ԱԿՆԱՐԿ - 91 - ԱՂՕԹՔԻ ՄԷՋ ԳԱՂՋՈՒԹԻՒՆ. ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՆ ՈՒ ԴԱՐՄԱՆԸ

Հարցում. Շատ յաճախ աղօթքիս մէջ գաղջութիւն կը զգամ: Ինչո՞ւ: Ինչպէ՞ս կրնամ ձերբազատիլ այս գաղջութենէն եւ կարենամ ջերմ ու խոր աղօթք ունենալ:

Պատասխան. 1. Պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ, որ աղօթքդ սահմանափակած ես զօրաւոր շղթաներով, ժամանակի, վայրի, ձեւի եւ բառերու առումներով: Իսկ դուն փորձէ, որ աղօթքդ ազատ ըլլայ:

2. Աղօթքդ անյարմար ժամի թող չըլլայ: Ոմանք առաւօտեան կ՚աղօթեն, նախքան իրենց գործերուն երթալը՝ եւ աճապարանքի մէջ կ՚ըլլան, որով կը փորձեն իրենց աղօթքը արագ կերպով աւարտել, ինչ բանի պատճառով իրենց մտածումը կը տարածուի աղօթքի ընթացքին՝ եւ կը սկսին իրենց գործերուն ու ժամադրութիւններուն մասին մտածել: Ոմանք ալ գիշերը ուշ ժամի կ՚աղօթեն՝ երբ յոգնած կ՚ըլլան, իրենց աչքերը ծանրացած, որով կ՚աղօթեն՝ սակայն կը մտածեն, թէ ե՛րբ պիտի վերջանայ աղօթելը ու քնանան:

Իսկ դուն կրնաս քեզի յարմար եղող որեւէ մէկ ժամանակ աղօթես, որով զբաղ չըլլաս աճապարանքով կամ քունով:

Կրնայ ըլլալ նաեւ, որ ժամանակը յարմար չըլլայ՝ հոգեւոր պատրաստութեան առումով, որով մարդը կ՚աղօթէ անմիջապէս նիւթական խորունկ եւ երկար աշխատանքէ մը ետք, մինչ տակաւին զբաղ է իր աշխարհային խնդիրներով: Լաւ կ՚ըլլայ, որ պատրաստութեան որոշ ժամանակ մը ըլլայ, որով ինչքան կարելի է ինքզինքդ դատարկես այլ մտահոգութիւններէ եւ Աստուծոյ հետ կապուիս:

3. Լաւ կ՚ըլլայ որ սովորական աղօթքիդ նախապատրաստուիս աւետարանական խորհրդածութեամբ մը, կամ սխալներդ ինքնադատելով, կամ խորհրդածել այնպիսի հանգամանքներու մասին՝ որոնց մէջ Աստուած օգնած է քեզի, կամ մտածել կարօտեալներու մասին, կամ մտածել խնդրանքներուդ եւ քեզ հետաքրքրող հարցերուն մասին, որ Աստուծոյ պիտի ներկայացնես. նախապատրաստական այս միջոցէ ետք եթէ սկսար աղօթել, ապա ջերմեռանդութեամբ պիտի աղօթես:

4. Երբեմն ոեւէ մէկը կ՚աղօթէ, առանց գիտնալու որեւէ մէկ յստակ պատճառ ունենալու աղօթելու համար. ան սովորութեան ուժով կ՚աղօթէ, որով իր աղօթքը գաղջ կ՚ըլլայ: Իսկ դուն, պէտք է աղօթես այնպէս, որ հաստատ կերպով գիտակցիս, թէ կարիքը ունիս այդ աղօթքին, կամ որոշ շտապ խնդրանքներու համար, որոնք պատահեցան հետդ, որով օգնութեան կարիք ունեցար, կամ խնդրանքներ՝ որոնք նախորդող նախապատրաստութիւններուն միջոցով գիտցար, եւ կամ ալ որովհետեւ կարօտցած ես Աստուծոյ, եւ գգուանք կը զգաս Անոր հետ խօսելու, առանց այս կարօտին պատճառ մը ըլլալու, այլ՝ կ՚ուզես պարզապէս Աստուծոյ ներկայութեան մէջ ըլլալու:

Այսպիսի զգացում մը, մարդս մնայուն կերպով աղօթական վիճակի մէջ կը ձգէ, ի՛նչ ժամի ալ ըլլայ, կամ ո՛ւր որ ալ գտնուի. նմանատիպ աղօթքը նախապատրաստութեան կարիք չունի:

