ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի Կրթական յանձնախումբի ներկայացուցիչները։ Գումգաբուի մէջ անոնք հիւրընկալուեցան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Կրթական մշակները Նորին Ամենապատուութեան ներկայանալ փափաքած էին՝ առաւել չափով տեղեկատուական բնոյթի զրոյց մը ունենալու նպատակով։
Հանդիպման ընթացքին Լեռնա Գարագիւթիւք եւ Մարի Նալճը Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին կրթական յանձնախումբին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Հայերէնի ուսուցիչներու եւ մանկապարտէզի պատասխանատուներու վերապատրաստման կամ ուղղակի պատրաստման նիւթերուն վրայ կը կեդրոնանայ անոնց աշխատանքը այս շրջանին։ Միեւնոյն ժամանակ, Լեռնա Գարագիւթիւք եւ Մարի Նալճը նոր դասագիրքերու պատրաստութեան ուղղութեամբ կ՚աշխատին եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեցին համապատասխան նմոյշներ։
Կրթական մշակներու բացատրութիւնները լսելէ վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց այս տեսակցութեան կապակցութեամբ։ Ան ընդգծեց, որ կրթական ոլորտէ ներս ծաւալուած ամէն աշխատանք գնահատանքի արժանի կը նկատուի՝ մանաւանդ, որ այս պարագային խօսքը կը վերաբերի պոլսահայ վարժարաններու ցանցի մասնագիտական մարդուժի կատարելագործման ու վերապատրաստման։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները յղեց կրթական մշակներուն՝ մաղթելով արգասաբեր աշխատանք։