ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան 2025 թուականի պետական պիւտճէին վերաբերեալ քննարկումները արդէն ընթացքի մէջ են։ Հայաստանի Ազգային ժողովը երկու օրէ ի վեր արդէն այս աշխատանքին ձեռնարկած է՝ զանազան ուղղութիւններով։ Երէկ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ խորհրդարանի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին, որու ընթացքին եւս 2025 թուականի պետական պիւտճէին նախագիծը աչքէ անցըուեցաւ։ Ան այս առթիւ յայտարարեց, որ երկրէն ներս համընդհանուր թշուառութեան պայմաններուն ներքեւ բարեկեցութիւնը մարդոց աչքին փուշ կը դառնայ։ «Հետեւաբար, երբ ես կ՚ըսեմ՝ պետական պիւտճէն մեր մեծ ընտանեկան պիւտճէն է, սա արդէն համերաշխութեան մասին է», ըսաւ Փաշինեան։

Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի մէջ ըսաւ, որ պետութիւնը բարեկեցութիւն ապահովելու միջոց մըն է։ «Քաղաքացիները պետական պիւտճէի մէջ իրենց ներդրումը կ՚ընեն՝ յանուն բոլորի բարեկեցութեան։ Բարեկեցութեան անբաժանելի բաղադրիչներն են կենցաղային յարմարաւէտութիւնը, ազատութիւնը, արդարութիւնը, օրինականութիւնը, արտաքին ու ներքին անվտանգութիւնը, մշակութային կեանքը», ըսաւ վարչապետը։ Բաց աստի, ան համոզուած է, թէ եթէ կայ լայնածաւալ թշուառութիւն եւ աղքատութիւն, ապա հատուածական բարեկեցութիւնը առաջին թիրախը կը դառնայ եւ աչքի փուշ կ՚ըլլայ։ Ատելութիւն կը ձեւաւորուի որեւէ բարեկեցիկ միջավայրի դէմ։ «Հնարաւոր է՝ լաւ վաստկիլ, բայց համընդհանուր թշուառութեան եւ աղքատութեան միջավայրին մէջ այդ վաստակը վայելելու բերկրանք եւ հնարաւորութիւն չունենալ, այլ ընդհակառակն՝ ունենալ մեկուսացման եւ տագնապի զգացում, թէ աշխատանքով ձեռք բերածդ կրնայ կորսուիլ ապօրինի ինչ-ինչ ազդեցութիւններու հետեւանքով», շարունակեց Փաշինեան։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի 2025 թուականի պետական պիւտճէի դրամագլխային ծախսերու 55,8 տոկոսը պիտի յատկացուի պաշտպանութեան ոլորտի զարգացման։ Սա արդէն 20 տոկոս յաւելում մը կը նշանակէ այս տարուան պետական պիւտճէով պաշտպանութեան համար սահմանուած միջոցներուն բաղդատմամբ։ Այսպէսով, պաշտպանութեան ուղիղ ծախսերը պիտի կազմեն Հայաստանի համախառն ներքին աճի 6 տոկոսը եւ 2024 թուականի բաղդատմամբ աւելի բարձր պիտի ըլլան 0,7 տոկոսով։

Յաջորդ տարի Հայաստանի պետական պիւտճէին մէջ դրամագլխային ծախսերը այս տարուան բաղդատմամբ 5,4 տոկոսով բարձր պիտի ըլլան։ Հայաստանը 2025 թուականին 600 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ պիւտճէի աջակցութեան վարկ պիտի օգտագործէ։ 500 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ եւրոպոնտի արժեթուղթեր պիտի թողարկէ։ Այս ամբողջը ուղղուած պիտի ըլլայ ո՛չ միայն պիւտճէի բացը կառավարելու, այլեւ նախապէս ստացուած վարկերու մայր գումարները վերադարձնելու։ Յամենայնդէպս, ըստ հաղորդումներուն, յառաջիկայ տարի Հայաստանի պետական պարտքը պիտի բարձրանայ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիւտճէի քննարկումներուն ընթացքին շեշտեց, որ պետութիւնը բարեկեցութիւն ապահովելու միջոց մըն է։ Միեւնոյն ժամանակ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Պետական պիւտճէի եկամուտները կախուած են այն հանգամանքէն, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացի, ինչ արդիւնաւէտութեամբ եւ թափանցիկութեամբ կ՚աշխատի»։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2024