ԱԿՆԱՐԿ - 90 - «ԶԳՈՒՇԱՑԷ՛Ք ՀԱՇՄԱՆԴԱՄ ՄԵԾՑՆԵԼԷ ՁԵՐ ՏՈՒՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ»
Վերջերս արաբերէն գրութեան մը հանդիպեցայ, որ կը կրէր այս վերնագիրը. «Զգուշացէ՛ք հաշմանդամ մեծցնելէ ձեր տուներէն ներս»:
Առաջին տպաւորութիւնս զարմանքն էր, բայց գրութիւնը կարդալէ ետք յստակացաւ վերնագիրին իմաստը, մանաւանդ որ ես ալ ծնող ըլլալով, շատ յաճախ գրութեան մէջ յիշատակուած կէտերէն մէկը կամ միւսը կը գործադրեմ…
Գրութիւնը այստեղ հայացնելով կը ներկայացնեմ մեր սիրելի ընթերցողներուն.
* Զգուշացէ՛ք հաշմանդամ մեծցնելէ ձեր տուներէն ներս: Պատկեր մը, որ շատ մը տուներէ ներս կը կրկնուի: Երիտասարդ տղայ մը կամ աղջիկ մը՝ նոր կեանքին բացուող, կ՚ապրին իրենց ծնողներուն հետ: Առաւօտեան կ՚արթննան եւ իրենց անկողինը եղածին պէս կը ձգեն, որով մայրը այդ մասին պիտի հոգայ: Իր հագուստները կը փոխէ՝ նետելով զանոնք լուացքի յատուկ ամանին մէջ, կամ այստեղ ու այնտեղ կը նետէ, որով մայրը պիտի հաւաքէ զանոնք, լուայ, արդուկէ եւ իրենց սենեակ տանելով՝ դասաւորէ: Ուտելիքը անոնց կը տրամադրուի պատրաստ վիճալով: Անոնք իրենք զիրենք չեն յոգնեցներ նոյնիսկ իրենց գործածած գաւաթը կամ ամանը լուալու…, որով մայրը այդ բոլորին հոգ պիտի տանի: Արդարեւ, անոնք տան մէջ ո՛չ մէկ բանի օգտակար կ՚ըլլան, կամ պարտաւորութիւն կը վերցնեն իրենց վրայ, թէեւ չնչին բան մը: Իր եղած տեղը խառն ի խուռն կը ձգէ, եթէ որեւէ մէկ բան վերանորոգուելու կարիք ունի տան մէջ՝ ամպի պէս կ՚անցնի քովէն, առանց ուշադրութիւն դարձնելու, որովհետեւ վերանորոգելը իրենց հօր պարտականութիւնն է…, իսկ մաքրելն ու դասաւորելը՝ իրենց մօր պարտականութիւնն է միայն:
***
Վստահաբար շատեր ապրած են, կամ կ՚ապրին այս փորձառութիւնը, մանաւանդ մեր օրերուն երբ հեռախօսները, համակարգիչներն ու հեռատեսիլներն ալ եկած են աւելնալու այդ հաշմանդամութեան ա՛լ աւելի նպաստելու:
Այսօր, դժբախտաբար, շատ մը տուներէ ներս սերունդ մը կը մեծնայ, որ ինքզինք հիւր կը զգայ իր ծնողներուն տան մէջ, աւելին, ծնողներուն վերաբերմունքը, անոնց տուած դաստիարակութիւնը, իրենց զաւակներուն մօտ այն մտայնութիւնը զարգացուցած են, որ ծնողները պարտաւոր են ամէն ինչ ընել իրենց համար, մաքրել, սրբել, ուտելիք ապահովել, հագուստներ գնել, ուսումի տալ, պտոյտներու տանիլ, ձգել ժամերով հեռատեսիլ նայիլ, հեռախօս գործածել, տարեկիցներուն հետ ժամանակ անցընել, եւ հազար ու մէկ այլ երեւոյթներ:
Հասակ առնող սերունդին համար երբեք էական չեն, նոյնիսկ չեն հետաքրքրեր իրենց՝ իրենց ծնողներուն ունեցած դժուարութիւնները, նեղութիւնները, կարենալ իրենց համար այդ բոլորը ապահովելու համար: Իրենց համար էականը այն է, որ ինչ ուզեն՝ պէտք է ստանան, առաւօտեան երբ արթննան՝ իրենց հագուստն ու ուտելիքը պատրաստ ըլլայ, իր դպրոցի, համալսարանի ծախսերը ապահովուած ըլլան, առաւել իրենց մնայուն կերպով գրպանի գումար տրուի:
Շատ մը ընտանիքներու մէջ այս երեւոյթը ա՛յնքան խորացած է, որ որոշ պարագաներու երբ ծնողները կը հիւանդանան, զաւակները փոխանակ հոգ տանին, խնամեն զանոնք, կը սկսին բողոքել ու տրտնջալ, որ իրենց առօրեան խանգարուեցաւ, իրենց ծնողները իրենց պարտականութիւնները չեն կատարեր:
