ԱՆՄԱՀ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Մարդկային հոգեկան ապրումները քաոսի մը ամբողջութիւնն են, սակայն անոնց մէջ կայ մէկը, որ տարբեր է միւսներէն. ապրո՞ւմ է, ձգտում թէ բնազդ՝ չենք գիտեր, սակայն համատարած է եւ մարդկային գոյութիւնն ու բնութիւնը գերազանցելու փորձ մըն է մարդու կողմէ ի գործ դրուած. անմահանալու, գէթ անուամբ ու յիշատակով յաւերժ կենդանի մնալու ինքնաբուխ փորձ մը: Հերոստրատի տիպարը վկայութիւնն է անոր գոյութեան եւ այդ ձգտումը հազարամեակներ ետք դարձեալ գոյութիւն ունի եւ գուցէ պիտի ունենայ այնքան ժամանակ՝ երբ մարդ արարած կը գտնուի երկիր մոլորակին վրայ:
Սակայն պատմութիւնը բոլորը չ՚անմահացներ. ինչո՞վ պայմանաւորուած է անմահութիւնը. կ՚ուզէինք ըսել գործով, սակայն այդ մէկը եւս ճշմարտութիւն չէ, որովհետեւ պատմութիւնը ունի անձնազոհութեամբ մեծամեծ գործեր կատարողները եւս մոռացութեան տալու ապերախտ խառնուածքը: Բախտի գոյութեան չենք հաւատար, սակայն գուցէ այս իրողութեան մէջ բախտը ունի իր դերը եւ անկասկած այդ բախտաւորներէն մէկն է Պոլսոյ հայոց պատրիարքներէն Ներսէս Վարժապետեանը, որուն մահուան 140-ամեակն է այսօր:
Ի տարբերութիւն միւս եկեղեցականներուն, Ներսէս Պատրիարք դպրեվանքի աշակերտ չ՚ըլլար. ուսուցչութենէն կ՚անցնի եկեղեցական պաշտօնի եւ իր երիտասարդ տարիքին՝ 25 տարեկան հասակին եպիսկոպոսութեան աստիճան կը ստանայ. այդ թուականներուն Պոլսոյ Պատրիարքն էր Խրիմեան Հայրիկ, որ պետութեան հետ որոշ անհամաձայնութիւններ ունենալուն իր հրաժարականը ներկայացնելով կը հեռանայ պատրիարքութեան պաշտօնէն եւ Սկիւտարի Իճատիէ թաղէն ներս ամայի տան մը մէջ կ՚առանձնանայ։ Խրիմեան Հայրիկ կը հեռանայ պաշտօնէն հետեւեալ պատճառով. ան կը հիմնէ գաւառի հայութեան հարստահարութիւնը քննող յանձնաժողով մը, ինչ որ կառավարութեան եւ Պոլսոյ շատ մը մեծահարուստ աղաներուն դժգոհութիւն կը պատճառէ, որուն լոյսին տակ Խրիմեան կը ստիպուի իր հրաժարականը ներկայացնել ու հեռանալ պաշտօնէն։ Այդ միջոցին նոր պատրիարք մը ընտրելու անհրաժեշտ նիւթը հրապարակ կը դրուի եւ հակառակ Ներսէս Վարժապետեանի կամքին, անոր անունը եւս կը դրուի որպէս թեկնածու եւ այսպիսով 1874 թուականին Ներսէս Վարժապետեան 36 տարեկան հասակին կը դառնայ Պոլսոյ Պատրիարքական պատմութեան ամենէն երիտասարդ պատրիարքը:
Սակայն Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան չէր ուզեր պատրիարք դառնալ, որովհետեւ երկար տարիներ շաքարախտէ կը տառապէր. հակառակ իր վատառողջ վիճակին՝ բաւականին աշխատանք կար կատարելիք. Պատրիարքարանը կը գտնուէր նիւթական դժուարութիւններու դիմաց. ետքը կար Աղթամարի Կաթողիկոսութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հակառակութիւնը. Ներսէս Պատրիարք հակառակ իր երիտասարդ ու վատառողջ վիճակին՝ կը յաջողի բոլորը կարգաւորել։ Կը գտնէ երկու հիմնական բարերարներ եւ կը լուծէ Պատրիարքարանի նիւթական դժուարութիւնն ու մեծ դեր կ՚ունենայ Աղթամարն ու Էջմիածինը հաշտեցնելու գործին մէջ:
Ներսէս Պատրիարք ի մի խմբելով մտաւորականներ, կը յաջողի հիմնել Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը, որուն հիմնական նպատակն էր հայեցի կրթութիւն տալ հայ ժողովուրդի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ պատրաստել հայկական դպրոցներուն համար, որոնք պիտի երթային գաւառ եւ այլուր հայեցի դաստիարակութիւնը տալու հասակ առնող նոր հայորդիներուն:
Սակայն այս բոլորը ոչինչ էին անոր կատարելիք ապագայ աշխատութիւններուն դիմաց. իր դէմ դրուած կայ գաւառի հայոց բարենորոգութեան խնդիրը. գուցէ այստեղ անմահութեան արժանացաւ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի անունը. անոր գահակալութեան տարիներուն սկիզբ առաւ 1877 թուականի ռուս-թրքական պատերազմը. 1878 թուականին կնքուեցաւ նախնական հաշտութեան պայմանագիր մը։ Խրիմեան Հայրիկ նախապէս փորձած էր հայ ժողովուրդի հարցը ներկայացնել աշխարհին ու հանրութեան, սակայն պետական դժուարութիւններու հանդիպած էր. Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան յաջողեցաւ կնքուած այդ պայմանագրին մէջ 16-րդ յօդուածով պաշտպանել հայ ժողովուրդի շահերը. Ներսէս Պատրիարք ինք անձամբ գնաց հանդիպելու ռուս գերագոյն հրամանատար եպարգոս Նիքոլայի հետ եւ խօսեցաւ հայ ժողովուրդի կրած տառապանքներուն մասին: Այս յօդուածի համաձայն, Ռուս կայսրութիւնը Թուրքիոյ վեց շրջաններու մէջ հայոց պաշտպան պիտի ըլլար, սակայն Անգլիա առաջնորդուելով զանազան քաղաքական շահերէ դէմ գտնուեցաւ այս պայմանագրին եւ չէզոքացուց հայոց ի նպաստ եղած Պատրիարք Հօր դիմումը:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար հայ ժողովուրդը միշտ պատերազմներու մէջ եղած է:
Պատասխան. Հայ ժողովուրդը յաճախ պատերազմներու մէջ եղած է իր ունեցած ռազմավարական դիրքին պատճառով: Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ եղած Հայաստանի լեռնային մասը եղած է միշտ պահանջուած, որ կրնայ առեւտուրի հզօր գօտի դառնալ եւ այս բոլորը բաւարար խոցելի պատճառներ են ներխուժման համար եւ պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդի վրայ յարձակած են Հռոմէական, Պարսկական, Բիւզանդական, Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութիւնները: Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, որ Հայաստան առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը ըլլալով բնականաբար հակամարտութիւն կ՚ունենար շրջակայ տարբեր գաղափարախօսութիւն ունեցող դրացի երկիրներուն հետ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024