ՀԱՑԸ ՈՐ ՄԱՐԴ ԿԸ ԳՈՂՆԱՅ
Մարդասիրութիւնը մարդկային արժէքներու մեծագոյնն է. մեծագոյնը՝ որովհետեւ գերազանցելով նիւթականը կը մարմնաւորէ անձի նկարագիրը՝ հիմնուած կարեկցանքի եւ բարոյական մեծ արժէքներու վրայ: Եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք բոլոր կրօնները, անկասկած այդտեղ պիտի գտնենք գթութեան եւ մարդասիրութեան վարդապետութիւնը, հիմք ունենալով մարդկային բարութեան սկզբունքները։ Քրիստոնէութենէն մինչեւ պուտիզմ, մինչեւ իսլամութիւն կը գտնենք կարեկցանքի եւ իրերօգնութեան կոչը, այդ մէկը նկատելով բարոյական պարտք մը, խրախուսելով որ ողորմութիւնը շահ է ո՛չ թէ օգնութիւն ստացողին, այլ նոյնինքն օգնողին:
Իր վերացական գաղափարին մէջ բոլորին վարդապետութիւնն ալ սուրբ է ու մարդկային. սակայն յաճախ վերացականն ու ճշմարիտը զիրար կը հակասեն ու ժամանակի ընթացքին սրբազան արժէքները կամայ թէ ակամայ իրենց մէջ ծնունդ կու տան արժէքներու՝ որոնք խոտոր են սկզբնական սրբազան արժէքին. նոյնն է նաեւ մարդասիրութեան պարագային, որովհետեւ մարդկային պատմութիւնը իր զանազան երեսակներով կը փաստէ, թէ իրերօգնութեան սրբազան արժէքները եւս որոշ տեղ կը վերածուին «առեւտուր»ի՝ հակասելով սկզբունքներուն, որոնց հաւատարիմ մնալ կը փորձենք՝ գէթ կը ձեւանանք:
Նկատի ունենալով կրօններու մարդասիրական վարդապետութիւնները, պատմութեան ընթացքին այդ սրբազան «պաշտօն»ը տրուած է անոնց. սակայն գրեթէ բոլոր կրօնական հաստատութիւնները արժանաւորապէս այդ մէկը կատարելու փոխարէն մարդասիրութիւնը վերածած են մարդու որսորդութեան ձեւի մը՝ մանաւանդ նկատի ունենալով, որ ժողովուրդը հաւատարիմ կը մնայ իր «ուր հաց հո՛ն կաց» սկզբունքին:
Հաւատացէ՛ք, որ գրեթէ բոլոր կրօններն ալ գործած են այս մեղքը եւ իրենց նիւթական կարողութիւնները գործածած են ո՛չ թէ հաւատարիմ մնալու իրենց վարդապետական սկզբունքներուն, այլ՝ յետին նպատակներու իրագործման համար. օրինակ՝ պատմութիւնը երբեւէ կրնա՞յ մոռնալ Եւրոպայէն ժամանած քրիստոնեայ միսիոնարներու «մարդասիրական» օգնութիւնները. սնունդ, հագուստ, ձրի կրթութիւն, սակայն կար որոշ ակնկալիք մը. անոնք կու տային այդ բոլորը, դիմացը ակնկալելով անդամակցութիւն իրենց եկեղեցիին. նոյնիսկ յանձն կ՚առնէին օտարներուն ալ օգնութիւն տրամադրել՝ պայմանով որ կրօնափոխ ըլլան: Նման միսիոնարներու մասին կարելի է գտնել մեր հայկական մամուլի մէջ եւս. օրինակի համար՝ յայտնի «Բիւզանդիոն» թերթը իր չորեքշաբթի, 23 դեկտեմբեր 1896 թուականի թիւին մէջ կը գրէ «Հացի բաշխում միջոց կրօնի ծաւալման» խորագրեալ խմբագրական մը, որուն մէջ կը յայտնէ, թէ միսիոնարները հայ ժողովուրդի զաւակներուն եւս կ՚օգնեն՝ «ժողովարան եկէ՛ք» պայմանով: Այդ թուականներուն յստակ էր, որ միսիոնարներուն օգնութիւնը լոկ քրիստոնէական անկեղծ հաւատքէ բխած արարք մը չէր. հին մամուլը անոնց մասին կը գրէ. «Կարօտեալներուն հաց բաշխողներ լոկ մարդասիրական գործ մը չէ որ կը կատարեն». աւելի՛ն, մամուլ մը կը յիշէ թէ ի՛նչ կ՚ըսէ միսիոնար մը հայ աղքատ կնոջ մը նպաստ տալու ժամանակ.
