ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՍԻՆԷՄ ՏԷՏԷԹԱՇ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որ համախմբեց հոծ թիւով հետաքրքիրներ։ Թաղային խորհուրդի ջանքերով նախատեսուած՝ «Մշակոյթի եւ գեղարուեստի զրոյցներ»ու ծիրէն ներս Գուզկունճուքի պատմութեան եւ ընդհանուր դրուածքին մասին զրուցեցին գրող Պերքէն Տէօնէր եւ հետազօտող Անրիէթ Թոփուզեան-Պաշօղլու։ Հաւաքոյթին ներկայ եղաւ նաեւ Սկիւտարի քաղաքապետ Սինէմ Տէտէթաշ, որուն կ՚ընկերանային քաղաքապետարանէն պատասխանատուներ։

Թաղային խորհուրդի ատենապետ Մասիս Գույումճու եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները։ Հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2024