«ՄԵԾՑՆԵԼ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԱՃԻ ՆԵՐՈՒԺԸ»

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեան յայտարարեց, որ պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի երկրի տնտեսութեան աճի ներուժը մեծնայ։ Ան համոզուած է, թէ վաղ թէ ուշ Հայաստանի տնտեսութիւնը պիտի զարգանայ՝ սեփական հնարաւորութիւններուն համապատասխան։ Ան խօսեցաւ աւելի որակեալ եւ աւելի եզակի արտադրանքով երկիր մը դառնալու նիւթին շուրջ։ «Մեր արտադրած ապրանքներն ու ծառայութիւնները եթէ աւելի բարդ ըլլան, ապա սա կ՚ենթադրէ աւելի բարձր եկամտաբերութիւն։ Այդ խնդիրներուն վրայ պէտք է կեդրոնանանք՝ որպէս երկիր», ըսաւ Մարթին Գալստեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Մարթին Գալստեան տեղեկացուց, որ Կեդրոնական դրամատունը կը քննարկէ Հայաստանի մէջ գնաճի թիրախը 4 տոկոսէն 3 տոկոս դարձնելու հնարաւորութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան չբացառեց ապագային վարկային տոկոսադրոյթներու նուազման հաւանականութիւնը։

Մարթին Գալստեանի կանխատեսումներով՝ արտաքին հատուածէն Հայաստանի տնտեսութեան վրայ կ՚ակնկալուի տկար գնաճային ազդեցութիւն։ Կեդրոնական դրամատան նախագահը ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ ընթացիկ առումով թէեւ բարձր տնտեսական աշխուժութիւն կը նկատուի, սակայն, ներքին ծառայութիւններու նկատմամբ արտաքին պահանջարկը կը շարունակէ տկարանալ։ «Նման իրավիճակի մէջ աշխատաշուկայի պայմանները կը շարունակեն ճշգրտուիլ՝ արտայայտուելով աշխատավարձերու, կոշտ գիներով բնութագրուող ծառայութիւններու գնաճի եւ գնաճային սպասումներու որոշակի կայունացմամբ», ըսաւ ան։

Հուսկ, Գալստեան նշեց, որ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան խորհուրդը որոշած է շարունակել դրամավարկային պայմաններու աստիճանական թուլացումը։ Խորհուրդը կը շարունակէ մշտադիտարկել տնտեսութեան զարգացման բեմագրութիւնները եւ պատրաստ է ձեռնարկել համարժէք գործողութիւններու՝ միջնաժամկէտ հորիզոնի վրայ գիներու կայունութեան ապահովման առաջադրութեամբ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2024