ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԵՒ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս եզակի երեւոյթ մը դարձաւ շաբաթավերջին Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած համերգը՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Հանդիսաւոր եւ անմոռանալի երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին արժեւորուեցան երկու յոբելեաններ։ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 155-ամեակն ու Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի 95-ամեակները միահիւսուած ձեւով մատուցուեցան երաժշտասէրներուն, որոնք բացառիկ հաճոյք ստացան այս համերգէն։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթեր, համերգը պատուեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, ներկայացուցչութեան անձնակազմէն Վերոնիքա Ավդանտիլեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։
Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Պեսսէ Քապաքի, Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի եւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի համագործակցութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս ձեռնարկը, որու բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Ձեռնարկի գլխաւոր հերոսն էր սրնգահար Թամար Էսքէնեան, որ Կամիտաս Վարդապետի շառաւիղն է եւ երաժշտական գործունէութիւն կը ծաւալէ Զուիցերիոյ Պազէլ քաղաքին մէջ։ Թամար Էսքէնեան իսկապէս անմոռանալի ապրումներ պարգեւեց ներկայ երաժշտասէրներուն, որոնք մնացին իր շնչաւոր նուագարաններով գործած հրաշքներու տպաւորութեան տակ։ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբն ալ հերթական գագաթ մը նուաճեց այս համերգին ժամանակ՝ մեծն Կոմիտաս Վարդապետի գործերու գերազանց կատարումներով։ Յայտագրին միացան նաեւ դաշնակահար Ռոպէր Տողանայ եւ դհոլահար Սեւան Կարապետօղլու։
Տաճարին մէջ պատուանդանի մը վրայ զետեղուած էր Կոմիտաս Վարդապետի փոքրիկ արձանը, որու տակ զետեղուած էր նաեւ կանթեղ մը։ Խորանին վրայ ալ պարզուած էին Կոմիտասի մեծադիր դիմանկարները։ Բաւական խորհրդաւոր մթնոլորտ մը ստեղծուած էր, որու պայմաններուն ներքեւ բոլորը կարողացան հաղորդ դառնալ Կոմիտասի թողած աւանդին, որ կու գայ գերազանցել ժամանակները եւ նորովի կ՚արժեւորուի միշտ։
Համերգը մէկ կողմէն անմոռանալի էր, իսկ միւս կողմէ այնքան կատարեալ էր, որ երկարաշունչ յայտագիրը ակնթարթի մը նման անցաւ ներկաներուն տեսակէտէ։ Բոլորը կարծես երազանքէ մը արթնցան, երբ յայտագրի գործադրութեան աւարտին որոտընդոստ ծափահարութիւններ հնչեցին թէ՛ Թամար Էսքէնեանին եւ թէ Լուսաւորիչ երգչախումբին համար։
Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց հուսկ բանքը, որու ընթացքին հետաքրքրական խորհրդածութիւններ ըրաւ մեծն Կոմիտաս Վարդապետի մասին։ Ան շեշտեց, որ Կոմիտաս Վարդապետը նոյնիսկ սրբադասման երանելիութեան պարագան գերազանցած է, որովհետեւ աշխարհի վրայ ամէն օր կ՚ոգեկոչուի, անընդհատ իր գործերուն վրայ աշխատանք կը տարուի եւ անընդհատ իր մասին խօսք կը հնչէ։ Ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն համար նախատեսուած զանազան յուշանուէրները յանձնուեցան Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ։ Այս ամբողջին մէջ, անշուշտ, մասնաւորապէս կարեւոր էին Թամար Էսքէնեանին համար պատրաստուած յուշանուէրները, որոնք մի առ մի յանձնելու ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատանքը արտայայտեց համակրելի արուեստագիտուհիին նկատմամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց նաեւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին արձանագրած յաջողութիւնը եւ այս ամբողջին մէջ առանձնացուց խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանը, որ տասնամեակներէ ի վեր այս երգչախումբը կենսունակ կը պահէ, որ ապահոված է, որպէսզի տասնեակ երիտասարդներ հանդէս գան՝ իբրեւ մէկ ու միասնական ձայն։
Համերգի աւարտին բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին արուեստագէտները, որոնց նկատմամբ յայտնեցին իրենց գնահատանքն ու համակրանքը։