Պատճա՞ռը այս բոլորին. պատասխանը մէկն է՝ ծնողները:
Շատեր կրնան ըսել, ի՞նչն է ծնողներուն մեղաւորութիւնը, չէ՞ որ իւրաքանչիւր ծնող իր զաւակներուն միայն լաւը կը կամենայ: Ճի՛շդ այստեղ է խնդիրը: Որովհետեւ շատ մը ծնողներու պարագային այդ կամեցողութիւնն է, որ ամէն ինչ կը խանգարէ ու կը խաթարէ, քանի որ այդ կամեցողութեան հիմքը ծայրայեղութիւնն է, իսկ հոն ուր ծայրայեղութիւն կայ, այդտեղ դժուար թէ առողջ հիմքեր ըլլան:
Ճի՛շդ է, որ ծնողները իրենց զաւակներուն համար միայն լաւը պիտի կամենան, սակայն, այդ լաւը կամենալը իր սահմանները պիտի ունենայ, աւելին՝ գիտակցուած կերպով պէտք է ըլլայ, որպէսզի զաւակները այդ բոլորը ճիշդ ընկալեն:
Չափազանցուած բարեացակամութիւնը զաւակները կորուստի, անտարբերութեան եւ հաշմանդամութեան կը տանի ո՛չ միայն իրենց ծնողներու տուներուն մէջ եղած ատեն, այլ՝ յետագային, երբ անոնք ընտանիքներ կազմեն, այդ կորուստը, անտարբերութիւնն ու հաշմանդամութիւնը իրենց հետ իրենց կազմած ընտանիքներուն պիտի տանին, որովհետեւ իրենք ա՛յդպէս մեծցած են, աճած ու հասակ առած են, որով իրենց կազմած ընտանիքներուն հետ այլ կերպ պիտի չվարուին, ընդհակառակը, ինչպէս իրենց ծնողներուն տուներէն ներս մեծցած են, այդպէս ալ իրենց ընտանիքները պիտի կառավարեն: Ասկէ, կրնանք ենթադրել, թէ ինչո՞ւ համար այսօրուան երիտասարդ ընտանիքներուն ճնշող մեծամասնութիւնը մնայուն խնդիրներու մէջ է, եւ մեծ թիւով երիտասարդ ամուսիններ, իրենց ամուսնութենէն մի քանի տարի ետք, չըսելու համար մի քանի ամիս ետք ամուսնալուծութեան կը դիմեն:
Հետեւաբար, ծնողները մե՜ծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնեն իրենց զաւակներուն, եւ փոխանակ հաշմանդամ զաւակներ մեծցնելու, պէտք է մեծցնեն թէ՛ հոգեպէս, թէ՛ մտապէս եւ թէ ալ մարմնապէս առողջ զաւակներ, որպէսզի կարենան իրենք զիրենք կառավարել, ինչպէս նաեւ առողջ ընտանիքներ կազմել:
Առողջ ընտանիքներ կազմելու մէջ ալ ծնողները շատ յաճախ իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կ՚ունենան: Չնայած, որ անոնք հաշմանդամ զաւակներ մեծցուցած են, սակայն ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի իրենց զաւակներուն «լաւ հարս», կամ «լաւ փեսայ» ճարեն, որով շատ յաճախ իրենց զաւակները դժբախտութենէ մը ուրիշ դժբախտութեան կը տանին:
Աւարտենք, բժշկապետ Վահան Արծրունիի այս մասին գրածով. «Անկասկած անբախտ ամուսնութիւններու մեղքը մեծ մասամբ, եթէ ոչ ամբողջովին, ծնողներու վիզին է: Անոնք, իբրեւ աւելի հմուտ մարդիկ, պիտի ղեկավարեն իրենց զաւակները ընտրութեան գործին մէջ: Իրապէս, ծնողներու բոլոր բարեացակամութիւնը մեր մօտ կը կայանայ անոր մէջ, որ իրենց որդիին համար «լաւ հարս» կամ «լաւ փեսայ» կը ճարեն: Իսկ «լաւ» ըսելով անոնք կը հասկնան հարուստ, լաւ դիրք, գեղեցիկ արտաքին եւ լաւ կապեր ունեցողին:
Այս յատկութիւնները բաւարար կը համարուին, քանի որ ներքին աշխարհը քօղարկուած կը պահուի դիտողի աչքէն»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
4 նոյեմբեր 2024, Վաղարշապատ