5. Աղօթքդ պէտք է գիտակցուած ըլլայ, որով պէտք չէ ունենաս արտայայտութիւններ, որոնց իմաստը չես գիտեր, կամ անոնց իմաստը քեզ չի՛ հետաքրքրեր, այլ՝ իւրաքանչիւր արտայայտութիւն պէտք է խորերէդ դուրս գայ, զգացումներդ արտայայտէ. այդ պատճառով լաւ կ՚ըլլայ, որ շատ խորհրդածես իմաստներուն մասին աղօթքներու, որոնք պատարագամատոյցէն կը սորվիս, ինչպէս հոգեւոր փնտռտուքներուդ ընթացքին կ՚ընես, նկատի ունենալով, որ սաղմոսներդ իրենց մե՜ծ ազդեցութիւնը ունին, նոյնիսկ զանոնք եթէ միայն արտասանես:

6. Պէտք է յարմար տեղը ընտրես. մարդ կայ, որ այնպիսի տեղ մը կ՚աղօթէ վախնալով, որ ուրիշ մը այնտեղ մտնէ, որով իր զգայարանքները լարուած կ՚ըլլան եւ իւրաքանչիւր արտաքին շարժում կը քննեն, իւրաքանչիւր ձայն կը լսեն ու կը պատրաստուին աղօթելը ձգելու՝ վախնալով, որ ուրիշները տեսնեն զինք: Իսկ դուն, ե՛րբ ալ աղօթես՝ գոցէ՛ դուռդ կամ յարմար տեղ մը ընտրէ, որով ընկղմիս աղօթքի մէջ, առանց ուշադրութիւն դարձնելու չորս կողմի ձայներուն եւ կատարուածներուն:

7. Աղօթքդ պրկուած թող չըլլայ, այլ՝ Աստուծոյ հետ շա՜տ անկեղծ եղիր. պատկերացուր, որ Ան առջեւդ է, ամէն ինչի մասին խօսէ՛ Անոր հետ, ինքզինքդ դիր Անոր առջեւ, ըսէ Անոր բոլոր խնդրանքներդ ու դժուարութիւններդ, մի՛ ամչնար, ո՛չ մէկ բան ծածուկ պահէ մէջդ, զԻնք որպէս գուրգուրացող Հայր ընկալէ, ով կը գուրգուրայ քեզի՝ նոյնիսկ երբ մեղքին խորքը թաղուած ըլլաս:

Դուն քեզ վարժեցուր զԱստուած սիրել. երբ սիրես զԻնք՝ աղօթքդ ինքնաբերաբար ջերմ պիտի ըլլայ:

8. Ընդհանուրին հետ մարդ կրնայ գաղջ ըլլալ իր աղօթքին մէջ, որով կը սկսի մտածել ընդհանուր կարծիքի մասին՝ իր աղօթքի խորութեան վերաբերեալ, փոխանակ Աստուծոյ մասին մտածելու: Իսկ դուն, եթէ ընդհանուրին հետ աղօթես, ապա պէտք է չորս կողմիններդ մոռնաս ու քու մտածումովդ դէպի Աստուած ուղղուիս, միայն դէպի Աստուած:

9. Գաղջութեանդ պատճառը կրնայ անձնական խնդիրներով զբաղած ըլլալդ ըլլայ, որոնց հետ սիրտդ աղօթքի չես տուած: Լեզուդ կ՚աղօթէ, սակայն սիրտդ ուրիշ բանով զբաղ է, այդ պատճառով աղօթքդ գաղջ կ՚ըլլայ: Հետեւաբար, կամ այդ զբաղումները պիտի մոռնաս, կամ ալ զանոնք աղօթքիդ մէջ Աստուծոյ առջեւ պիտի բերես:

10. Կրնայ ըլլալ աղօթքի գաղջութիւնը արդիւնք ըլլայ աղօթողին ընդհանուր իր կեանքին մէջ ունեցած գաղջութենէն, իսկ աղօթքը կրնայ հետ մը ըլլալ միայն իր անցեալին ջերմեռանդ աղօթական կեանքէն, այդ պատճառով ան չուզելով կ՚աղօթէ, առանց կարօտի, առանց Աստուծոյ հետ միութեան, առանց հասկնալու, թէ ինչ կ՚ըսէ. այսպիսին, պէտք է իր կեանքը ուղղէ եւ այդ կեանքին համար իսկ պէտք է աղօթէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2024