփթաշը ջերմօրէն շնորհաւորեց նաեւ «Nostalji»ի սեփականատէրը՝ Սիւհա Համամճը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024