ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան շաբաթավերջին այցելեց Վրաստան, ուր քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած ընտրութիւններով պայմանաւորուած լարուածութիւն մը խնդրոյ առարկայ է։ Վիքթոր Օրպան Թիֆլիզի մէջ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէի կողմէ։ Անոնք ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

Օրպան համոզուած է, թէ Վրաստանի կառավարութիւնը թոյլ չէ տուած, որպէսզի երկիրը վերածուի երկրորդ Ուքրայնայի մը։ Քոպախիծէի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ան ըսաւ. «Հունգարիա կը պաշտպանէ երկիրը չքանդելու եւ անիմաստ պատերազմի մը մէջ չմտնելու ձեր ցանկութիւնը։ Մենք կ՚ողջունենք, որ վրացի ժողովուրդը ընտրեց խաղաղութիւնը, իսկ կառավարութիւնը Եւրոպայի հետ համարկման փափաքի համատեսքին մէջ թոյլ չտուաւ, որպէսզի երկիրը վերածուի երկրորդ Ուքրայնայի մը»։ Օրպանի խօսքով՝ Վրաստանի մէջ ընտրութիւնները անցած են ազատ եւ արդար եւ ընտրութիւններու արդիւնքներու վերաբերեալ վէճերը կը շարունակուին։ Բայց եւ այնպէս, Վրաստանի կառավարութիւնը պէտք չէ ուշադրութեան առարկայ դարձնէ զանոնք։ «Եթէ ազատականները յաղթէին, ապա ամբողջ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ սա պիտի ներկայացուէր՝ որպէս ժողովրդավարութիւն իր լաւագոյն ձեւով։ Բայց, հիմա, քանի պահպանողական ոգին յաղթած է, Եւրոպայի մէջ արդէն կը վիճին», ըսաւ ան։

Հարկ է նշել, որ Հունգարիա այս տարի Եւրոմիութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը կը վարէ։ Վիքթոր Օրպանի Թիֆլիզ այցելութեան ընթացքին ընդգծուեցաւ այս հանգամանքին կարեւորութիւնը։ Քոպախիծէ շեշտեց, որ Եւրոմիութեան հետ համարկումը Վրաստանի արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն մին է։ Ան Օրպանին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ եւրոհամարկման ճանապարհին ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Քոպախիծէ յիշեցուց, թէ Հունգարիա առանձնայատուկ դեր խաղացած է, որպէսզի Վրաստան Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ ստանայ։ Իր կարգին, Օրպանն ալ վստահութիւն յայտնեց, թէ Վրաստան կը դառնայ Եւրոմիութեան անդամ։

Յամենայնդէպս, Պրիւքսէլն ու Մոսկուան միշտ տարբեր յաճախականութիւններու վրայ են՝ Թիֆլիզէ ներս ձեւաւորուած հաւասարակշռութիւններու պարագային եւս։ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել երէկ ըսաւ. «Խորհրդարանական ընտրութիւններէն վերջ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները խիստ մտահոգիչ են, կոչ կ՚ուղղեմ՝ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ արդար հետաքննութիւն կատարել»։ Ան շեշտեց, որ միջազգային դիտորդները խախտումներ արձանագրած են թէ՛ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին եւ թէ ընտրութիւններու օրը։ Անոնք ալ այդ ընտրութիւնները չեն համարած ազատ ու արդար։

Իր կարգին, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսաստան մտահոգուած է խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ Արեւմուտքի կողմէ Ռուսաստանին ներկայացուած վերջնագրերով։ «Մենք չենք միջամտեր հարեւան երկրի մէջ տեղի ունեցածին, սակայն, մտահոգուած ենք, որ Եւրոմիութեան երկիրներն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները երէկ իրենց պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ վերջնագիր ներկայացուցած են Վրաստանի ղեկավարութեան», ըսաւ Տիմիթրի Փեսքով։

Իր կարգին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընն ալ Վրաստանի կառավարութեան կոչ ուղղեց, որպէսզի ընտրութիւններու մէջ տեղ գտած հաւանական խախտումները հետաքննուին։

Միւս կողմէ, Վիքթոր Օրպան Թիֆլիզի մէջ յայտնեց, թէ Հունգարիոյ, Ռումանիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ մեկաեւրոպական նախագիծ մը կը հասուննայ։ Այսպէս, Սեւ ծովու յատակով բարձրավոլթ ելեկտրահաղորդման գիծ մը անցընելու ծրագիրը մշակուած է, ինչ որ մեկաեւրոպական բնոյթ կը կրէ։ Այսպէսով Վրաստանի տարածքի միջոցով դէպի Եւրոմիութեան շուկայ պիտի ապահովուի կանաչ ուժանիւթի մատակարարում։ Վիքթոր Օրպան յայտնեց, որ Ատրպէյճան, Ռումանիա եւ Հունգարիա այս ուղղութեամբ կ՚աշխատին եւ համատեղ ձեռնարկութիւն մը ստեղծած են։ «Սա վճռական քայլ մըն է այս ուղղութեամբ եւ ես կը յուսամ, թէ կ՚ըլլայ Եւրոմիութեան ամենայաջող նախագծերէն մին», յայտնեց ան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2024