ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան նոր պաշտօնի մը կոչուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս։ Այսպէս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ իր պարագային կատարուած նշանակումը ուժի մէջ է անցեալ յուլիսի 1-էն ի վեր։ Հրաչ Չիլինկիրեան նշանակուած է թեմի հաստատութենական նորարարութեան տնօրէն։
Արեւմտեան թեմը այս նախաձեռնութիւնով հանդէս կու գայ՝ երկարաժամկէտ նորարարական ծրագրերու եզակի աշխատանքի մը համար, որու նպատակն է յարափոփոխ աշխարհի մէջ վերակազմաւորուիլ, կենսունակ մնալ ու ժամանակակից դառնալ։ Հրաչ Չիլինկիրեանին վստահուած է այս ծրագիրը կեանքի կոչելու առաքելութիւնը։
Տքթ. Չիլինկիրեան յայտնի գիտնական մըն է, որ դասաւանդած է Օքսֆորտի եւ Քէյմպրիճի համալսարաններուն մէջ։ 2021 թուականէն ի վեր հայագիտական նիւթեր կը դասաւանդէ Փարիզի մէջ, Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառէն (INALCO) ներս։ Իր մասնագիտութիւնը կ՚ընդգրկէ հասարակագիտութեան, սփիւռքագիտութեան, եկեղեցաբանութեան, ինքնութեան եւ մշակոյթի ոլորտները։ Հրաչ Չիլինկիրեան տոքթորականի կոչումը ստացած է London School of Economics-էն։ Պըրպենքի առաջնորդարանը այս կապակցութեամբ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որու մէջ ընդգծուած է, որ Արեւմտեան թեմը կը պատրաստուի 2027 թուականին նշել իր հիմնադրութեան 100-ամեակը եւ այս նշանակումն ալ կը զուգադիպի յոբելեանի սեմին։ «Մեր տեսլականն է, որ Արեւմտեան թեմը մնայ յոյսի, սիրոյ եւ ծառայութեան կայան ու յենարան՝ գոնէ յառաջիկայ սերունդներուն համար», նշած է Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։