ԽՕՍՔԵՐՆ ՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ…
Վերլուծաբան Կարէն Վրթանէսեան կը դիտարկէ, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մեծ զիջումներ ըրած է Ռուսաստանին։ Վրթանէսեան «PoliticalHye.org» կայքը կը համակարգէ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր տեսակցութեան սղագրութիւնը։
*
-Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն դէպի Ռուսաստան քայլ մը կատարել։ Կ՚ընդունուի՞ այդ մէկը։
-Փաշինեան պաշտօնավարման զանազան փուլերուն թէ՛ հակառուսական քայլեր առած է (գոնէ յայտարարութիւններու մակարդակով) եւ թէ մեծ զիջումներ ըրած է Ռուսաստանին։
Օրինակ. որոշեցին օդակայանէն հեռացնել ռուս սահմանապահները։ Բայց, յիշենք նաեւ, որ Սիւնիքի մէջ Ռուսաստանի ռազմակայանի մասնաճիւղ մը բացուեցաւ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ։
Օրինակ. քրէական գործեր կը յարուցուէին Հարաւ-կովկասեան երկաթուղիներ ընկերութեան դէմ, որ ռուսական ընկերութիւն մըն է։ Միեւնոյն ժամանակ, Զանգեզուրի պղնձամոլիւպտենային ընկերութեան բաժնետոմսերը, ըստ էութեան, խլեցին նախկին սեփականատէրերէն ու փոխանցեցին ռուս գործարարներուն։
Օրինակ մը եւս. Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դէմ կատարուած յայտարարութիւնները, իրականութեան մէջ, ՀԱՊԿ-ին առանձնապէս վնաս չեն տար, որովհետեւ աշխարհի կողմէ Փաշինեան չ՚ընկալուիր՝ որպէս լուրջ, ծանրակշիռ գործիչ։ Փոխարէնը ՀԱՊԿ-ին եւ մասնաւորապէս՝ Ռուսաստանին հնարաւորութիւն կու տան խուսափելու Հայաստանի նկատմամբ պարտաւորութիւններու կատարումէն։ Այսինքն, հաշուի առնելով, որ Ուքրայնայի պատերազմի գերլարուած պայմաններուն տակ Քրեմլին հաստատ չէր ուզեր ներքաշուիլ նաեւ այլ ռազմական գործողութեան մը մէջ՝ ակնյայտ է, որ այդ յայտարարութիւնները Ռուսաստանի ի նպաստ միջոցներ կը խնայեն։ Ընդ որում, Փաշինեան շտապեց ՀԱՊԿ-ի զօրախումբի կազմին զօրք ուղարկելու Ղազախիստան 2022 թուականի յունուարի անկարգութիւններու ժամանակ։
Ի հարկէ, Հայաստանի համար այդ ամէնը լուրջ բացասական հետեւանքներ կ՚ունենան։ Համատեղ զօրավարժութիւններուն չմասնակցելով Հայաստանի զինուած ուժերը կը տուժեն, բայց ո՛չ ՀԱՊԿ-ը։
Ամէն պարագայի պէտք է զատել Փաշինեանի յայտարարութիւնները իրական քայլերէն եւ առաջին հերթին պէտք է հետեւիլ գործողութիւններուն։ Ան օր մը ռուսամէտ յայտարարութիւն կ՚ընէ, յաջորդ օրը՝ հակառուսական։ Օր մը գոռաց «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», յետոյ ճանչցաւ Արցախը Ատրպէյճանի մաս։
-Շատերու կարծիքով Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարժին հաշուի առնելով Թուրքիոյ թելադրանքները։ Ի՞նչ կ՚ըսէք։
-Իմ խորին համոզմամբ՝ Փաշինեան կը շարժի միայն ու միայն իր անձնական շահէն ելլելով, ինչ որ բնորոշ է անձնակեդրոն բռնապետական վարչակարգերուն եւ, բնականաբար, կը համագործակցի որեւէ ուժի հետ, որ կը նպաստէ իր իշխանութիւնը պահելու։
Մեծ հաշուով՝ Ալիեւ եւ Էրտողան Փաշինեանի իշխանութեան կարեւոր յենասիւներէն են։ Ամէն անգամ, երբ Հայաստանի մէջ աշխուժանան հականիկոլական շարժումները եւ դժգոհութեան հերթական ալիքը բարձրանայ, անմիջապէս Ատրպէյճանէն ու Թուրքիայէն պատերազմի սպառնալիքներ կը լսուին։
Երկրորդ՝ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն ամբողջ խօսոյթը, ըստ էութեան, թրքական եւ ատրպէյճանական է։ Իշխանութեան աջակիցներու կողմէ յաճախ կրկնուած «Արցախը տանք, հանգիստ ապրինք» կարգախօսն ալ Ատրպէյճանինն էր։ Տասնամեակներ շարունակ հայկական լսարանին ուղղեալ Պաքուի ամբողջ քարոզչութիւնը այդ պատգամին վրայ կառուցուած էր։
Երրորդ՝ ճգնաժամային պահերուն Նիկոլ Փաշինեան օգնութեան կը հասնի թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Ատրպէյճանին։ Սկսեալ խորհրդանշական քայլերէն, մինչեւ 21 սեպտեմբեր 2023-ի յայտարարութիւնը, թէ «Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութեան ուղիղ սպառնալիք չկայ»։ Յիշեցնենք, որ այդ յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումի հարցով ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ կազմակերպուած քննարկումէն ժամեր առաջ։ Վարչապետի պաշտօնը ստանձնած անձ մը չէր կրնար չգիտակցիլ, թէ իր այդ յայտարարութիւնը անմիջապէս պիտի օգտագործուէր Ատրպէյճանի կողմէ. բան մը, որ պատահեցաւ, Ատրպէյճանի ներկայացուցիչը մէջբերեց Փաշինեանի յայտարարութիւնը եւ այսպէսով նիւթը փակեց։
