ԷՍԱԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՈԳԵՒՈՐ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ

Էսաեանի ընտանիքը հոկտեմբերը՝ Հայ մշակոյթի ամիսը եզրափակեց միջվարժարանային ձեռնարկով մը, որ ձօնուած էր Թարգմանչաց տօնին։ Հիւրընկալ Էսաեան վարժարանին առընթեր ծրագրին մասնակցութիւն բերին Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան, Պաքըրգիւղի Տատեան, Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան եւ Անարատ Յղութիւն, Գումգաբուի Պէզճեան, Գարակէօզեան, Գալֆաեան, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան, Օրթագիւղի Թարգմանչաց, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան, Պոմոնթիի Մխիթարեան եւ Եշիլգիւղի վարժարանները։

Բոլորը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Էսաեանի ընտանիքի պատասխանատուներուն կողմէ՝ գլխաւորութեամբ հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկանի եւ տնօրէնուհիներ Տենչա Չընարի եւ Առլին Եշիլթեփէի։

Համայնքային վարժարաններու միջնակարգերու 8-րդ դասարաններէն՝ շուրջ 200 հոգիէ բաղկացեալ մեծ խումբ մը մասնակցեցաւ այս ծրագրին, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։

Բազմակողմանի յայտագիրը առիթ ստեղծեց, որպէսզի աշակերտները թէ՛ մշակոյթի եւ թէ կենցաղի չափումներով հաղորդ դառնան հայ մշակոյթին։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2024