Չորեքշաբթի 5, Փետրուար 2025
ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՑՈՅՑ
Համայն հայութիւնը կը շարունակէ զգայնութեամբ հետեւիլ՝ Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ պատանդներու եւ ռազմագերիներու խնդրայարոյց կացութեան։ Միջազգային շրջանակներն ալ կը միանան հայաշխարհի կոչերուն, որպէսզի Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը ազատ արձակէ գերիներն ու պատանդները։ Այդ կոչերը խտացած են մանաւանդ՝ Պաքուի մէջ նախատեսուած COP29 կլիմայի գագաթաժողովին ընդառաջ։
Երէկ, Երեւանի մէջ ալ այս ուղղութեամբ տեղի ունեցաւ նոր ցոյց մը։ ՄԱԿ-ի Հայաստանի գրասենեակին առջեւ համախմբուած ցուցարարները հերթական անգամ բարձրաձայնեցին՝ հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման պահանջը։
Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2024