ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԵՌԱՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
2018-ի իշխանափոխութենէն առաջ, որ նոյնիսկ ներկայ իշխանութեան ներկայացուցիչները արդէն կ՚ամաչնան «յեղափոխութիւն» անուանել, հանրային-քաղաքական կեանքի գլխաւոր դերակատարները, այսպէս կոչուած, «քաղաքացիական հասարակութեան» ներկայուցիչները դարձած էին։ Սա պայմանաւորուած էր այն իրողութեամբ, որ իշխող ու ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, քաղաքական գործիչները այլեւս հանրային վստահութիւն չէին վայելեր:
2018-էն առաջ Հայաստանի քաղաքական համակարգը նոյնպէս վարկաբեկուած էր: Արդար ընտրութիւններու հանդէպ հանրային անվստահութեան պայմաններուն մէջ անոնց նկատմամբ այլ վերաբերմունք դժուար էր սպասել (եթէ հանրութեան մօտ կար խորքային համոզմունք, որ ընտրութիւններով կարելի չէ իշխանութիւն փոխել, ապա ո՞րն էր քաղաքական կուսակցութիւններու գոյութեան իմաստը):
Հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, իրաւապաշտպանները, բնապահպանները սկսան այդ բացը լրացնել: Պատահական չէր, որ փողոցէն համալրուող՝ իշխանութեան եկած կուսակցութիւնը «Քաղաքացիական պայմանագիր» անուանուեցաւ:
«Քաղաքացիական հասարակութիւն» հասկացութիւնը հիմնուած է սկզբունքներու վրայ, որոնցմէ կարեւորագոյնը՝ քաղաքական կողմ չդառնալն է, երկակի չափանիշներ չունենալ եւ անաչառ ու անկողմնակալ ըլլալն է։
Մէկ կողմ թողենք այն խնդիրը, որ անոնք հիմնովին արեւմտեան դրամաշնորհներով կը գանձատրուէին եւ, բնականաբար, ունէին որոշակի պարտաւորութիւններ: Այստեղ խնդիրը աւելի հիմնարար է: Որեւէ քաղաքագիտական կամ հասարակագիտական հանրագիտարանի մէջ կարելի է գտնել քաղաքացիական հասարակութեան ընդունուած բնութագիրը. քաղաքացիական հասարակութիւնը քաղաքացիներու այն հանրոյթն է, որ հեռու է իշխանութեան լծակներէն, պաշտպանուած է պետական ու իշխանական մարմիններու անմիջական միջամտութենէն, անոնց կամայական կարգաւորումներէն, ինչպէս նաեւ այլ արտաքին՝ քաղաքական ու գործարքի ազդեցութենէն։ Պարզ ըսելով՝ անոնք իշխանութեան առջեւ հանրութեան շահերն ու պատկերացումները կը ներկայացնեն:
2018 թուականին տեղի ունեցաւ այն, ինչ որ անխուսափելի էր․ քաղաքական փլուզուած դաշտը սկսաւ համալրուիլ ինքնին՝ «քաղաքացիական հասարակութեան» շարքերով, այսինքն, վերը ներկայացուած քաղաքացիական հասարակութեան բոլոր սկզբունքները խախտուեցան։ Իրաւապաշտպանները, բնապահպանները, տարատեսակ իրաւունքներու պաշտպանները դարձան նախարարներ, պատգամաւորներ, տեղական իշխանութեան ղեկավարներ՝ որոշ պարագաներուն դառնալով աւելի կաշառակեր եւ իրաւական պետութեան սկզբունքները աւելի բացայայտ ու կոպիտ եղանակներով խախտող քան՝ իրենց նախկին գործընկերները:
Արդիւնքը, քաղաքական համակարգը ինչպէս փլուզուած էր 2018-ի իշխանափոխութենէն առաջ, նոյն վիճակին մէջ է այսօր, իսկ «քաղաքացիական հասարակութիւն» հասկացութիւնը Հայաստանի մէջ՝ վարկաբեկուած է: Սա արդէն ո՛չ միայն քաղաքական, այլեւ ընկերային ու արժէքային ճգնաժամի ցուցիչ է:
Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի