ՊՈՒՏԱՓԵՇՏԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ոտքի վրայ զրոյց մը ունեցան Պուտափեշտի մէջ, ուր մասնակցեցան Եւրոպական քաղաքական համայնքի 5-րդ գագաթաժողովին, որ կազմակերպուած էր Հունգարիոյ տանտիրութեամբ։ Էրտողանի եւ Փաշինեանի իւրաքանչիւր շփումը առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացով պայմանաւորուած։ Անգարա-Երեւան կարգաւորման հարցին երէկ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան, որ կառավարութեան նիստէն վերջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ըսաւ. «Մենք կը յուսանք, թէ Թուրքիոյ հետ ի վերջոյ հնարաւոր պիտի ըլլայ հասնիլ ո՛չ միայն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչման, այլեւ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման՝ ներառեալ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ սահմանի ամբողջական բացումը»։

Թէ՛ Էրտողան եւ թէ Փաշինեան երէկ Պուտափեշտի մէջ ունեցան շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Երկուքն ալ տեսակցեցան Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ՝ արծարծելով տարածաշրջանային հարցեր։ Նիկոլ Փաշինեան, որ Պուտափեշտի մէջ մասնակցեցաւ «Տնտեսական անվտանգութիւն» խորագրեալ փակ ձեւաչափով կլոր սեղանին, օրուան տեւողութեան զրոյցներ ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէի, Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոտ տէր Լէյէնի, Եւրոխորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի, Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի, Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւի եւ այլոց հետ՝ ներառեալ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան։

Բաց աստի, Պուտափեշտի գագաթաժողովի մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներն ալ ունեցան առանձին հանդիպում մը։ Այսպէս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ Փաշինեանի ընկերակից պատուիրակութեան կազմին մէջ է, մասնակցեցաւ Հունգարիոյ իր պաշտօնակցին՝ Փեթէր Սիարթոյի կողմէ կազմակերպուած աշխատանքային նախաճաշին, որու սեղանակիցներու շարքին էր նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։ Միրզոյեան այս փուլին ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։ Ան անդրադարձաւ նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերուն՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով Հայաստանի կառավարութեան մշակած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին վրայ։

Միւս կողմէ, Էմմանիւէլ Մաքրոն Պուտափեշտ մեկնելէ առաջ եւս ընդգծեց Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան խթանման եւ Հայաստան-Ատրպէյճան արդար ու տեւական խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը։ Մաքրոն, որ երէկ տեսակցեցաւ թէ՛ Էրտողանի եւ թէ Փաշինեանի հետ, նախօրէին մէկտեղուեցաւ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ-Ճէօմերթ Թոքաեւի հետ։ Ֆրանսացի ղեկավարի համոզմամբ, խաղաղութիւնը հասանելի է եւ հնարաւոր կ՚ըլլայ իրականացնել Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումով։

«Մեր ընդհանուր շահերէն կը բխի Հարաւային Կովկասի կայունութիւնը։ Ֆրանսա լիովին կ՚աջակցի ձեր ջանքերուն՝ Հայաստան-Ատրպէյճան քննարկումները դիւրացնելու նպատակով։ Հարաւային Կովկասի կայունութիւնը կարեւոր է Եւրոմիութիւն-Կեդրոնական Ասիա յարաբերութիւններու զարգացման համար։ Ֆրանսա լիովին կ՚աջակցի այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք ուղղուած են ԵՄ-ի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ հաղորդակցութեան խթանման նպատակով ԵՄ-ի ռազմավարութեան, Անդրկովկասեան միջանցքի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծերուն միջոցաւ։ Մէկը պէտք չէ տեղի ունենայ՝ առանց միւսին», նշեց Մաքրոն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2024