ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Հայկական պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախարարները անդրադարձան երկկողմանի օրակարգին, նաեւ խօսեցան փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերուն շուրջ։ Միրզոյեան եւ Արաղչի կանգ առին՝ յառաջիկային նախատեսուած միջոցառումներուն վրայ՝ առանց մանրամասնութեան։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, ի տարբերութիւն Երեւանի՝ Թեհրանի պաշտօնական աղբիւրները այս հեռախօսազրոյցին շուրջ անմիջապէս հաղորդագրութիւն մը չհրապարակեցին։
Հայաստանի եւ Իրանի քաղաքականութեան մէջ լուրջ զուգահեռականներ կան՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցին շուրջ, որուն յամառօրէն հետամուտ են Ատրպէյճանն ու Ռուսաստանը։ «The New York Times» վերջերս հրապարակած էր, որ Մոսկուայի եւ Թեհրանի շահերը չեն համընկնիր Հարաւային Կովկասի պարագային։