Չորրորդ՝ Փաշինեան Հայաստանի տարածքները կը զիջի Ատրպէյճանին՝ այն պարագային, երբ Ատրպէյճան չի փափաքիր ճանչնալ Հայաստանի գոյութեան իրաւունքը, տարածքային ամբողջականութիւնը։
Կան նմանատիպ բազում օրինակներ, որոնք, անշուշտ, կասկած չեն ձգեր, թէ Փաշինեանի շահերը կը համընկնին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ։
-Հայաստանի մէջ նկատելի է նաեւ դէպի Եւրոպա, Արեւմուտք եւ յատկապէս՝ Եւրոպական Միութիւն մերձենալու որոնում մը։ Սա որեւէ դրական իրավիճակ կրնա՞յ ստեղծել, թէ ոչ արկածախնդրութիւն է։
-Այստեղ աւելի շատ կենացներ ու պոռոտախօսութիւն կը տեսնուին՝ քան իրական քայլերը։ Խումբ մը քաղաքական գործիչներու «Եւրոպական հանրաքուէ» կազմակերպելու մասին յայտարարութիւնը ո՛չ այլ ինչ է՝ քան նախընտրական արշաւ։ Բնական է, Եւրոպական Միութիւնը պիտի չառաջնորդուի Հայաստանի հանրաքուէի արդիւնքներով՝ նոյնիսկ եթէ անոր մասնակցին Հայաստանի անխտիր բոլոր քաղաքացիները։ Նպատակը արեւմտամէտ քաղաքացիներու ձայները հաւաքելն է՝ նամանաւանդ շատ ընդդիմադիրներու բացայայտ ռուսամէտ դիրքորոշումներու համայնապատկերին վրայ։
Ի հարկէ, Փաշինեանի վարչակազմը կը վայելէ եւրոպացիներու եւ ամերիկացիներու ակնյայտ աջակցութիւնը։ Յստակ հասկնալի է, որ անոնք աչք կը փակեն Փաշինեանի բազմաթիւ ապօրինութիւններուն վրայ, բայց, կրկնեմ՝ սա անձամբ Փաշինեանին կը վերաբերի ու ոչ թէ Հայաստանին։ Այդ աջակցութիւնը իրեն կը տրուի այն ակնկալութեամբ, թէ յաջողութիւն կը գտնէ Ռուսաստանը վերջնականապէս Հարաւային Կովկասէն դուրս մղելը։ Եւ սա, իր հերթին, անխուսափելիօրէն կը նշանակէ, որ Ռուսաստանի տեղը Թուրքիան պիտի առնէ։
Ընկերներով կէս կատակ-կէս լուրջ յաճախ կ՚ըսենք, որ Հայաստանէն դէպի արեւմուտք եթէ շարժիս, ապա Թուրքիոյ մէջ պիտի յայտնուիս։
-Ըստ երեւոյթին, ներքին քաղաքական համայնապատկերին վրայ ընտրութիւններու օրակարգը մեծ տեղ ունի։ Արտահերթ ընտրութեան հաւանականութիւն կը տեսնէ՞ք։
-Յիշենք, որ Փաշինեանի իշխանութեան գալէն վերջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հիմնական չորս ընտրութիւններէն երեքը արտահերթ եղած է. 2018-ի սեպտեմբերին Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւնը, 2018-ի դեկտեմբերի խորհրդարանական ընտրութիւնը եւ 2021-ի յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւնը։
Քաղաքագիտութենէն ծանօթ է, որ մենատիրական վարչակարգերուն բնորոշ է արտահերթ ընտրութիւններու երթալը, որպէսզի թոյլ ընդդիմութիւնը չհասցնէ պատրաստուելու։
Փաշինեան նախընտրական արշաւի բնորոշ քայլեր կ՚ընէ 2023-ի դեկտեմբերէն ի վեր։ Նոյնը, ինչպէս նշեցի, կ՚ընեն Փաշինեանի արբանեակ արեւմտամէտ կուսակցութիւնները եւ գործիչները։ Դժուար է ըսել, թէ երբ տեղի կ՚ունենան այդ ընտրութիւնները, բայց, անզէն աչքով երեւելի են պատրաստութիւնները։
-Կայ դիտարկում մը, թէ Հայաստանի այժմու ընդդիմութիւնը կերպով մը ուժ կու տայ Փաշինեանի իշխանութեան։ Ի՞նչ կ՚ըսէք։
-Այդ խօսոյթէն կը շահի առաջին հերթին Փաշինեան։ Անոր շահերէն կը բխի կարգավիճակի պահպանումը եւ, ըստ այդմ, «եթէ ոչ Նիկոլը, ապա ո՞վ», «Նիկոլը, ի հարկէ, աչքիս լոյսը չէ, բայց…», «բոլորն ալ իրար կ՚արժեն, բոլորն ալ նոյնն են», «բոլորը նոյն խաղի մէջ են, գնդակը իրար փոխանցելով կը խաղան» օրինակի խօսակցութիւններն ալ ուղղուած են փոփոխութիւններու հաւանականութիւնը նուազեցնելու։
Այս քարոզչութեան հաւատալով, շատեր ուղղակի չեն մասնակցիր ընտրութիւններու, կամ ալ քուէ կու տան նոր, իրականութեան մէջ լուսանցքային ինչ-ինչ կուսակցութիւններու, որոնց ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը զուտ ձայներու փոշիացման համար է։
Ի հարկէ, ընդդիմութեան կոպիտ սխալներն ալ ջուր կը լեցնեն այս քարոզչութեան ջրաղացին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան