ԿՐՕՆ ԵՒ ԲՆՈՒԹԻՒՆ
Կրօն եւ բնութիւն՝ երկուքն ալ միեւնոյն ծնողին զաւակներն են, Հօր զաւակները, որ հաւատարմութեամբ կը գործադրեն Անոր կամքը եւ քանի որ նո՛յն Հօր որդիներն են, երբեք իրարու չեն հակառակիր։ Արուեստական կերպով, կրօնը եւ բնութիւնը հակադրել՝ նուազագոյն բացատրութեամբ, անխոհեմութիւն է եւ սխա՛լ։ Ուրեմն բնութիւնը՝ մարդուն էական կատարելութիւնը՝ սրտին ու մտքին գերազանցութեան մէջ կը գտնէ, որ կարեւոր ու լաւագոյն մասն է մարդ էակին, եւ նաեւ կ՚ուզէ մարմնին, ֆիզիքական էութեան քաջառողջութեան օժանդակել այնքան՝ ո՛րքան հոգեկան բարիքին համար օգտակար է եւ նպաստաւոր, եւ ո՛րքան որ չի՛ վնասեր անոր։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ բնութիւնը կ՚ապահովէ մարդ էակին չափաւորութիւնը եւ հոգի, միտք եւ մարմին երրորդութեան ներդաշնակութիւնը։
Արդարեւ բնութիւնը ունի իր յատուկ գործելակերպը, կանոնները՝ որոնք կը ծառայեն անոր, որպէսզի կարենայ իրագործել իր պարտականութիւնը։
Իսկ կրօնը՝ մարդուս հոգիին ճշմարիտ բարձրութիւնը ցոյց կու տայ եւ կը հրամայէ անոր՝ հետամուտ ըլլալ իրեն եւ հնազանդիլ իր օրէնքին։
Ուրեմն երկուքն ալ՝ կրօն եւ բնութիւն, նպատակ ունին մարդկային բարիքը եւ օգուտը՝ ապահովել, պահել եւ ամէն կերպով լաւ վիճակ մը ստեղծել մարդուս համար։
Զոր օրինակ, բնութիւնը ամէն խաբեպատիր բարիքներէն վե՛ր կը բարձրացնէ մարդը, որոնց մէջ ան՝ երկրաւոր կեանքի կարճ եւ սահմանուած ժամանակամիջոցին մէջ պիտի ուզէր իր երջանկութիւնը փնտռել։ Բայց ասիկա բնութեան ցոյց տուած ճամբան չէ՛, այլ՝ տկարութեան, անզօրութեան՝ որ առողջ բնութեան կ՚ընդդիմանայ եւ կ՚ապականէ զայն։
Եւ երբ կը խօսինք բնութեան մասին, ապա ուրեմն տեսնենք, թէ ի՛նչ է «բնական կեանք»ը։ «Բնական կեանք»ը աստուածային-բնական օրէնքներով, ստեղծագործութեան արդիւնք գոյութիւն ստացած կեա՛նքն է։ Աւելի պարզ խօսքով՝ նախաստեղծ մարդուն բնական կեանքն է։ Այս իմաստով բնական կեանքը տուողը՝ Աստուած է. «Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ» (ԾՆՆԴ. Բ 7)։
Իսկ Գործք Առաքելոցին մէջ կը կարդանք. «Վասնզի անով կ՚ապրինք եւ կը շարժինք ու կա՛նք, ինչպէս ձեր բանաստեղծներէն մէկ քանիներն ալ ըսին.- Քանզի մենք անոր ցեղէն ալ ենք» (ԳՈՐԾ. ԺԷ 28)։ Ուստի Աստ-ւած միշտ կը խնամէ ու կը պահպանէ իր բոլոր արարածները, քանի որ Ան ո՛չ միայն «Արարիչ», այլ նաեւ՝ «Նախախնամ» է։
«Քու արդարութիւնդ հզօր լեռներու պէս է, Քու իրաւունքդ մեծ անդունդ մըն է. մարդիկն ու անասունները Դո՛ւն կ՚ապրեցնես, ո՛վ Տէր», կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն (ՍԱՂՄ. ԼԶ 6)։ Եւ դարձեալ, կը շարունակէ. «Անիկա մեր հոգին կենդանի կը պահէ ու մեր ոտքերուն սասանիլ չի տար» (ՍԱՂՄ. ԿԶ 9)։ Ուրեմն կը տեսնուի որ բնութիւնը՝ Աստուծոյ միջնորդը, ձեռքն է. միջոց մը՝ ուրկէ Աստուած կը յարաբերուի մարդուն հետ։ Ձեռք՝ որուն միջոցով կը պահէ, կը պահպանէ ու կը խնամէ մարդը։ Քանի որ Ան երբեք չի թողուր մարդը։ «Որ ամէն ապրողի անձը ու բոլոր մարդկային մարմնի հոգին իր ձեռքն ունի» (ՅՈԲ. ԺԲ 10)։ Դանիէլ մարգարէ կ՚ըսէ. «Այլ երկնքի Տէրոջը դէմ քեզ բարձրացուցիր ու անոր տանը անօթները քու առջեւդ բերին եւ դուն ու քու մեծամեծներդ, քու կիներդ ու հարճերդ անոնցմով գինի խմեցիք։ Դուն արծաթէ, ոսկիէ, պղինձէ, երկաթէ, փայտէ ու քարէ շինուած աստուածները գովեցիր, որոնք ո՛չ կը տեսնեն, ո՛չ կը լսեն, ոչ ալ բան մը գիտեն։ Բայց այն Աստուածը՝ որուն ձե՛ռքն է շունչդ եւ որունն են քու բոլոր ճամբաներդ, չփառաւորեցիր» (ԴԱՆԻԷԼ Ե 23)։
Ուստի «բնական կեանք»ը խելացութեամբ ու խոհեմութեամբ կը պահպանուի. «Իր բերանը զսպողը իր անձը կը պահէ, բայց շրթունքները լայն բացողը պիտի կորսուի» (ԱՌԱԿ. ԺԳ 3)։ Այս կը նշանակէ՝ որ մարդ պարտաւոր եւ պատասխանատո՛ւ է իր կեանքէն։
Այսպէս, ահաւասիկ բնութիւնը միջոց մը, շարժառիթ մըն է՝ ուր մարդ կը զգայ, կ՚անդրադառնայ իր ինքնութեան, իր էութեան, իր կոչումին, եւ բնութեան մէջ կը ճանչնայ իր Արարիչը եւ կը ճանչնայ նաեւ ինքզի՛նք։ Եւ մարդ, որքան տիրապետէ բնութեան՝ ա՛յնքան կը մօտենայ Աստուծոյ, կը մտերմանայ Անոր, եւ ամբողջութեամբ կը ճանչնայ զԱյն։ Բայց մարդ, ո՜րքան մօտենայ մարդոց, ո՜րքան մտերմանայ անոնց եւ ո՜րքան ճանչնայ զանոնք, հետզհետէ կը հեռանայ անոնցմէ, կը նախընտրէ առանձին ըլլալ քան ապրիլ խաբէութիւններու, կեղծաւորութիւններու, երկերեսներու մէջ։ Բնութեան պարզութիւնը եւ անկեղծութիւնը եթէ ունենային մարդիկ, այն ատեն առանց տարակուսելու կրնայինք ըսել. «ահաւասի՛կ դրախտը հոս է, ուր կ՚ապրինք սիրով ու անկեղծութեամբ…»։ Բայց ո՜ւր է այդ երազ-դրախտը, երբ մարդիկ իրարու բարեկամի դիմակով կը մօտենան, սակայն թշնամիներ են իրականին, սէր ցոյց տալ կը ձեւացնեն, սակայն նախանձով ու ատելութեամբ լեցուած են։ Հապա ո՞ւր մնաց մեր երազ-դրախտը։ Այո՛, իսկապէս «երա՜զ» մըն է ան։
Կեանքի մէջ ո՞րն է ճշմարիտ յաջողութիւնը։
Յարաբերական արժէք մըն է յաջողութիւնը։
Ամէն մարդու համար կը փոխուի ան, որոշ ստուգանիշ մը, կշիռ մը չունի յաջողութիւնը։ Բայց կարծեմ ճշմարիտ եւ անկեղծ սիրոյ վրայ հաստատուած ամուսնութիւն մը կազմող մարդը, կեանքի մէջ ամենայաջող մա՛րդն է, քանի որ ամէն յաջողութիւն կեանքի մէջ կախում ունի՝ իրարու հետ սիրոյ կապով կապուած անդամներէ բաղկացած ընտանիքէ մը։ Եթէ կազմուած ընտանիքը սիրով լեցուած է՝ ապա ուրեմն սպասուած ամէն յաջողութիւն կարելի է ձեռք ձգել, իսկ եթէ ապերջանիկ, հարցերով լեցուն ընտանիք մը գոյութիւն ունի, հոն ամէն դուռ փակուած է ճշմարիտ երջանկութեան ե՛ւ իսկական յաջողութեան։
Ընտանիքը, կեանքի ամէն տեսակ յաջողութեան առաջին եւ ամենակարեւոր օճախն է, ուր կը պատրաստուի ամէն բարութիւն եւ ամէն գեղեցկութիւն, եւ անշուշտ երջանկութի՛ւն, որ է իսկական յաջողութիւնը մարդ էակին։
Կրօն եւ բնութիւն՝ մարդուս ցոյց կու տան սա բացատրագիրը. «երջանիկ ընտանի՛քը…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 29, 2015, Իսթանպուլ