ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, Իսթանպուլի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան նիւթերու վերաբերեալ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին արժեւորուեցաւ՝ TUSAŞ-ի համալիրին վրայ գործուած ահաբեկչական յարձակմամբ պայմանաւորուած իրադրութիւնը։ Նախագահ Էրտողան, որ BRICS-ի գագաթաժողովին առթիւ Քազան մեկնած էր, այս ժողովին նախագահեց անմիջապէս վերադարձին, «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ։
Խորհրդակցութեան մասնակցեցան փոխ-նախագահ Ճեւտէթ Եըլմազ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր, ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա, ընդհանուր սպայակոյտի նախարար զօրավար Մեթին Կիւրաք, ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն, հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն, պաշտպանական արդիւնաբերութեան բաժանմունքի ղեկավար Հալուք Կէօրկիւն, հանրապետութեան նախագահի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդական Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ եւ ԱՔ կուսակցութեան փոխ-նախագահ ու բանբեր Էօմէր Չելիք։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս գագաթաժողովէն վերջ հրատարակուած հաղորդակցութեան մէջ շեշտուած է նաեւ, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը վճռակամութեամբ պիտի շարունակուի։ Աշխատանքները ամբողջ թափով պիտի շարունակուին՝ առանց ահաբեկչութեան երկրի մը համար։ Բաց աստի, Թուրքիա երբեք պիտի չարտօնէ՝ իր սահմաններէն անդին ահաբեկաստանի մը ստեղծուելուն։
Միւս կողմէ, TUSAŞ-ի վրայ գործուած յարձակումէն վերջ, Թուրքիա գործողութիւններ կ՚իրականացնէ Սուրիոյ եւ Իրաքի ահաբեկչական լծակներուն դէմ։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր ծովակալ Զեքի Աքթիւրք երէկ տեղեկացուց, որ վերջին երկու օրերուն 111 ահաբեկչական թիրախ ոչնչացուած է եւ 68 ահաբեկիչ չէզոքացուած։