Շաբաթ 28, Դեկտեմբեր 2024
ՄՇՏԱԿԱՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիա եւ Իրաք Մերձաւոր Արեւելքի արիւնալի իրադրութեան մէջ կը հետեւին՝ վերջին շրջանին ձեւաւորուած փոխըմբռնման ուղիին։ Անգարա-Պաղտատ առանցքին վրայ շփումները խտացած են եւ կողմերը մշտական հաղորդակցութեան մէջ են տարածաշրջանի բարդ իրադարձութիւններուն շուրջ։
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ընդունեց Իրաքի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Քասըմ Արաճին, որ այցելեց Անգարա։ Պաշտօնական աղբիւրները որեւէ մանրամասնութիւն չեն հրապարակած զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նախընթաց օր յայտնած էր, որ Իսրայէլի կողմէ իր երկրին վրայ կատարուած վերջին յարձակման ընթացքին օգտագործուած են հարեւան Իրաքի եւ այլ երկիրներու օդային մարզերը։
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2024