ԼԱՒԱՏԵՍ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկօ Կերափեթրիտիս, որոնք երէկ Աթէնքի մէջ հանդիպում մը ունեցան, պատրաստակամութիւն յայտնեցին գաղթականներու հարցին շուրջ համագործակցութիւնը շարունակելու ուղղութեամբ։ Բանակցութիւններու արդիւնքին անոնք ընդգծեցին, որ Թուրքիա-Յունաստան յարաբերութիւնները կ՚ընթանան դրական ուղղութեամբ եւ երկու երկիրները կը նախատեսեն համագործակցութեան թափ տալ՝ հաղորդակցութեան, առեւտուրի եւ զբօսաշրջութեան պարագային։
«Մեր վաղեմի հարեւանութիւնը կրնանք յաւերժ բարեկամութեան վերածել։ 2025 թուականի առաջին ամսուան մէջ մեր ղեկավարները պիտի իրականացնեն Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի 6-րդ ժողովը։ Մենք խօսեցանք, թէ ի՛նչեր պիտի արծարծուին այդ ժամանակ», ըսաւ Ֆիտան։
Աթէնքի մամլոյ ասուլիսին ժամանակ մատնանշուեցաւ, որ այս տարի ամենայն հաւանականութեամբ երկկողմանի առեւտուրին ծաւալը գերազանցէ 6 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակը։ Թուրքիա եւ Յունաստան կը ձգտին այդ շեմը հասցնել 10 միլիառ տոլարի։
Բանակցութիւններու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Եգէականի եւ Միջերկրականի խնդիրներուն։ Ֆիտանի խօսքով՝ գաղտնիք չէ, որ կողմերը ունին տարակարծութիւններ եւ այս պատճառով խնդիրները պէտք է ճի՛շդ ընկալուին։ Թուրքիա հետամուտ է Միջերկրականի արեւելքին արդար բաժանման սկզբունքին։ Կիպրական հիմնախնդրի պարագային ալ, Ֆիտանի խօսքով, այլեւս յայտնի դարձած է, որ կղզիի վրայ դաշնակցութեան մը մոտելը պէտք է հաստատուի։ «Անհրաժեշտ է համակարգ մը, որով թէ՛ թուրքերուն եւ թէ յոյներուն անվտանգութիւնը պիտի երաշխաւորուի», ըսաւ ան։
Ի լրումն այս բոլորին, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Յունաստանի թուրք փոքրամասնութեան իրաւունքներուն եւ պահանջներուն վերաբերեալ հարցեր։ «Յունաստանի մեր ժառանգութեան պահպանումը կը փափաքինք եւ Օսմանեան կոթողներու վերանորոգման համար պատրաստ ենք ամէն տեսակ աջակցութեան», ըսաւ Հաքան Ֆիտան։
Աթէնքի բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցերը՝ մանաւանդ ՖԵԹԷՕ-ի, ՓՔՔ-ի եւ ՏՀՔՓ-Ճ-ի կտրուածքով։ «Մեր հարեւաններէն այս նիւթին շուրջ աւելի ազդու համագործակցութիւն մը կ՚ակնկալենք», ընդգծեց Ֆիտան։