ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ 101 ՏԱՐԵԿԱՆ…

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը գոյատեւման երկրորդ դարուն մէջ կը շարունակէ իր ամուր երթը։ Այսօր դարձեալ Հանրապետութեան տօնն է։ Ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման, այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի 29 Հոկտեմբերը։ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը արդէն 101 տարեկան է…

Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի եւ իր լծակից ընկերներու ոգեկոչման համար ալ այս օրը կը հանդիսանայ հերթական շարժառիթը։ Ժողովուրդը կը վերանորոգէ իր երախտագիտական զգացումները Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքին եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան ճանապարհին դեր ստանձնած գործիչներուն նկատմամբ։ Հանրապետութեան տօնը միեւնոյն ժամանակ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, որպէսզի երկրի քաղաքացիները վերահաստատուին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան անանջատելի ամբողջականութեան, ժողովրդավարական ու աշխարհավար համակարգի անհրաժեշտութեան վերանորոգ գիտակցութեան մէջ։

29 Հոկտեմբերի տօնը այսօր հանրութեան բոլոր հատուածներուն, ժողովուրդի բոլոր խաւերուն համար մեծ ուրախութեան աղբիւր կը դառնայ։ Բոլորը կը հասկնան, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան աւարտած 101 տարիները կը բնորոշեն միեւնոյն ժամանակ ժողովրդավարութեան ճանապարհի յամառ երթ մը։ Երկիրը այսօր եւս ունի ձգտումը այդ ժողովրդավարական ընթացքը ամրապնդելու, նաեւ արգասաւորելու տնտեսական վերելքով, համընդհանուր բարեկեցութեամբ։

Հանրապետութեան տօնին իմաստը այս տարի եւս կը բիւրեղանայ երկրէ ներս միասնականութեան գիտակցութեան ամրապնդումով։ Ժողովուրդի բոլոր խաւերը այսօր կը ձգտին երկրէն ներս միութեան գաղափարի ամրացման։ Բոլորին հասարակաց փափաքն է, որ երկիրը զարգանայ անվտանգ, կատարելագործէ իր ժողովրդավարութիւնը եւ անոր բարօրութենէն համահաւասար բաժին վիճակի բոլորին՝ քաղաքացիական պատասխանատուութիւններու նկատմամբ նախանձախնդրութեան հասարակաց գետնին վրայ։ Այդ սկզբունքները կը համարուին այն հիմնական նախադրեալը, որով Թուրքիա բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին կեանքին մէջ՝ մանաւանդ, որ մայրաքաղաք Անգարայի վերջին օրերու ահաբեկչական յարձակումը երկիրը այնպէս մը համախմբած է, որ միանշանակ ձախողած են յետին նպատակները։

Մինչ այդ, պետական աւագանին այսօր կ՚այցելէ Աթաթիւրքի յուշադամբանը, ուր իր խոնարհումը կը բերէ հանրապետութեան հիմնադրին եւ զինակից ընկերներու յիշատակին առջեւ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան 29 Հոկտեմբերի առթիւ հրապարակած է նաեւ պատգամ մը։ Ան այսօր Հանրապետութեան տօնին առթիւ շնորհաւորութիւններ կ՚ընդունի Պեշթեփէի համալիրին մէջ, ուր օրուան աւարտին նախատեսուած է նաեւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2024