Արիւն եւ լուծում

Թուր­քիա կ՚ապ­րի ծանր շրջան մը։ Շա­բաթ­նե­րէ ի վեր ա­մէն օր ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւն կ՚ապ­րուի երկ­րին մէջ։ Զի­նուոր­ներ, ոս­տի­կան­ներ թի­րախ կը դառ­նան ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րու։ Հան­րա­յին կար­ծի­քը խոր մտա­հո­գու­թեամբ ու ցա­սու­մով կը հե­տե­ւի այս տմար­դի զար­գա­ցում­նե­րուն։

Ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յա­ջոր­դած հանգ­րուա­նին բռնկած այս դէպ­քե­րը, ո­րոնք լուրջ սպառ­նա­լիք մը կը հան­դի­սա­նան երկ­րին հա­մար, մին­չեւ ե՞րբ պի­տի շա­րու­նա­կուին։ Բո­լո­րի մտքին մէջ ա­ռաջ­նա­հերթ տեղ կը զբա­ղեց­նէ այս հար­ցու­մը։ Ե՞րբ կանգ պի­տի առ­նեն այս դէպ­քե­րը։

Բնա­կա­նա­բար, փա­փա­քը որ­քան որ ալ մեծ ըլ­լայ, ինք­նին ան­բա­ւա­րար է։ Եր­կի­րը կ՚անց­նի ճա­կա­տագ­րա­յին շրջա­նէ մը եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը վի­ճա­կի իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­ցիին։ Ինչ­պէ՞ս պի­տի ար­դա­րա­նայ այդ սպա­սու­մը, որ­պէս­զի ա­րիւ­նա­հո­սու­թիւ­նը կանգ առ­նէ։ Թուր­քիա մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին ալ գտնուած է նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ, թէ­կուզ շատ ա­ւե­լի ծանր։ Երկ­րին կեան­քը բնա­կա­նոն ըն­թաց­քին եւ զար­գաց­ման հու­նին վե­րա­դարձ­նե­լու հա­մար պէտք է ցու­ցա­բե­րել յա­մառ զօ­րակ­ցու­թիւն։ Մե­ծա­գոյն դի­մադ­րու­թիւնն է ներ­քին միաս­նա­կա­նու­թեան եւ եղ­բայ­րու­թեան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու պահ­պա­նո­ւի­լը։ Հա­մա­խումբ պէտք է ըլ­լալ պե­տու­թեան շուրջ ու պէտք է պա­ղա­րիւ­նու­թեամբ սպա­սել՝ ա­ռանց ա­նոնց նկատ­մամբ վստա­հու­թեան կաս­կած­ներ յա­րու­ցե­լու։

Ժո­ղո­վուր­դին, հայ­րե­նա­կից­նե­րուն կամ­քը, զօ­րակ­ցու­թիւ­նը որ­քան որ ա­մուր ըլ­լայ, վստա­հա­բար, պե­տու­թիւնն ալ այդ­քան ազ­դու ձե­ւով պի­տի կա­րե­նայ կա­սեց­նել առ­կայ տխուր ե­րե­ւոյթ­նե­րը՝ որ­պէս­զի Թուր­քիա կա­րե­նայ տե­ւա­կա­նաց­նել իր ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան եր­թը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2015