ՊԱՏԿԱՌԵԼԻ ԸՆՏԱՆԻՔ ԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆ ՄԸ՝ ԴԱՐԱՒՈ՜Ր ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը…

Երբ մանուկ էի, դեռ անծանօթ էի կարդալու եւ գրելու՝ հայերէն առաջին տառը կարդացի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ եւ այդպէս ծանօթացայ հայերէնի, հայ տառերու՝ այբուբենին։ Այդ պահուն հօրս եւ մօրս ուրախութիւնը մեծ էր եւ անոր կը մասնակցէր նաեւ եղբայրս։

Ասիկա զարմանալի չէր, քանի որ հայրս Գրիգոր յաճախ կը խօսէր ինծի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մասին, ուր ինքն ալ պարբերաբար յօդուածներ կը ստորագրէր՝ քանի որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը աւանդ մը, ժառանգ մըն էր իրեն՝ հօրմէն՝ Արտաշէս Գալփաքճեանէ եւ մօրեղբօրմէն՝ Սիմոն Չէօմլէքճեանէ։ Հօրս համար «ընտանիք» մըն էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ը։ Եւ այդ պատուական ընտանիքին անդամը ըլլալ մեզի համար պատիւ եւ պարծանք էր…

Եւ ամէն անգամ որ գրիչը ձեռքս կ՚առնեմ մրոտելու համար թուղթը՝ կը զգամ իմ նախնիներուս սէրը եւ կապուածութիւնը այս դարաւոր ընտանիքին։ Կը յիշեմ նաեւ, թէ հայերէն առաջին տառը ճանչցած եմ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն վրայ։ Արդարեւ, այս անգին ժառանգը իր արժէքով պահել պատասխանատուութեան հարց մը, պարտականութիւն մը եղած է մեզի համար։ Եւ այդ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ միշտ յարգելով ընթերցողը՝ այս մտադրութեամբ սկսաւ այս խոնարհ գրիչը շարժիլ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սուղ սիւնակներուն մէջ։

Հօրս յօդուածները ես կը տանէի խմբագրատուն, ուր ծանօթանալու պատիւը ունեցած էի Մարտիրոս Գօչի հետ, որ հօրս դասընկերը եղած է եղեր Մայր վարժարանէն եւ իր կրտսեր եղբօր՝ Արա Գօչի։ Եւ պէտք է խոստովանիմ, որ այս սիւնակները եթէ ժառանգ մը եղած են հօրմէս, նաեւ կտակ մը եղաւ Արա Գօչի կողմէ՝ քանի որ ամէն անգամ որ հօրս յօդուածը կը տանէի տպարան, կը հարցնէր, թէ ե՞րբ պիտի յանձնեմ նաեւ իմ գրութիւններս։ Եւ ան միշտ կը քաջալերէր՝ ըսելով, որ այս գրիչը պէտք է շարունակէ շարժիլ։ Արա Գօչի «Ողջո՜յն Ամենքին» սիւնակին տեւական ընթերցողը եղած էի այլեւս եւ շատ բան սորված իրմէ։ ԺԱՄԱՆԱԿ ընտանիք մըն էր, նաեւ դպրո՛ց մը՝ օրաթերթ մը ըլլալէ աւելի։

Ի՞նչու եւ ինչպէ՞ս ԺԱՄԱՆԱԿ կրցաւ սերունդներ, դարեր գոյապահպանել իր էութիւնը եւ գոյատեւել անընդհատ եւ առանց ընդմիջումի։ Իրապէս, հազուադէպ պարագայ մըն է հաստատութեան մը դարէ մը աւելի գոյատեւելը եւ ԺԱՄԱՆԱԿ յաջողած է ասիկա իրականացնել։

Ըստ մեր համեստ կարծիքին, ասիկա նախ արդիւնք է «մամլոյ ազատութիւն»ը չափաւոր եւ իր սահմաններուն մէջ գործածելու հմտութեան՝ անաչառ եւ շիտակ, միայն ճշմարտութեան ծառայելու։

Եւ այսքան տարուայ փորձառութեամբ տեսայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին «գրիչ»ը ո՛չ ծախու է եւ ո՛չ ալ վարձու։ Երբ գրիչը կը շարժի ինքնուրոյն եւ չի ծառայեր մարդահաճութեան, այլ կը ցոլացնէ միայն եւ միայն ճշմարտութի՛ւնը, անոր կեանքը երկարատեւ կ՚ըլլայ…

