ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԻՐԱՔ ՄԻՇՏ ՎՃՌԱԿԱՆ՝ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ
Անգարա-Պաղտատ առանցքին վրայ վերջին շրջանին անվտանգութեան բնագաւառէ ներս ձեռք բերուած փոխադարձ ըմբռնման մթնոլորտին մէջ կը շարունակուին Թուրքիոյ եւ Իրաքի ղակավարութիւններուն միջեւ բարձր մակարդակի վրայ շփումները։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Իրաքի վարչապետ Մուհամմէտ Շիա Էս Սուտանին։ Կը հաղորդուի, որ երկու երկիրները հանդիպման ընթացքին անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։ Չենկելգիւղի մէջ, «Վահտեթթին» ապարանքի համալիրէն ներս զրուցեցին նախագահն ու հիւր վարչապետը, որոնց օրակարգին վրայ առաջնահերթութիւն դարձաւ ՓՔՔ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։ Նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Իրաքի տեսակէտէ անվտանգութեան ռիսքեր կը յառաջացնեն։ Բաց աստի, անոնք անդրադարձան «Զարգացման ճանապարհ» ծրագրին, որ օգուտներ պիտի ապահովէ այս երկու հարեւան երկիրներուն, որոնք վաղեմի պատմական եւ մշակութային կապեր ունին։ Ի լրումն այս բոլորին, Էրտողան հիւր վարչապետին հետ շօշափեց տարածաշրջանէն ներս Իսրայէլի յառաջացուցած սպառնալիքները։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ, Իրաքի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի միջեւ նախընթաց օր Պաղտատի մէջ ստորագրուեցաւ «Զարգացման ճանապարհ» նախագծին վերաբերեալ համաձայնագիրը։ Սա վիթխարի ծրագիր մըն է, որով կը նախատեսուի Պասրայի ծոցը Իրաքի եւ Թուրքիոյ վրայով կապել դէպի Եւրոպա։ Ծրագրի շրջանակներէն ներս արդէն նոր փուլ մը հասած է եւ հաղորդակցութեան նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու այս կապակցութեամբ շեշտեց, որ յառաջիկայ տարի կարելի է մրցոյթ մը կազմակերպել։ Նախարարին կանխատեսումներով, եթէ 2026 թուականին գործնական աշխատանքները սկսին, ապա 2030 կամ 2031 թուականին այս ծրագիրը կրնայ գործնականօրէն կեանքի կոչուած ըլլլալ։