ԱՐԴԱՐ ՆԱԵՒ ԳԹԱՍԻՐՏ
Ֆրանսացիներ գթասիրտ արդար անձը կը պատկերացնեն սա խօսքով. «Թաւիշ ձեռնոցի մէջ երկաթեայ ձեռք»։ Արդարեւ, մարդ արարածին համար, ընդհանրապէս դժուար կը թուի հաշտեցնել գութը եւ արդարութիւնը՝ կարծելով, որ իրար կը հակասեն այս արժէքները։ Բայց, ընդհակառակը, այս երկու արժէք զիրար կ՚ամբողջացնեն։
Արդարութեան մէջ եթէ կայ գութ, այն ատեն արդարութիւնը կատարեալ է։
Արդարեւ, արդրութեան մէջ կայ ոխակալութեան, վրիժառութեան զգացում, կը շեղի իր նպատակէն, քանի որ ոխակալ եւ վրէժխնդիր մարդը երբեք արդար չի՛ կրնար ըլլալ. քանի որ ան անաչառ եւ ուրեմն արդարադատ չի կրնար ըլլալ։ Եւ գութի զգացումն է, որ կը փարատէ, կը ցրէ ոխակալութեան վատ զգացումը։
Արդարութեան ուրիշ մէկ արգելքն է՝ նախանձը։
Նախանձ մը երբեք արդար չի կրնար ըլլալ, քանի որ ան ինքնակեդրոն է, եւ միշտ իր անձը նախամեծար կը սեպէ։ Նախանձը՝ տխրութիւն է, տհաճութիւն, ցաւ կը պատճառէ ենթակային եւ անհանգստութիւն կը զգայ ուրիշի մը բարելաւութեան, յաջողութեան, երջանկութեան համար։ Եւ այս իմաստով, նախանձ մէկու մը համար ուրիշներ միշտ անիրաւ են։ Կարելի՞ է, որ այս զգացումներու մէջ մարդ արդարադատ ըլլայ…
Այս պատճառով, ահաւասիկ, գութը դարմանն է՝ դեղթափը, հակաթոյնն է նախանձին։
Նախանձոտ մարդը, արդարեւ, ենթագիտակցութեան մէջ, միշտ վրիժառու է. վրէժխնդիր է բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք իրմէ լաւ են, քանի որ անոնք բոլորը «չարք» կը փափաքին իրեն նկատմամբ, ինչպէս կը կարծէ, եւ կ՚ուզէ փոխադարձել չարիքի։
Ուրեմն, նախանձը կը ստեղծէ ոխակալութիւն, վրէժխնդրութիւն եւ այս բոլորը արգելք կը հանդիսանան արդար ըլլալու։ Անոնք, թէեւ, շատ անգամ «արդար» երեւիլ կը ձեւացնեն, բայց այդ մասին անգութ են եւ անարդա՛ր։
Այս իմաստով նախընտրելի է «արդար թշնամի» մը. քան նախանձ, ոխակալ եւ վրէժխնդիր «բարեկամ» մը՝ կարծեցեալ բարեկամ մը։
Ըսինք, որ դժուար կը թուի հաշտեցնել արդարութիւնը գթասրտութեան հետ, ինչպէս կը կարծեն ոմանք։ Անոնք կրնան իրաւացի նկատել միայն այն պարագային, երբ նախանձի, ոխակալութեան եւ վրէժխնդրութեան ախտով կը տառապին եւ այս ախտը կը մաշեցնէ, կը հիւծէ զիրենք։
Իսկական, անկեղծ բարեկամ գտնել եւ զայն որպէս սրտակից ընտրել շատ դժուար է. ամէն բարեկամ՝ «բարեկամ» չէ. «Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Ասկէ աւելի մեծ սէրը մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ։ Դուք իմ բարեակմներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ի՛նչ որ ձեզի կը պատուիրեմ։ Ասկէ ետքը ձեզ ծառայ չեմ անուաներ, վասնզի ծառան չի գիտեր թէ իր տէրը ի՞նչ կ՚ընէ։ Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասնզի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի…», կ՚ըսէ Յիսուս, Իր կտակի խօսքերուն մէջ. (ՅՈՎՀ. ԺԵ 12-15)։
Ահաւասիկ, ա՛յս է քրիստոսաւանդ իրաւ բարեկամութիւնը՝ որուն մէջ ո՛չ նախանձ, ո՛չ վրէժխնդրութիւն, ո՛չ ոխակալութիւն կը գտնուի՝ զուտ, մաքուր, անկեղծ բարեկամութիւն է եւ որ թէ՛ արդար եւ թէ գթասիրտ։
Ուրեմն, կարելի է թէ՛ արդար եւ թէ գթասիրտ ըլլալ՝ հաւատարիմ մնալով քրիստոսաւանդ բարեկամութեան։ «Բարեկամութիւն»ը միայն բառ մը չէ՛, այլ՝ կենսապարգեւ ուրախութիւն մը, մարդուն առաջնակարգ կոչումին՝ իրերօգնութեան, մինչեւ իսկ իր կեանքը տալու չափ արժէք ներկայացնող ատակութեան, մղումին հաւատարմութի՛ւն։ Ուստի, դժուարը՝ արդարութեան հետ գթասրտութիւնը հաշտեցնելը չէ՛, այլ՝ անոնք քրիստոսաւանդ սիրով եւ բարեկամական ոգիով կարենալ ընդելուզել, պատշեցնե՛լ։
Մարդ, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին այսպիսի «բարեկամ»ներ կրնա՞յ ունենալ, կրնա՞յ վայելել նման բարեկամութիւն մը. խնդրական է այդ դժբախտաբար, սիրելի՜ներ… եւ ես ունի՛մ, հապա դո՞ւք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 3, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024