Երկրորդ կարեւոր պատճառն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի երկարատեւութեան՝ ընթերցողին հանդէպ յարգանքը, զոր ան դրսեւորած է եւ կը դրսեւորէ բծախնդրութեամբ։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր ընթերցող անդամ եւ բարեկամ է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին։ Քանի որ, ընդհանրապէս, մամուլը ծառայողներու եւ ծառայութիւն ընդունողներու ամբողջ մըն է եւ այս ամբողջութիւնը դարէ մը աւելի հաստատած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ը։ Գրողը որքան որ արժէք մը ունի, նոյնքան եւ երբեմն աւելին ունի ընթերցողը՝ քանի որ առանց ընթերցողի մամուլը ամլութեան մատնուած, անօգուտ զանգուածի մը կը վերածուի, ինչպէս առանց ուսանողի դպրոց մը… Ուստի, ամէն ծառայութիւն արժէք կը ստանայ, երբ այդ ծառայութիւնը ընդունողներ, այդ ծառայութենէն օգտուողներ գտնուին։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, ահաւասիկ այս սկզբունքով կրցած է գոյատեւել սերունդէ սերունդ՝ դարէ մը աւելի։ Եւ մենք վկայած ենք այս իրողութեան եւ կը շարունակենք մեր ճամբան՝ ծառայելով միայն ճշմարտութեան՝ անաչառ եւ հեռո՛ւ՝ ամէն մարդահաճութեան փորձութենէ։

Ինչպէս մատնանշեցինք, այս իմաստով, յիշատակարան-թանգարան մըն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, որ վկայած է բազմաթիւ իրողութիւններու, դէպքերու, ապրելով ուրախ եւ տխուր պահեր եւ միշտ ծառայելով հայ մշակոյթին՝ անշուշտ յարգելով բոլոր միւս մշակոյթները, քանի որ ան հաւատացած է, թէ մշակոյթը տիեզերական է՝ ամբողջականութիւն մը բոլոր մշակոյթներուն։ Ընդհանրապէս մամուլը կարեւոր կապ մըն է անհատներու եւ մշակոյթի միջեւ հաստատուած եւ մամուլը կարեւոր դեր մը կը խաղայ մարդոց գոհացում տալով իրենց հետաքրքրութեան, թէ ի՞նչեր կը պատահին իրենց շուրջը, եւ հետաքրքրութիւնը գոհացնել մարդուս հիմնական պահանջներէն մէկն է։

Արդարեւ, ընդհանրապէս, գրաւոր մամուլը՝ յատկապէս օրաթերթերու աշխատաւորներ պարտաւոր են պաշտօնի վրայ մնալ եւ որեւէ արգելք, նոյնիսկ հիւանդութիւն, կորուստ չ՚արդարացներ ընդմիջելու թերթին հրատարակութիւնը, քանի որ ան պէտք է հրատարակուի անխափան ամէն օր՝ ծառայութիւն տալու իր ընթերցողներուն։ Եւ ասիկա կ՚ենթադրէ ծանր աշխատանք եւ պատասխանատուութիւն։

Զոհողութեան գագաթնակէտին կը հասնի մամուլի աշխատաւորներուն նուիրումը. հոգեւոր ծառայութեան եւ մտաւոր աշխատութեան համազօր է անոնց աշխատանքը։ Եւ այս իմաստով հասարակաց բարիքի եւ օգուտի համար աշխատութիւն մըն է մամուլինը։

Եւ դարէ մը աւելի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ամբողջ ընտանիքով այս վսեմ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ, անձնուիրական ոգիով ծառայեց հասարակութեան՝ իր հաւատարիմ ընթերցող բարեկամներուն եւ իր վարձքը եղաւ անոնց հոգեմտաւոր գոհացումը։

Մեր սրտաբուխ խօսքերը վերջացնենք Victor Hugo-էն հետեւեալ մէջբերումով. «Մամուլը ընկերային աշխարհին լոյսն է եւ ուր որ լոյս կայ՝ հոն կայ նաեւ Նախախնամութեան մատը»։ Կարծես ԺԱՄԱՆԱԿ-ին համար ըսուած ըլլար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 22, 2024, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2024