ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ
Կեդրոնականի ընտանիքը կը պատրաստուի՝ վարժարանի ի նպաստ այս տարուան հանգանակութեան։ Դպրոցի տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու նպատակով նախատեսուած մատաղօրհնութեան ընդառաջ արդէն պատրաստութիւնները սկսած են։ Կեդրոնականի սիրոյ սեղանը տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբերի 1-ին։
Այս տարի եւս կարգադիր յանձնախումբը կը գլխաւորէ հաստատութեան երիցագոյն շրջանաւարտներէն Հայկ Ասլանեան, որ քսան տարիէ ի վեր ստանձնած է այս առաքելութիւնը։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլու, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան եւ Կեդրոնականի ընտանիքէն այլ դէմքեր երէկ նախապատրաստական ժողով մը գումարեցին՝ աչքէ անցընելով այն գործընթացը, որ պիտի ձգուի մինչեւ սիրոյ սեղանի օրը։ Կեդրոնական սանուց միութիւնն ու դպրոցի ծնողաց միութիւնն ալ նեցուկ կը կանգնին այս աշխատանքներուն։
Կեդրոնականցիները կը նախատեսեն սիրոյ սեղանին ընդառաջ շարժման անցընել թէ՛ համայնքի բոլոր խաւերը եւ թէ բոլոր սերունդներէ նախկին շրջանաւարտները։