ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ AKM-Ի ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԻ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Թաքսիմի «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնին մէջ մասնակցեցաւ գիրքի շնորհանդէսի մը, որու հիւրընկալներն էին Հանրապետութեան  նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժնի պետ փրոֆ. Ֆահրետտին Ալթուն եւ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ։ Հաւաքոյթի ընթացքին ծանօթացուեցաւ «21. Yüzyılda Türkiye’nin Kültür Seferberliği» անուն գիրքը եւ զուգահեռաբար բացուեցաւ «Kaçış Yok» խորագրեալ ցուցահանդէսը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հաւաքոյթի ընթացքին այս ծրագիրներու իրականացման կապակցութեամբ շնորհաւորեց Ֆահրետտին Ալթունն ու Մեհմէտ Նուրի Էրսոյը, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին իրեն։

Հաւաքոյթի ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 9, 2024