ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՀԱՄԵՐԳ

Մեներգչուհի Սիպիլ կը շարունակէ արտասահմանեան ուղեւորութիւններով տպաւորել աշխարհի զանազան անկիւններու հայ երաժշտասէրները։ Վերջերս ան համերգով մը հանդէս եկաւ Սաու Փաոլոյի մէջ, ուր աննախընթաց ջերմ վերաբերմունքի արժանացաւ։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Պրազիլիոյ մասնաճիւղի հաստատման 60-ամեակին ձօնուած յոբելենական համերգին մասնակցեցաւ Սիպիլ, որ յայտագիրը գործադրեց՝ նուագակցութեամբ յայտնի դաշնակահար Սերուժ Գրաճեանի։ Համերգի մասնակիցներուն համար բացառիկ հնարաւորութիւն մըն էր բեմին վրայ նոյնաժամանակ ողջունել երկու համակրելի արուեստագէտները։

ՀԲԸՄ-ի Պրազիլիոյ մասնաճիւղի նախագահ Աւետիս Մարկոսեանի գլխաւորութեամբ կազմակերպած համերգը անմոռանալի դարձաւ բոլորի յիշողութեան մէջ։ «Եունիմետ» սրահը, ուր տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, թնդաց ծափահարութիւններով։

Միւս կողմէ, այս յոբելեանի ծիրէն ներս մեծարուեցաւ նաեւ Պրազիլիոյ հայոց թեմի բազմամեայ նուիրեալ սպասաւորներէն Տ. Եզնիկ Աւ. Քհնյ. Կիւզէլեան, որուն շնորհուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանը։

Ձեռնարկներէն վերջ Մարկոսեան ՀԲԸՄ-ի Պրազիլի մասնաճիւղի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց այս բացառիկ ձեռնարկի բոլոր մասնակիցներուն եւ շեշտեց, որ հարուստ երաժշտական աւանդութիւնն ու մեծարեալ անձնաւորութիւնները լուրջ ներդրում ունին հայկական մշակոյթի պահպանման ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2024