«Քոյրս, մենք որ սա օգնութիւնները կու տանք, կ՚ուզենք որ դուք ալ յատկապէս հոգեւոր ըլլաք: Մի՛շտ, միշտ, մի՛շտ աղօթելու էք։ Երբ հիմա սա հինգ ղրուշը կու տամ քեզի, պէտք է որ դուն ալ ժողովարան ըլլաս»:
Նախապէս ըսենք, որ այս մէկը բողոքականութեան դէմ քննադատութիւն եւ կամ բողոք մը չէ. միսիոնարը օրինակ կը բերենք, որովհետեւ անոնք իրենց աշխատանքը շատ աւելի բացայայտ ըրին՝ քան միւսները. սակայն միայն բողոքականներուն մօտ չենք տեսներ այդ մէկը: Մինչեւ օրս ալ, Առաքելական, Բողոքական թէ՛ Կաթոլիկ եւ այլ նոյն հոգեբանութեամբ կը գործեն:
Միջնադարի ժամանակ վանքերը նոյն կերպով յաջողեցան ժողովուրդին մէջ արթուն պահել կրօնական սկզբունքները. անոնք օգնութեան դիմաց պահանջեցին, որ ողորմութիւն ստացողը կատարէ կրօնական այս կամ այն ծէսը եւ պահէ եկեղեցական կանոններն ու օրէնքները՝ որպէսզի արժանի ըլլայ ողորմութեան եւ օգնութեան:
Մահմետական կրօնը եւս ունի իր մարդասիրական օգնութեան օրէնքը, որ կը կոչուի զեքաթ, որով կը պահանջուի, որպէսզի իւրաքանչիւր մահմետականը նուիրաբերէ իր հարստութենէն մաս մը, օգնելու կարիքաւոր աղքատներու. այդ ողորմութենէն կրնան օգտուիլ թէ՛ մահմետական եւ թէ այլ կրօններու պատկանող աղքատներ, սակայն ժամանակի ընթացքին այդ մէկը կրած է որոշ փոփոխութիւններ եւ այսօր այդ զեքաթը կը տրուի ընդհանրապէս մահմետականներուն եւ օտարներ զերծ կը մնան այդ բարիքներէն. այս ալ միջոց մըն է աղքատ մատմետականը պահելու իր կրօնին մօտիկ: Նոյնը կ՚ընեն հրեաները իրենց ցետախ կոչուած բարեգործութեան ժամանակ:
Այս բոլորին մասին կը գրենք, ըսելու համար, որ կրօնը հոգեւոր ապրումներու եւ հաւատքի վրայ պէտք է հիմնուի եւ ո՛չ հացի ու շահի վրայ. ի՞նչ կարելի է ակնկալել «հաւատացեալ»է մը՝ որ կրօնքի մը մաս կը դառնայ ո՛չ թէ կրօնքի սկզբունքներուն. անոնք ի՞նչ տարբերութիւն պիտի ունենան Աւետարանին մէջ նկարագրուած «վարձկան մշակ»ներէն: Պահ մը պատկերացուցէք նման անձերով ստուերացնենք անդամներու թիւը մեր կուսակցութիւններուն... վերջաւորութեան պիտի ունենանք կուսակցականներ, որոնք ո՛չ կուսակցութեան նպատակը եւ ո՛չ ալ սկզբունքները գիտեն, այլ հո՛ն են լոկ իրենց սեփական շահերը հետապնդելու:
Մեր կուսակցութիւններուն վիճակն ալ գրեթէ նոյնը չէ՞ դարձած արդէն. չե՛մ գիտեր:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Որոշ պայմանով կատարուած մարդասիրութիւնը մարդասիրութի՞ւն է
Պատասխան. Մարդասիրութեան հիմնական սկզբունքը փոխարէնը ոչինչ ակնկալելով օգնելն է: Եթէ մարդասիրութիւնը կատարուի որոշ պայմաններով եւ իր մէջ ունի պահանջներ, մարդասիրութիւն ըլլալէ դուրս գալով կը վերածուի համաձայնութեան: Պայմանական բարեգործութիւնը կրնայ արդիւնք ապահովել, սակայն նուիրուածութեան ոգի չի կրնար ստեղծել. պարզապէս տուողին ու ստացողին շահերը կը հետապնդէ եւ այսպիսով մարդասիրութիւն ըլլալէ դուրս կու գայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան