ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, ուր նշուեցաւ Գալֆաեան տան հիմնադրութեան տարեդարձը, որուն զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ դպրոցին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Բոլորին համար հաճելի էր նաեւ վայելել ներկայութիւնը Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, որ հիւրաբար քաղաքս կը գտնուի ընտանեկան հաւաքոյթի մը առթիւ։
Եկեղեցին լեցուն էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Քըլըչեանի։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան Գալֆաեան ուխտի հիմնադիր հոգելոյս Սրբուհի մայրապետ Գալֆաեանն ու միաբանութեան անդարձ բաժնուած անդամուհիները, ինչպէս նաեւ դպրոցի բոլոր սպասաւորներն ու երախտաւորները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց նաեւ աշխարհիկ հանդիսութեան, որու մասնակիցներու շարքին էին՝ բացի հոգեւոր հայրերէ, յայտնի բարերարներ, ծանօթ ազգայիններ, համայնքային վարիչներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Սիրոյ սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ՝ մինչ Գալֆաեան տան ընտանիքի պատասխանատուները բոլորը հիւրընկալեցին նախանձախնդրօրէն։ Յայտագրի տեւողութեան ելոյթներ ունեցան Գալֆաեանէն վարչայիններ, ինչպէս նաեւ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մասիս Գույումճու, որ կը գլխաւորէր կարգադիր յանձնախումբը։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ վարժարանի աշակերտները արժանացան ծափահարութիւններու։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան արտասանեց սրտի խօսք մը։ Յուշանուէրներ յանձնուեցան խումբ մը երախտաւորներու, որոնց մատուցած ծառայութիւնը երախտիքի արժանի նկատուած էր Գալֆաեանի ընտանիքին կողմէ։
Պոլսոյ Ասիական ափի համայնքային մարմիններու համախմբումով կազմակերպուած այս տարուան հանգանակութիւնը, ընդհանրապէս, պսակուեցաւ յաջողութեամբ։ Սիրոյ սեղանի աւարտին տեղեկացուեցաւ, որ շուրջ 14 միլիոն լիրա հանգանակուած է՝ մինչ յայտարարուած պիւտճէի բացը մօտաւորապէս 16 միլիոն 500 լիրա էր։
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ մաղթեց, թէ այս հանգանակութեան արդիւնքը ցոլանայ նաեւ յառաջիկայ սիրոյ սեղաններուն վրայ։ Ան համոզուած է, թէ համայնքը պէտք է որոշում մը տայ։ «Մենք մէ՞կ համայնք ենք, թէ ոչ։ Մեր վարժարաններէն իւրաքանչիւրը մեր բոլորի՞ն կը պատկանի, թէ ոչ», ըսաւ ան եւ հերթական անգամ մատնանշեց համայնքի հաւաքական հարստութիւնը նոր մտայնութեամբ տնօրինելու համար Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) հարթակին վրայ ձեւ մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը։
Ներկաները արձակուեցան Տէրունական աղօթքով։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024