ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (Դ.)
Յաջողութիւնը իրականութեան մէջ կրթութեան մէջ մասնիկն է (պարտի՛ ըլլալ). կը հաւատանք, որ դպրոցական աշակերտներուն համար կեանքի պայքարին մասին գիտութիւն ստանալը շատ աւելին կ՚արժէ, քան թուաբանութեան կամ աշխարհագրութեան դասընթացք մը. թէ՛ ընտանեկան եւ թէ դպրոցական կրթութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի մանուկին վրայ եւ հետեւաբար կարելի չէ անկէ դուրս ձգել կեանքի պայքարի գաղափարը, որպէսզի անոնց մէջ կամաց կամաց կազմուի ապագայ երիտասարդը. օրինակի համար՝ մայր մը իր զաւակին կ՚ըսէ. «Հայրիկը գնաց աշխատելու, որպէսզի «այսինչ» բանը բերէ մեզի». պէտք է մանուկը հասկնայ, որ այդ ուզուածը աշխատանքի ճամբով կը բերուի։ Իւրաքանչիւր ուզուածի համար հայրիկը պարտաւոր է տունէն բացակայիլ, յոգնած տուն գալ՝ որպէսզի հոգայ այդ պէտքերը. այդ ժամանակ մանուկը շատ աւելիով կ՚արժեւորէ ուզուածը՝ քան առաջ: Նման մանուկներ ապագային կը դառնան յաջող մեծահասակներ: Այդ հոգեբանութիւնը ծնողքը կրնայ ստեղծել մանուկին դէմ, իր ուզածներուն փոխարէն որոշ պարտականութիւններ ու պարտաւորութիւններ տալով, որպէսզի ան փոքր տարիքէն հասկնայ աշխատելու եւ անոր դիմաց վարձատրուելու հասկացողութիւնը: Այս մէկը անոնց մէջ կը ստեղծէ ճկունութիւն եւ թէեւ աննշան, նաեւ որոշ փորձառութիւն մը:
Այսօր շատ մը ընտանիքներու մօտ կը տեսնենք սխալ վերաբերում. օրինակի համար՝ «ծնողական պարտականութիւն» կարծելով կը փորձեն իրականացնել իրենց զաւակին բոլոր փափաքները. կ՚ուզեն, որ իրենց զաւակները չյոգնին եւ հանգի՜ստ, դրախտային մանկութիւն մը ունենան. վստահ եղէ՛ք, որ մանուկի մը ներկան անյստակ ապագան է անձի մը. այն տղան որ փոքր ժամանակ պարտականութեան գիտակցութիւնը չ՚ունենար, մեծնալէ ետք դժուար թէ ունենայ. յաճախ կը լսենք, ծնողներ «ծոյլ» կը կոչեն իրենց զաւակները. իրականութեան մէջ ո՛չ թէ զաւակը, այլ իրենք են մեղաւորը, որովհետեւ մանուկը իր երիտասարդութեան կ՚ընէ այն՝ ինչին սովոր է:
Պէտք է փոքր տարիքէն սորվեցնել մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարիլը. ծնողքի մը իրական պարտականութիւնը մանուկը ո՛չ թէ մարտահրաւէրէն հեռու պահելն է, այլ այդ մարտահրաւէրները յաղթահարելը սորվեցնելն է. իրականութեան մէջ բախտաւոր են բոլոր անոնք, որոնք ունեցած են դժբախտ մանկութիւն մը, որովհետեւ մեծաւ մասամբ նման մանուկներ, հակառակ իրենց հոգեբանական դժուարութիւններուն, կրնան շատ աւելի յաջողակ անձեր ըլլալ, քան անոնք՝ որոնք չեն գիտեր դժուարութիւնը ինչ է՝ որպէսզի արժեւորեն բարօրութեան բարիքները: Ծնողներ միայն տեսական գետնի վրայ պիտի չսորվեցնեն կեանքի ինչութիւնը. մանուկը ինք փորձ պիտի ունենայ: Եթէ մանուկը փորձ չունենայ, իր երիտասարդութեան կրնայ անպատրաստ վիճակի մէջ յայտնուիլ կացութեան մը դիմաց. մարտահրաւէրներու պատրաստ մանուկը այդ մէկը դիւրութեամբ կ՚անցնի, որովհետեւ ունի փորձը եւ հետեւաբար յաջողելու համար անհրաժեշտ է փորձ ունենալ:
Հետեւաբար, որպէս ծնողք պէտք է թոյլ տալ, որպէսզի մեր զաւակները դիմակայեն դժուարութիւնները եւ փոքր տարիքէն անոնց դէմ պայքարելու փորձը ձեռք բերեն. այդ հմտութիւնն է, որ զանոնք ապագային յաջողակ անձեր պիտի դարձնէ, որովհետեւ դժուարութիւնները մի՛շտ պիտի ըլլան եւ զանոնք յաղթահարելը յաջողութեան պիտի հասցնէ մարդը:
Ձախողած է այն ծնողքը, որ իր զաւակին կու տայ այն վստահութիւնը, որ յաւիտեանս յաւիտենից ես քովդ եմ... բոլոր խնդիրներուդ ժամանակ ես ներկայ եմ. պէտք է անձ մը իր վստահութիւնը կեդրոնացնէ ի՛ր անձին վրայ եւ ո՛չ ուրիշի։ Օրինակի համար՝ պատանի տարիքէն թող երթայ շուկայ, գնումներ կատարէ, պէտք եղած տեղը համեմատութիւններ ընէ գինի, որակի. խօսի վաճառողին հետ եւ իր առեւտուրին հաշիւները կատարէ. այս ձեւով ան կը սորվի, թէ ինչ է աշխարհի շուկայական կեանքը. եւ յստակ տարբերութիւն մը պէտք է ըլլայ պարտադրելու եւ թոյլ տալու միջեւ. մանուկ-պատանին պէտք է հասկնայ, որ այդ մէկը կ՚ընէ ո՛չ թէ ծնողքին ստիպողութեամբ, այլ ի՛նքն իր անձը զարգացնելու համար. այդ մէկը կը յաջողի երբ մանուկը տեսնէ, թէ ծնողքը ո՛չ թէ կը պարտադրէ ու կը հրամայէ, այլ կը վստահի:
Այս բոլորը մանուկ-պատանիին մէջ պիտի ստեղծեն ինքնավստահութիւն եւ վերջաւորութեան ինքնավստահ մարդիկը կը յաջողին, որովհետեւ աշխարհը այսօր նման մարդոց յաջողութեան կը հասցնէ. պէտք է յիշել, որ շատ աշխատիլը չէ՛, որ այսօր մարդոց յաջողութեան կը հասցնէ, այլ խելացի աշխատիլը եւ այդ խելացիութիւնը այսօր համարձակութիւն ու անվախութիւն կ՚ակնկալէ: Պէտք է ինքնավստահ ըլլալ. ինքնավստահութեան պակաս ունեցող մարդը դժուարութիւններուն դիմաց կը յուսահատի եւ կը լճանայ, մինչ ինքնավստահ անձը կը ստեղծէ ելքը եւ դուրս գալով ձախողութիւնը ամէն գնով յաջողութեան վերածել կը ջանայ:
Հետեւաբար, այս գլխուն հիմնական յորդորը ուղղուած է ծնողներուն. ձեր զաւակներուն կեանքը դիւրացնելու փոխարէն, սորվեցուցէք ինչպէս դիմակայել դժուարութիւնները. անոր դիմաց դրուած քարը վերցնելը չէ՛ իսկական բարիքը, այլ այդ քարը ինչպէս վերցնելը սորվեցնելուն մէջ է, միշտ յիշելով, որ այսօրուան մանուկ-պատանին կրնայ ապագայի ամենէն յաջողակ անձը դառնալ եւ այդ մէկը հրաշքէն աւելի կրթութեան ու դաստիարակութեան կը կարօտի:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Դժուարութեան մէջ մեծցած մանուկները աւելիո՞վ կը յաջողին:
Պատասխան. Դժուարութեան մէջ հասակ առած մանուկները կ՚ունենան ճկունութիւն, յարմարուողականութիւն եւ խնդիրները լուծելու հմտութիւն, որոնք կը նպաստեն ապագայ յաջողութեան: Կեանքի վաղ շրջանին դժուարութիւններ դիմակայելը կը զօրացնէ մանուկի վճռականութիւնը եւ զգացմունքային տոկունութիւնը, խթանելով խոչընդոտները յաղթահարելու կարողութիւնը: Սակայն պէտք է նկատի ունենալ որ դժբախտութիւններու ազդեցութիւնները տարբեր են. դժբախտութիւնը մարդուն մէջ յաջողելու կիրք կ՚արթնցնէ եւ նման պայմաններու մէջ հասակ առած մանուկներ կրնան յաջողութեան հասնիլ՝ եզակի հեռանկարներ ունենալով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան