Պապայիս փողկապները (Ա.)
Տղամարդու նորաձեւութեան վերջին 200 տարուան անբաժան մասը դարձան փողկապները, որոնք մեզի հետ են գրեթէ ամէն օր եւ կը փորձեն միլիոնաւոր տղամարդոց աւելի պաշտօնական եւ լուրջ տեսք մը տալ: Փողկապը արեւմտեան նորաձեւութեան ալ մաս կը կազմէ, սակայն անոր ծագումը Եւրոպայէն է, ուստի, անոր տարածումն ու կրումը տակաւին արեւմտականացման ու արեւմտեան քաղաքակրթութեան հետ առընչակցութեամբ կը դիտենք, եթէ չըսենք՝ անոր կրումը արեւմտեանի միանալու կամ արեւմտեան մը բաժնեկցելու ցուցումը ունի: Մարդկային երկար պատմութեան ընթացքին միշտ հիմնական իրերէն մին եղած է հագուստը, որ ո՛չ միայն մշակոյթներ զատորոշած է, այլեւ՝ դասակարգային պատկանելիութիւններ խորհրդանշած: Արդի ժամանակներու մեծ զարթօնքին եւ հագուստի ու նորաձեւութեան համայնականութեան ու ամենատեղութեան, որ բերաւ իր հետ այսպէս ըսած՝ անմիջական կամ մարզական-առօրէական հագուստի տարածում, բայց Եւրոպան մնաց նորաձեւութեան ու հագուստի-ոճի, ճաշակի արտադրողը:
Փողկապները ինծի պապաս կը յիշեցնեն. ան կը սիրէր ըլլալ ներկայանալի եւ միշտ գեղեցիկ ու ճաշակաւոր էր իր հագուածքով: Ան ընտիր բաներ գնելու կողքին՝ զգալի ճոխութեամբ կը ներկայանար իր հագուստներով եւ բաւական դրամ կը ծախսէր իր հագուկապին եւ հակառակ պզտիկ ըլլալուս, կը նշմարէի այդ մէկը։ Պապայիս փողկապներէն սկսեալ հասնելով տաբատ-շապիկի, կօշիկ-բաճկոնի ու նոյնիսկ շապիկի թեզանիքներու կոճակներուն ու փողկապի ասեղներուն՝ նորաձեւագիտութեան ու անզգալաբար ոճայնացման մղումով մը կը բացայայտէի զանոնք:
Պապաս ձմեռները միշտ փողկապ կը կապէր պաշտօնական քոսթիւմին հետ, իսկ ամառները աւելի անպաշտօն էր, սակայն ունէր ամառնային փողկապներ ալ։ Հալէպի աւերումէն ետք, երբ ամէն այցելութեանս մեր տունը կը հանդիպէի, պապայիս պահարանը բանալով հին զմայլանքին հետ զարմանք մը եւս կ՚աւելնար եւ ես ինծի կ՚ըսէի․
-Այս պահարանը նորաձեւութեան աղբիւր է կամ անվերջ ու անժամանակ գեղեցիկ հագուստ ու կապուստներու բնորդային տեղ:
Տխուր բայց քաղցր յուզումով մը ամէն բանալուս իր պահարանը՝ թէ՛ կ՚ըմբոշխնէի անցեալի առաջին ընկալումներս նորաձեւութեան եւ հագուստի հանդէպ եւ թէ նոր մարտահրաւէրներով կը տարուէի ստեղծագործելու, ուրախութեան խթաններ գտնելու եւ մանաւանդ հագուստ կապուստի հանդէպ անվերջանալի թուացող յայտնաբերումներ կատարելու։ Վերջին այցելութեանս ա՛լ աւելի զննեցի պապայիս տասնեակներով փողկապները, սքանչացած էի իր ճաշակով: Պատանեկութեան հակասութիւններ, նոր սերունդի ինքնահաստատումներ, արդար համարուած չհաւանումը հինին, հայր-տղայ բախումները՝ բոլորը կ՚անցնէին աչքիս առջեւէն: Մեծ է նորը, ան կեանքն իսկ է եւ կ՚արշաւէին նորով բոլոր հագուած ճինզերս, որոնք ձեւով մը կը հակադրուէին պապայիս դասական ոճին, բայց, պէտք է ըսեմ, որ տեղ մը պապայիս փոխանցմամբ՝ նորաձեւութեան նեկտարը մտած էր ոճիս մէջ, հոգիիս ալ ձեւաւորումներ տալով։ Արդէն մեր զրոյցներու ընթացքին ալ կ՚ըսէինք, որ այս մէկը ժառանգական է, ես ալ կը սիրեմ հագուստներն ու անոնց էներժին եւ աուրան:
Պապաս ըլլալով Հալէպի սիրահար մը ու կայացած Հալէպի մէջ, սակայն, արեւմտեան էր իր ոճով ու հագուստի հանդէպ իր մօտեցումները արեւմտեան հիմք ունէին, իսկ ինծի համար այդ մէկը թէ՛ ներուժային էր եւ թէ կատարելագործող: Կ՚ուզէի արեւմտեանի լաւագոյնը, բայց, հագուկապի այդ միտքը ինծի արգելք չէր հանդիսանար, որ նորաձեւութեան աղբիւրը արեւմուտքն է եւ ինչ ալ ընենք, հագուինք ու համադրենք՝ մենք այդ արեւմուտքի արտացոլումն ենք եւ մեր ըրածը առաւելագոյնը յաջող ու ընդունելի տարբերակ մըն էր միայն: Ինչպէս «Արմանի»ն, «Վերսաճէ»ն եւ հարիւրաւոր նորաձեւութեան տուներ արեւմուտքէն ծնունդ առին, ընդհանուր արտադրութիւնը արեւմուտքէն կու գար, բայց եւ այնպէս, անոր կողքին թեթեւ համամխիթարանքներ կային անձնական ներդրումէն ու ներշնչանքէն բխած, ինչ որ անկեղծ ըլլալով տեւական չէին:
Երբ հասուն տարիքին կը նայիս հին աշխարհին, միշտ տեսակ մը մեղաւորութիւն կ՚արպրիս նորին համար եւ այսպէս էր պապաս յիշելու պարագան։ Ան արդէն ողջ չէր եւ անոր յայտնաբերումը առանց առասպելականացումներու կը տատանէր անթիւ սրբագրումներ գտնելու ու կենցաղը վերարժեւորելու միջեւ: Պատմութիւն գրելու պէս բան մըն է այդ մէկը, այո՛, հոն կար քննականը, բայց եւ այնպէս, հոն էր լաւն ու պայծառը տեսնելու մարմաջով զգացում մը, որ չգիտակցուած մնացած տեւականութիւնը կը համեմէր ամենակալ ու ամենաերջանիկ եղելագործութեամբ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շարունակելի…
Երեւան